Այիոս Նեքթարիոս եկեղեցի (Էղինա)
Այիոս Նեքթարիոս եկեղեցի կամ Այիոս Նեքթարիոս վանք (յուն․՝ Ναός Αγίου Νεκταρίου στην Αίγινα), Էղինային գլխաւոր տեսարժան վայրերէն։ Տարուան ընթացքին հազարաւորներ կ' այցելեն, որպէսզի պաշտեն Սուրբ Նեքթարիոսին դամբանը, ինչպէս նաեւ բուժուին։ Անոր մասունքը հրաշագործ կը սեպուի․ Փենտափոլէոսի եպիսկոպոս Նեքթարիոս իր կեանքին ընթացքին եւ մահէն ետք կատարած հրաշագործութիւններուն համար Յունական ուղղափառ եկեղեցին զայն «Սուրբ» յայտարարած է։ Պալքանեան թերակղզիին ամենամեծ եկեղեցիներէն կը սեպուի։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
ԽմբագրելԱյիոս Նեքթարիոս եկեղեցին կը գտնուի Այիա Թրիատա վանքին մօտ (կիներու ճգնարան), Քոնտոս գիւղին մէջ, Փալէոհորայի բլուրին դիմաց (կը կոչուի նաեւ «կղզիանման Միսթրաս»)։ Նոյն վայրը վանքէն զատ, կայ նաեւ Էղինայի Այիա Էքաթերինի վանքը եւ Ս․ Խաչի մատուռը։
Վանքին բակին մէջ կայ Այիոս Նեքթարիոսի հորը, որուն ցայտուն ջուրը սուրբ եւ բուժիչ կը նկատուի։ Վանքը այցելուներուն համար իջեւաններ ունի։ Ինչպէս բոլոր ուղղափառ վանքերը, մուտքը կ՛ արտօնուի երկայն զգեստով։
Եկեղեցին վարչականօրէն կը պատկանի Իտրա, Սփեցես, Էղինա, Էրմիոնիտա եւ Թրիզինիա Առաջնորդարանին։
Սուրբ Նեքթարիոս
ԽմբագրելՆոյն վայրը, Բիւզանդիոնի ժամանակ կար ուրիշ վանք մը, որը լքուած ու ամայացած էր։ Սուրբ Նեքթարիոս կ՛ որոշէ վանքը վերականգնել։ 1904-ին կը հիմնէ Այիա Թրիատա վանքը եւ 1908-ին մատուռ մը կը հիմնադրէ։ Մահէն ետք, Սուրբ Նեքթարիոս այդ եկեցեղիէն դուրս կը թաղուի, իր տնկած մէկ շոճիին շուքին տակ։ Բիւզանդական վանքին տեղ, անոր յիշատակին կը կառուցուի Այիոս Նեքթարիոս եկեղեցին (1973 - 1994), ուր կը պահուի անոր ձեռքին մասունքը։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Այիոս Նեքթարիոս վանական համալիրը․ Այիա Թրիատա վանք
-
Եկեղեցւոյ մէ․ «Իքոնոսթասի»