Էղինա (յուն․՝ Αίγινα, հին յունարէն՝ Αἴγῑνα), Սարոնիքոս ծոցի կղզի եւ Ատիկէ նահանգին ու Փիրէային մօտիկ կղզի։ Կը գտնուի Սարոնիքոս ծոցին մէջ, Փիրէայիէն 27 քլ․ հեռու։ Սալամինայի նաւամարտին jոյներու կողքին կը մասնակցի 30 նաւերով։ Մայրաքաղաքն է համանուն Էղինա (կամ Հորա) քաղաքը։

Կղզի
Էղինա
Αίγινα
Դրօշակ

Էղինա
Երկիր Սարոնիքոս ծոց, Յունաստան
Տարածութիւն 87,4 քմ²
ԲԾՄ 531 մեթր
Բնակչութիւն 13 056 մարդ (2011)
Կը գտնուի ափին Սարոնիքոս ծոց
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 180 10
Պաշտօնական կայքէջ aegina.gr
Էղինա նաւահանգիստը
Էղինա կղզին, նկարուած հիւսիս-արեւելքէն. աջին Ակիսդրի եւ խորին Մեթանա թերակղզին

Հորա․ յունական կղզիներու մայր գիւղին կամ քաղաքին տրուած անուն, որ կ՛ ընկերակցի տուեալ գիւղին կամ քաղաքին բուն անունին (մայրաքաղաքի իմաստ ունի)։

Աշխարհագրութիւն Խմբագրել

Էղինա կը գտնուի Սարոնիքոս ծոցին կեդրոնը։ Շրջապատուած է Ակիսդրի, Սալամինա եւ Փորոս կղզիներէն, Մեթանա թերակղզիէն եւ Ատիկէի մայրցամաքէն։  Հիւսիս-արեւելեան ծայրը Փիրէայի նաւահանգիստէն 10,5 ծովային մղոն հեռաւորութիւն ունի, հիւսիս-արեւմտեանը` Էփիտավրոսի բացերուն գտնուող Թրահիլի ժայռակղզիէն 12 ծ․մ, իսկ հարաւի ծայրամասը` Փորոս կղզիին հիւսիսային մուտքէն 9 ծ․մ․։

Տարածութիւնն է 82,63 քլ²․, իսկ ծովեզր 57 քլ․է։  Բնակչութեան թիւն է 13 056։  Էղինա կը նմանի համաչափ եռանկիւնի մը։  Հրաբխային կղզի է ցած բլուրներով։  Բարձրագոյն լեռն է Օրոս, որուն գագաթն է Փրոֆիթիս Իլիաս (532 մ․)։  Անջրդի կղզի է․ գետեր չունի, սակայն միայն հեղեղատներ՝ ամառը չոր, ձմեռը ուժգին հոսանքներով։

Կենդանական աշխարհը կը բաղկանայ տատրակներէ, ճագարներէ, վայրի նապաստակներէ եւ աղուէսներէ։  Բուսական կեանքը հարուստ է վայրի ձիթենիներով, գեղձիներվ, մացառներով, «ռամնոս» թուփերով եւ «ֆիլիքի»ներով։

Կլիման չոր միջերկրականեան է քիչ անձրեւներով։

Պատմական ակնարկ Խմբագրել

Անուանում Խմբագրել

Յունական դիցաբանութիւնը կը պատմէ թէ կղզին առած է Էսոփոս աստուծոյ աղջկան անունը՝ Էղինա։  Տիաս անոր կը սիրահարուի, կ՛ առեւանգէ ու կ՛ առաջնորդէ Ինոնի կղզին որ Էղինա կը վերանուանուի։

Մինչեւ Բիւզանդական ժամանակաշրջան Խմբագրել

Ռազմական կարեւորութիւն ունեցող կղզի է եւ բնակուած է Ք․Ա․ 3500 թուականէն։   Ըստ Իրոտոթոսին, Էղինա Էփիտավրոսին գաղթօճախը եղած է։  Քոլոնա վայրին մէջ, ցած բլուրի մը վրայ յայտնաբերուած է նախայունական շրջանի բնակավայր (Ք․Ա․ 2500), որ հետագային կեդրոնաձիգ կը տարածուի եւ կ՛ ամրացուի։  Հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած են Միոասեան կաւագործութեան իրեր (Ք․Ա․ 2000), Միկինեան արուեստի (Ք․Ա․ 1600 – 1100) ոսկեղէններ։

 
Էղինա, Ք․Ա․ 550-530, արծաթէ դրամ
 
Էղինա, Ք․Ա․ 404, արծաթէ դրամ

Ք․Ա․ 950 թուականին կղզին Տորեացիները կը գրաւեն։  Ք․Ա․ 7-րդ դարուն, Էղինա ուրիշ կղզիներու եւ ծովափնեայ քաղաք-պետութիւններու հետ կը մասնակցի Էգէական ծովը ծովահէններէն մաքրագործելու ծրագրին։  Ք․Ա․ 735 – 459 ժամանակաշրջանին, կղզին կը բարգաւաճի եւ կը դառնայ ծովային եւ առեւտրական մեծ ուժ․ կ՛ արտադրէ կաւէ անօթներ եւ անուշահոտեր։  Էղինացիները յունական աշխարհի առաջինները կը հանդիսանան արծաթէ դրամ հրապարակելու։  Անոնք նաեւ Եգիպտոսի Նավքրաթիս քաղաքին առեւտրական կայանին բաժնետէր էին։

Ք․Ա․ 6-րդ դարավերջերուն Աթէնքի եւ Էղինայի ուժի մրցակցութիւնը անոնց միջեւ լարուածութիւն կ՛ առաջացնէ։  Պարսկական Պատերազմներուն ընթացքին Էղինա կը դաշնակցի մնացեալ յունական քաղաք-պետութիւններուն հետ եւ Աթենացիներուն հետ ղեկավարութիւնը կը ստանցնեն։  Սակայն պատերազմէն ետք, կը դաշնակցի Սփարթիին եւ Կորնթոսին հետ, ինչ որ կը պատճառէ Աթէնքին հետ կապերուն վերջնական խզման։   Հետեւանքն է Աթէնք Ք․Ա․ 458-ին յարձակի Էղինային վրայ։  Էղինացիները կը պարտուին եւ Աթէնքի հարկատու կը դառնան։  Պելոպոնեսեան Պատերազմի ժամանակ (Ք․Ա․ 431 – 404), անոնք Պելոպոնես կը վտարուին․ կը վերադառնան պատերազմի աւարտին։

Յաջորդող տարիներուն, Էղինա կը կորսնցնէ իր անցեալի փառքը։ 

Մինչեւ Նորագոյն շրջան Խմբագրել

 
Վենետիկցիներու գրաւման շրջանի Մարքելող աշտարակը

Գոթերուն յարձակումներէն փրկուելու համար, Յունաստանի մայրցամաքէն բնակիչներ Էղինա ապաստան կը գտնեն։  Կղզին վերստին կը ծաղկի, սակայն Ժ․ դարուն ծովահէններու յարձակումները կը ստիպեն բնակչութեան լուրջ թիւ մը գաղթէ եւ մայրաքաղաքը կը փոխադրուի Էղինայի միջերկրեայ Փալէա Հորա (Փալէոհորա) բնակայվարը։  ԺԲ․ դարուն ծովահէնութիւնը կը տարածուի, երբ Բիւզանդիոյ կայսր՝ Իոանիս Բ․ Քոմնինոս կը դադրեցնէ այս ուղղութեամբ ծովուժին յատկագումարը։ Էղինա կը վերածուի ծովահէններու կեդրոն։  Այնուհետեւ պատմութիւնը կը հետեւի Յունաստանի պատմութեան։

ԺԶ․ դար Խմբագրել

Այս շրջանին, Հայրետին Պարպարոսա (օսմանցի ծովահէն եւ Օսմանեան կայսրութեան ներկայացուցիչ Ալճերիոյ մօտ) էղինան քար ու քանդ կ՛ ընէ։  Կղզիին տղամարդիկը կը ջարդուին եւ 6 000 կին – երեխայ իբրեւ ստրուկ կը ծախուին կայսրութեան զանազան շրջանները։

Էղինա նորանկախ Յունաստանի առաջին մայրաքաղաք Խմբագրել

Յունաստանի ապստամբութեան շրջանին, Յունաստանի մայրցամաքէն, Պելոպոնեսի եւ արեւելեան Էգէականի կղզիներէն հազարաւոր բնակիչներ Էղինա կ՛ ապաստանին։  1826 -1827 տարիներուն Յունաստանի առաջին կառավարութիւնը Էղինա կը հաստատուի, որովհետեւ որոշուած մայրաքաղաքը՝ Նաֆփլիօ անապահով կը նկատուի։  1827-ին, Էղինա պաշտօնապէս Յունաստանի մայրաքաղաք կը հռչակուի եւ այդ տիտղոսը կը պահէ մինչեւ 1829։

Էղինայի Հնագիտական թանգարան Խմբագրել

Յունաստանի ամենահին հնագիտական թանգարանն է։ Էղինայի Հնագիտական Թանգարանը հիմնուած է 1828-ին։ Կը հիւրասիրէ կղզիին վրայ տեղի ունեցած հնագիտական պեղումներէն յայտնաբերուած իրեր, գլխաւորաբար Քոլոնա հնավայրէն։

 
Էղինա նաւահանգիստ

Բ․ Համաշհարհային պատերազմ Խմբագրել

Երկրորդ Համաշհարհային Պատերազմին, Ապրիլ 1941-ին գերմանական ռազմական օդուժը երեք անգամ կղզին կը ռմբակոծէ։ Յունուար 1942-ին Էղինային բացերը կը խորտակուի գերմանական «U 133» սուզանաւը։

Տնտեսութիւն Խմբագրել

 
Էղինա․ հիւսիսային ափերը․ աջին՝ Ակիսդրի կղզին եւ ետեւը՝ արեւելեան Պելոպոնես

Ձկնորսութիւն, երկրագործութիւն եւ անասնապահութիւն Խմբագրել

Էղինա մինչեւ 1970-ական թուականները ունեցած է սպունգ ձկնորսելու մեծ նաւատորմիղ։  Ի․ դարավերջին, կղզիին, ինչպէս նաեւ Էգէականի Տոտեքանիսա կղզիներէն բազմաթիւ բնակիչներ, Ամերիկայի Թարփոն Սփրինկս քաղաքը՝ Մեքսիքայի ծոց, կը գաղթեն աշխատելու համար իբրեւ ջրասոյզներ։  Անոնց ջրասուզուելու փորձառութեան շնորհիւ, Թարփոն Սփրինկս կը դառնայ սպունգի ձկնորսութեան մայրաքաղաք։

Այսօր, բնակչութեան մօտաւորապէս 70% ձկնորսութեամբ, երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ (նուազ չափով) կը զբաղի։

Յունաստանի անկախացումէն ետք, առաջին կառավարիչ՝ Իոանիս Քափոտիսթրիասի (1828-1832) նախաձեռնութեամբ, գետնախնձորը առաջին անգամ Էղինա կը մշակուի։

Բնակիչները մինչեւ 1950-ական թուականները, աւանդաբար կը մշակէին ցորեն, գարի, սիսեռ, ոլոռն, եւայլն։  1950-էն ետք, կը զարգանայ պիստակի մշակումը․ անոր մշակման կ՛ օգնէ կղզիին անջրդի ըլլալը։

 
Պիստակի քաղում

Էղինայի պիստակ Խմբագրել

1896-ին, բժիշկ Նիքոլաոս Փերողլու կը սկսի պիստակ մշակել։   Բնակիչները կ՛ իւրացնեն եւ պիստակի մշակումը կը տարածուի։ 1996-էն «Էղինայի պիստակ» անունը պահպանուած է՝ EU Protected designation of origin (PDO) պիտակին տակ եւ միջազգային ճանաչում ունի։  Պիստակի արտադրութիւնը տարեկան մօտաւորապէս 2․700 թօն է։  Վերջին տարիներուն, ամէն տարի Սեպտեմբերին կը տօնուի «Պիստակի փառատօն»ը (Fistiki Fest)։

Զբօսաշրջիկութիւն Խմբագրել

Աթէնքին մօտ ըլլալով, հազարաւոր այցելուներ կը ներգրաւէ։  Ունի գեղեցիկ ծովափներ։  Զբօսաշրջիկութիւնը վերջին տարիներուն կղզիին տնտեսական գլխաւոր աղբիւրներէն է։ 

Կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ կրօնական զբօսաշրջիկութիւնը, շնորհիւ Այիոս Նեքթարիոս եկեղեցին եւ ուրիշ բիւզանդական յուշարձաններուն, ինչպէս նաեւ հնագիտական զբօսաշրջիկութիւնը․ Աֆէա տաճարը, Փալեոհորա, եւայլն։

Գեղեցիկ է կղզիին բնութիւնը։ Բազմաթիւ իրարայաջորդ արահետները առիթը կու տան ոտքով կղզին ճանչնալ։  Կղզիին արահետներու ցանցը 45 քլ․ է եւ «Բնութեան եւ Մշակոյթի Յունական Ընկերութիւն»ը իր «Մշակոյթի արահետներ» ծրագրով 2019-ին կը ստանայ «Եւրոպական Մշակոյթի Ժառանգութեան մրցանակ»ը (Europa Nostra 2019) «Դաստիարակութիւն, Կիրարկում եւ Զգայնացում» բնագաւառէն ներս։

Պատկերասրահ Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Նավքրաթիս(անգլերէն)
  2. EU Protected designation of origin (անգլերէն)
  3. Բնութեան եւ Մշակոյթի Յունական Ընկերութիւն(յունարէն)