Աճուկային Ճողուածք

Աճուկային աղեթափութիւնը (inguinal hernia) հիւանդագին կացութիւն մըն է, ուրուն պարագային ներորովայնային (intraabdominal) ճարպի մաս մը կամ բարակ աղիքի բաժին մը դէպի դուրս կը ցցուի փորի ամէնէն վարի բաժինէն՝ աճուկէն (inguen), անցնելով աճուկի տկար մկաններու մէջէն: Աճուկային աղեթափութիւնը կը յայտնուի միակողմանի կամ երկկողմանի: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի՝ մանկութեան շրջանէն մինչեւ չափահասութիւն եւ տարեցութիւն: Անիկա աւելի շատ տղամարդոց մօտ կը պատահի քան՝ կիներու: Անիկա կը զարգանայ եւ կը ծաւալի կամաց կամաց:

Տեսակներ

Խմբագրել

Կայ երկու տեսակի աճուկային աղեթափութիւն.

Անուղղակի աղեթափութիւն (indirect hernia)

Խմբագրել

Անիկա ընդոծին (congenital) է եւ կը պատահի ընդհանրապէս տղոց մօտ: Բայց ինչո՞ւ առաւել տղոց մօտ: Հետեւեալ բացատրութիւնը կը լուսաբանէ վերոյիշէալ հաստատումը.

Տղոց մօտ սաղմնային կեանքի վերջաւորութեան՝ իններորդ ամսուն, երկու սերմնածորանները (vas deferens) եւ ամորձիքները (testes) կը տեղափոխուին որովայնէն եւ կը հաստատուին փոշտին (scrotum) մէջ անցնելով աճուկային անցքէն: Ընդհանրապէս այս անցքը ծնունդէն առաջ կը խցուի: Անիկա երբեմն ամբողջովին չի խցուիր եւ փորի աճուկային պատը կը մնայ տկար: Այս պատճառով, որովայնի ճարպի կտոր մը կամ բարակ աղիքի բաժին մը կը սահի դէպի վար՝ աճուկային բաց մնացած անցքէն յառաջացնելով աճուկային աղեթափութիւն:

Թերաճ մանուկներ առաւել հակամէտութիւն ունին զարգացնելու այս կացութիւնը:

Ուղղակի աղեթափութիւն (direct hernia)

Խմբագրել

Ուղղակի աղեթափութիւնը կը յառաջանայ, երբ փորի աճուկային բաժինի մկանները կը թուլնան եւ կը տկարանան: Անիկա կը պատահի միայն տղամարդոց մօտ: Ուղղակի աղեթափութիւնը կը զարգանայ շատ դանդաղ աճուկային մկաններուն վրայ կատարուած շարունակական ներորովայնային ճնշումով, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներով.

  • Անակնկալ եւ ուժգին փորի դարձուածքային շարժում եւ փորի մկաններու պրկում.
  • Ծանր առարկաներ գետինէն վերցնել եւ շալկել.
  • Երկարատեւ եւ մնայուն փորի պնդութիւն.
  • Երկար եւ զօրաւոր որովայնային ճնշում փորի մկաններուն վրայ կղկղանցումի (defication) ընթացքին.
  • Ճարպակալում-գիրութիւն.
  • Երկարատեւ եւ ուժգին հազ:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Աղեթափութեան ախտանշանները հետեւեալներն են.

  • Պզտիկ ուռեցք մը աճուկին վրայ, որ կրնայ մեծնալ եւ ծաւալիլ: Ուռեցքը ընդհարապէս կ'անյայտանայ պառկած վիճակի մէջ.
  • Տղոց փոշտի ծաւալում.
  • Անորոշ անհանգստութիւն մը եւ կամ ցաւ մը աճուկին շուրջ, մասնաւորապէս՝ ծանր առարկայ մը գետինէն վերցնելու, մարզանքի եւ կղկղանցումի ընթացքին.
  • Աճուկի տաքութեան, այրուածքի եւ կամ ճնշուածութեան զգացում:

Յաւելեալ

Խմբագրել

Աճուկային աղեթափութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի բժշկական քննութեան ընթացքին:

Աղեթափութիւնը ընդհանրապէս տեսանելի կ՛ըլլայ քննող բժիշկին: Անյայտ աղեթափութիւնը կը նշմարուի, երբ անհատը ուժգին հազայ կամ ներորովայնային ճնշում բանեցնէ:

Երկու տեսակ աճուկային փոքր աղեթափութիւններ կրնան անյայտանալ ինքնաբերաբար եւ կամ մարձումով:

Աճուկային աղեթափութիւնը կը դարմանուի վիրաբուժական գործողութեամբ: Գոյութիւն ունին տարբեր վիրաբուժական միջոցառումներ: Յաճախ արուեստական պատեան (mesh) մը կը տեղադրուի որովայնին մէջ զօրացնելու համար աճուկի մկանային պատը:

Չափահասներու մօտ վիրաբուժական գործողութիւն պարտադիր կը դառնայ, երբ ուռեցքը կը ծաւալի եւ ախտանշանները կը սկսին: Իսկ մանուկներու մօտ աղեթափութիւնը պէտք է շուտով դարմանուի, որպէսզի աղիքի արգելաբակում (incarceration) չպատահի եւ վտանգաւոր կացութեան չմատնուի մանուկը:

Վիրաբուժական գործողութենէն ետք ենթական որոշ շրջան մը պէտք չէ ծանր առարկաներ շալկէ, հազայ, ծխէ, փորի պնդութիւն ունենայ, որպէսզի աղեթափութիւնը չվերանորոգուի:

Բարդութիւններ

Խմբագրել

Աղեթափութեան վիրաբուժական գործողութիւնը այլ գործողութիւններու նման ունի իր բարդութիւնները, օրինակ՝ վէրքի եւ թոքերու բորբոքում, արիւնահոսում եւ մօտակայ օրկաններու վնաս: Սակայն այս բարդութիւնները հազուագիւտ են:

Աճուկային աղեթափութիւնը կրնայ յառաջացնել հետեւեալ անակնկալ բարդութիւնները.

  • Բարակ աղիքներու արգելաբակում աճուկային անցքին մէջ.
  • Արգելաբակուած աղիքի ոլորում եւ հանգուցաւորում եւ խեղդում (strangulation).
  • Հանգուցաւորուած աղիքի արեան շրջագայութեան դանդաղում կամ դադրեցում.
  • Աղիքի բճացում եւ աղիքի փտախտ.

Վերոյիշեալ բարդութիւններուն ախտանշաններըն են.

  • Տեղայնական չափազանց ուժգին ցաւ.
  • Տեղայնական կարմրութիւն եւ ջերմութիւն,
  • Տեղայնական ցաւի անակնկալ զարգացում.
  • Մարմինի ջերմութեան բարձրացում եւ սրտի արագ զարկ.
  • Նողկանք, փսխունք եւ մարմնական ընդհանուր ջրանուազում (dehydration):

Այս ախտանշաններու զարգացումով վիրաբուժական շտապ միջոցառումը պարտադիր կը դառնայ:

Տե'ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 22 Մարտ 2013: