Պնդութիւն, տեղի կ'ունենայ երկու ձեւերով՝ սուր (acute) պնդութիւն, որ կը պատահի անակնկալօրէն եւ կը տեւէ քանի մը օր եւ մնայուն (chronic) պնդութիւն, որ երկարատեւ է եւ տեղի կ'ունենայ ընդհատումներով:

Սուր (acute) պնդութիւն

Խմբագրել

Սուր պնդութիւնը կը յառաջանայ աղիքային անակնկալ մասնակի կամ ամբողջական խցումով, որուն պատճառներն են՝

  • Հաստ աղիքի մկաններու անակնկալ եւ սուր կծկում ու պրկում.
  • Սուր աղեթափութիւն (hernia).
  • Գլխու, ուղեղի եւ ողնահարի հարուած-վնաս.
  • Որովայնամաշկի բորբոքում (peritonitis).
  • Ընդհանուր զգայազրկում (general anasthesia).
  • Ճամբորդութիւն.
  • Սուր ջրանուազում (dehydration).

Մնայուն (chronic) պնդութիւն

Խմբագրել

Երկարատեւ-մնայուն պնդութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝

Հաստ աղիքներու հանգրուանին

Խմբագրել

Հաստ աղիքի մկաններու կծկումներու եւ շարժումներու երկարատեւ դանդաղում եւ տկարացում: Ան կը տեսնուի որեւէ տարիքի, առաւելաբար՝

  • Տարեցներու մօտ.
  • Անկողինի դատապարտուած հիւանդներու մօտ.
  • Նստակեացներու եւ անշարժներու մօտ.

Որոշ դեղերու գործածութիւն, ինչպէս՝

  • Ցաւազրկումի (analgesic), զգայազրկումի (anasthetic) դեղեր՝ morphine codeine.
  • Հակա-թթուութեան դեղեր (antacids), որոնք կը պարունակեն aluminium եւ կիր.
  • Հակաընկճուածութեան (antidepressant) եւ հակացնցումի (anticonvulsive) դեղեր
  • Մեծ քանակութեամբ բուժական (medical) երկաթի գործածութիւն.
  • Լուծողականներու երկարատեւ գործածութիւն.

Զանազան

Խմբագրել

Մարմնական զանազան հիւանդութիւններ,

  • Ենթաւահանագեղձութիւն (hypothyroidism).
  • Գերկիրութիւն (hypercalcemia).
  • Երիկամներու աշխատանքի երկարատեւ տկարութիւն (uremia).
  • Ուղեղա-ողնահարային խանգարումներ.
  • Շաքարախտ.
  • Երկարատեւ աղեթափութիւն.
  • Աղիքներու ծուլութիւն եւ ջղագրգիռ հաստ աղիք (spastic colon).
  • Աղիքներու ծոցակաբորբ (diverticulosis).
  • Հաստ աղիքի խլիրդ.

Յետվիրաբուժական աղիքներ

Խմբագրել

Յետվիրաբուժական աղիքներու սպիացում (scaring), փակչում (adhesions) եւ նեղացում (strictures).

Յօռի սննդառութիւն (malnutrition)

Խմբագրել
  • Քիչ բնաթել (fiber) պարունակող սննդեղէններու սպառում.
  • Մեծ քանակութեամբ ճարպ պարունակող սննդանիւթերու սպառում.

Երկարատեւ-մնայուն ջրազրկում

Խմբագրել
  • Ջուրի եւ այլ տեսակ հեղուկներու բնականէն նուազ սպառում.
  • Ալքոլի, սուրճի եւ Cola զովացուցիներու առատ սպառում.

Զանազան

Խմբագրել
  • Հոգեբանական հիւանդութիւններ.
  • Կղկղումի անբնական սովորութիւն.

Պնդութեան ամէնէն յաճախակի պատճառներն են՝ յոռի սննդառութիւն, նստակեաց կեանք-անշարժութիւն, ջուրի անբաւարար սպառում եւ կարգ մը դեղերու երկարատեւ գործածութիւն:

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Պնդութենէ տառապող հիւանդը պէտք է ենթարկուի բժշկական մանրակրկիտ քննութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ անոր հիմնական ախտապատճառը: Այս քննութիւններէն կարելի է յիշել՝

  • Մարմնական բժշկական ընդհանուր քննութիւն.
  • Ուղիղ աղիքի մատնաքննութիւն (rectal digital examination).
  • Որովայնի (abdomen) եւ աղիքներու Ք ճառաքայթային նկարահանում, համակարգչային նկարահանում (CT-Scan) եւ մագնիսարձականգային նկարահանում (MRI).
  • Հաստ աղիքի դիտակում (colo-noscopy).
  • Արեան եւ կղկղանքի տարրալուծարանային քննութիւններ.

Սուր պնդութիւնը կը կարօտի անմիջական արժեւորումի, մանաւանդ՝ երբ անոր կ'ուղեկցին նաեւ նախաղիի զօրաւոր արիւնահոսում, որովայնային սուր ցաւ եւ պրկումներ, նողկանք ու փսխունք:

Մնայուն-երկարատեւ պնդութեան պարագային յարկ է որ կատարուի բժշկական ամբողջական եւ մանրամասն քննութիւններ:

Դարմանում

Խմբագրել

Պնդութեան դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Առողջ սննդականոն՝ ուտել առատ բնաթել պարունակող սննդանիւթեր, այսինքն՝ պտուղներ եւ կանաչեղէններ.
  • Ամէնօրիայ օրինաւոր մարզանք.
  • Առատ ջուրի սպառում.
  • Դեղամիջոցներ՝
  1. Կղկղանքը կակուղցնող-լուծողական դեղեր.
  2. Նախաղիի ներդրումներ եւ գրեխ.
  3. Հաստ աղիքի մկաններու կծկում յառաջացնող դեղեր.
  • Կուտակուած-թխմուած կղ-կղանքի մատներով արտահանում (finger disimpaction).
  • Հիմնական հիւանդութեան դարմանում՝ դեղերով եւ կամ վիրաբուժական գործողութիններով:

Այլ Ախտանշաններ

Խմբագրել

Պնդութիւն ունեցող անձը միաժամանակ կրնայ ունենալ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  • Մերթ ընդ մերթ փորհարութիւն.
  • Փորի ուռուածութիւն,
  • Անմարսողութիւն,
  • Ախորժակի կորուստ.
  • Նախաղիի արիւնահոսութիւն:

Բարդութիւններ

Խմբագրել

Սուր եւ երկարատեւ պնդութեան հետեւանքով կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  • Սրբանի վիրաւորում-պատրուածք եւ Ճեղք (fissure), որոնք կը պատճառեն զօրաւոր ցաւ.
  • Ուղիղ աղիքի արտանկում (prolapse).
  • Հաստ աղիքի ծոցակ (diverticulosis), որ կը պատահի ընդհանրապէս երկարատեւ պնդութեան պարագային.
  • Աղիքներու ամբողջական եւ կամ մասնակի խցում.
  • Թութք (hemorrhoids).
  • Աղեթափութիւն.
  • Հաստ աղիքի բորբոքում, գրգռութիւն եւ պրկուածութիւն.

Կանխարգիլել պնդութիւնը

Խմբագրել

Անշուշտ որ կարելի է որոշ չափով եւ այդ հետեւեալ կանխացգուշութիւններով՝

  • Հակապնդութեան դեղեր շատ չգործածել.
  • Մարմնամարզանքի հետեւիլ ամէն օր.
  • Առատ ջուր խմել.
  • Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի՝ ուտել առատ բնաթել պարունակող կանանչեղէններ եւ պտուղներ, ինչպէս՝ թուզ եւ սալոր.
  • Ունենալ կղկղանցումի օրինաւոր ժամանակացոյց.

Պարագաներ

Խմբագրել

Պնդութենէ տառապող հիւանդը բժիշկին պէտք է դիմէ անյապաղ հետեւեալ պարագաներուն՝

  • Պնդութիւնը անակնկալօրէն կը պատահի որոշ դեղի մը գործածութենէն ետք.
  • Պնդութեան կ'ուղեկցին հետեւեալները՝
  1. Նախաղիի ուժգին արիւնհոսում.
  2. Բարձր ջերմ.
  3. Սուր փորի ցաւ, փսխունք եւ նողկանք.
  4. Թարախոտ կղկղանք.
  • Որեւէ մէկ փոփոխութիւն կղկղանքի կազմաւորման, ծաւալի, գոյնի եւ կղկղանցումի յաճախկանութեան.

Տե'ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել