Սփեցես (յուն․՝ Σπέτσες), Արղոսարոնիքոսի կղզի, Արղոլիքոս ծոցի աջ մուտքին։ Կղզին որոշիչ դեր ունեցած է Յունաստանի Ապստամբութեան (1821) ընթացքին։ Սփեցես կղզեխումբը կը բաղակայ Սփեցես գլխաւոր կղզիէն եւ հինգ կղզիակներէ՝ Սփեցոփուլա, Այիոս Իոանիս ու անոր դրացի կղզիակները եւ Փոքրիկ Պուրպուլօ կամ Փեթրոքարաւօ։

Կղզի
Սփեցես
Σπέτσες
Սփեցես
Երկիր Էգէական ծով, Յունաստան
Տարածութիւն 27,12 քմ²
ԲԾՄ 252 մեթր
Բնակչութիւն 4 027 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Արղոլիքոս ծոց, Արղոսարոնիքոս
Հեռախօսային ցուցանիշ 22980
Փոստային ցուցանիշ 180
Պաշտօնական կայքէջ spetses.gov.gr

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Կղզին առանցին քաղաքապետութիւն է․ կ'ընդգրկէ Սփեցոփուլա, Այիոս Իոանիս ու անոր դրացի երկու կղզիակները եւ Փոքրիկ Պուրպուլօ կամ Փեթրոքարավօ կղզիները։ Սփեցես մինչեւ 1948-ին Արղոլիտոս եւ Քորինթիա Շրջանային Միաւորին մաս կը կազմէր։ Սփեցես կղզիին տարածութիւնն է 22,2 քլ²․, իսկ քաղաքապետութեան տարածութիւնը 27,121քլ² է։ Բնակչութեան թիւը 4 027 է։ Մայրաքաղաքն է Հորա ինչ միկամ Սփեցես։

Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ'ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։

 
Սփեցես, դիրքը

1967-էն ասդին Սփեցեսի աւանդական պատկերը՝ բնակարաններ եւ ուրիշ կառոյցներ, պահպանելու համար կղզիին վրայ ինքնաշարժներու շրջագայութիւնը սահմանափակուած է․ որոշուած ճամբաներուն միայն եւ յատուկ արտօնագրով թաքսի եւ հանրակառք կրնան շրջիլ։ Տեղացիները կը շրջին փոքր ծաւալի շարժանիւներով, իսկ զբօսաշրջիկները՝ ձիակառքերով։ Այս սահմանափակումներուն պատճառով, ծովու ճամբով տեղափոխութիւնները տարածուած են։

Փիրէայի նաւահանգիստէն հեռաւորութիւնը 50 ծովային մղոն է, իսկ դիմացի Էրմիոնիտայէն՝ 1,5 ծ․մ․։ Հաւկթաձեւ կղզի է, 11 մղոն ծովեզրով։ Զայն կը ճեղքեն լեռներու շարք մը, որոնց ամենաբարձր գագաթն է Փրոֆիթիս Իլիաս (245 մ․)։ Կղզիին հրուանդաններն են՝ Սուրպութի (հիւսիս-արեւելք), Քաւօ-Ֆանարի (արեւելք), Մաւրոքաւոս (հարաւ-արեւելք), Զասթանօ (հարաւ) եւ Պուրպութի (հիւսիս-արեւմուտք)։

Սփեցիսի մակերեսը ծառախիտ է՝ շոճիի ծառեր, իսկ մեծ մաս մըն ալ կը մշակուի։ Կղզին կ՛ արտադրէ ձիթապտուղ, ձէթ, արմտեղէն, խաղող, թուզ եւ քիչ քանակութեամբ անասնապահական արտադրութիւններ։ Կլիման զով է։ Զբօսաշրջիկութիւնը, ձկնորսութիւնը եւ նաւագնացութիւնը բնակչութեան գլխաւոր զբաղումներն են։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել
 
Սփեցեսի ապստամբութեան դրօշը՝ 1821

Հնադարին, կղզին կ՛ անուանուէր Փիթիոնիսոս եւ կամ Փիթիուսա։ Այսօրուան անունը առած է Միջնադարին․ Քաթալաններ, Ճենովացիներ, Վենետիկցիներ եւ Ֆրանքներ տուած են Սփեցես անուանումը՝ Isola di Spezia (բուրմունքներու կղզի), որովհետեւ կղզին առատ էր տարբեր տեսակի հազարաւոր ծաղիկներով։ Կղզին ունեցած է զօրաւոր նաւատորմիղ։

1821-ի Յունաստանի Ապստամբութեան ընթացքին, Սփեցեսի բնակիչները առաջիններէն եղած են որ ապստամբութեան դրօշ պարզած են։ Անոր նաւատորմիղը՝ առեւտրական նաւեր, մասնակցած է բազմաթիւ նաւամարտերու՝ մանաւանդ ամրոցներու պաշարումին․ Նաֆփլիօ, Մոնեմվասիա․․․։ Ժամանակակից տարիներուն, ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ շաբթուան ընթացքին կը կազմակերպուի «Արմաթա փառատօն»ը։

 
Սփեցես, Արմաթայի նաւամարտը, գործ Իոանիս Քուցիս(1887)

Արմաթայի նաւամարտը

Խմբագրել

1822-ին, դրացի կղզիներ՝ Իտրա եւ Սփեցես, ու հիւսիս-արեւելեան Էգէականի Փսարա կղզին, կը միացնեն իրենց նաւատորմիղները եւ կը շրջափակեն Սփեցոփուլա կղզիին բացերը գտուող օսմանեան նաւատորմիղը։ Քոզմաս Պարպասիս հրկիզողը կը յաջողի ճեղքել թրքական նաւատորմիղը։ Հետեւանքները կործանիչ կ՛ ըլլան օսմանցիներուն համար եւ կը պարտուին կորսնցնելով իրենց նաւերուն մեծ մասը։ Այս պատմական եղելութեան ի պատիւ՝ Արմաթայի նաւամարտ, կամ Նաֆփլիոյի նաւամարտ եւ կամ՝ Սփեցեսի նաւամարտ, տեղացիները կառուցած են Սփեցեսի փարոսին շրջանը Փանաղիա թիս Արմաթաս եկեղեցին։

Միջազգային ծաւալի եղելութիւններ

Խմբագրել

Արմաթա փառատօն

Խմբագրել

Ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ շաբթուան ընթացքին կը կազմակերպուի «Արմաթա փառատօն»ը, ի պատիւ 1822-ին տեղի ունեցած Արմաթա նաւամարտին, ուր երեք յունական կղզիներու միացեալ նաւատորմիղը կը նաւաբեկէ օսմանեան նաւատորմիղը։

 
Սփեցաթլոն

Առագաստանաւերու աւանդական նաւարշաւ

Խմբագրել

Ամէն տարի, Յունիս ամսուան շաբաթավերջ մը կը կազմակերպուի փոքր եւ միջին առագաստանաւերու միջազգային ծաւալի նաւարշաւ Սփեցեսի եւ Քոսթա (դիմացի ափին) բացերուն։ Կը մասնակցին աշխարհի չորս ծագերէն նաւագնացներ երինց առագաստանաւերով։

Սփեցեսի Մինի Մարաթոն

Խմբագրել

2011-էն սկսած Սփեցես Մինի Մարաթոն միջազգային ծաւալ ունեցող ձեռնարկը, կը կազմակերպուի ամէն տարի հովանաւորութեամբ Սփեցեսի քաղաքապետութեան («Սփեցաթլոն»)։ Կղզին կը հիւրասիրէ 48 երկիրներէ մարզիկներ եւ կ՛ ողողուի 18 000-է աւելի այցելուներով։ Մարզիկները կը ճեղքեն 26 քլ․ վազքի ճամբայ՝ Սփեցեսի բոլորտիքը։ 2014-ին 10 քլ․ երկարութեամբ մարաթոն մը եւս աւելցուած է։ Անոր կողքին կը կազմակերպուին նաեւ 2,5 քլ․ եւ 5քլ․ լողի մարաթոն եւ փոքրիկներու համար՝ 1000 մ․։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել