Մինոասեան արուեստ

Մինոասեան արուեստ (յուն․՝ Μινωική τέχνη), Պղնձադարի Էգէականի հարաւային տարածքին բարգաւաճած Մինոասեան քաղաքակրթութեան արուեստ, մօտաւորապէս Ք․Ա․ 3000 մինչեւ Ք․Ա․ 1100 ժամանակաշրջանին։ Մինոասեան արուեստի հաւաքածոյին գլխաւոր մասը կը հիւրասիրուի Իրաքլիոնի Հնագիտական Թանգարանին մէջ։

Քամարես ոճի կաւագործութիւն․ հին պալատական շրջան, Ք․Ա․ 2100-1700

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Մինոասեան արուեստը Էգէականի արուեստի գլխաւոր ներկայացուցիչն է։ Ազդած է Քիքլատեան արուեստի զարգացման։ Իսկ ինք ազդուած է հին Եգիպտոսի եւ հին մերձաւոր արեւելքի մշակոյթներէն։

Նիւթեր եւ ոճ

Խմբագրել

Մինոասեան արուեստը հարուստ է նիւթերու բազմազանութեամբ։ Կը պատկերացուի կաւագործութեան, մետաղագործութեան, որմանկարներու եւ սովորութիւններու՝ պարարուեստ, խաղեր, երաժշտութիւն, յարդարանքի․․․․ միջոցով։

Որմանկարներ

Խմբագրել

Մարզական - պար - զաթրիքօ

Խմբագրել
 
Ցուլացայտող, Քնոսոսի պալատ

Քուրիթեսները՝ Կրետէի առաջին բնակիչները, ըստ դիցաբանութեան, Ողիմպիական Խաղերու հիմնադիրները եղած են։  Հինգ եղբայրները Պելոպոնեսի անտառը արշաւի ելած էին եւ դադարի պահու մը իրարու միջեւ վազքի մրցումի կ՛ ելլեն։  Փէոնէոս կը յաղթէ եւ ձիթենիի ճիւղով կը պսակաւորուին։  Իբրեւ յիշատակ այս եղելութեան, ամէն հինգ տարի՝ եղբայրներուն թիւին համաձայն, կը կազմակերպուին համապատասխան խաղեր։[1]

Մինոասցիները հնարած էին «Փիրիհիօ»ն՝ յունական հնագոյն մարտական պարը, որպէսզի Քրոնոս չլսէ Տիաս մանուկին լացը։

Բռնցկամարտի պահ մը պատկերացնող որմանկարներ գտնուած են, ինչպէս նաեւ ցուլամարտի՝ ցուլացայտողներ, որոնք կրօնական բնոյթ ունին։

Հնագիտական պեղումները յայտնաբերած են նաեւ պատկերիկներ, որոնք պարողներ կը պատկերացնեն, ինչպէս նաեւ սեղանի խաղ մը՝ Զաթրիքիօ (ճատրակի հին տեսակը)։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Կաւագործութիւն

Խմբագրել
 
Ք․Ա․ 3000-2100

Մինոասեան քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին կաւագործութիւնը մինոասեան արուեստի գլխաւոր ներկայացուցիչն է եւ աստիճանաբար կը զարգանայ․-

  • Պարզ կարմիր, սրճագոյն կամ մելանի գոյներով ուղիղ գիծեր բաց կամ դեղնագոյն մակերեսի վրայ,
  • Անօթներուն մակերեսը աւելի գոց գոյնով եւ թեթեւ ոսկեգծով,
  • Բազմաթիւ սպիտակագոյն ձեւեր մութ կարմիր մակերեսի վրայ,
  • Սրճագոյն-կարմիր ներկով պատուած ամաններ, անօթներ,
  • Վառ գոյներով զարդարանք՝ Քամարեան ոճ,
  • Կաւէ իրեր ծովու եւ բուսականութեան նիւթերով եւ աւելի լաւ որակի․ կ՛ եփուին քարաշէն բուռերու մէջ,
  • Հսկայ կարասներ, որոնց մէջ ուտեստեղէն, հեղուկ կ՛ ամբարուէր։

Պատկերասրահ

Խմբագրել
 
Մինոասեան ոսկեայ մատանի, Ք․Ա․1500

Քարէ կնիքներ

Խմբագրել
 
քարէ շինուած կնիք

Թանկագին քարերէ շինուած կնիքներ, որոնք կը կրեն քանդակուած պատկերացումներ, գիրեր եւ կամ խորհրդանշաններ․ նամակներ եւ կամ հրամանագրեր կնքելու համար կը գործածուէին։

Քարի եւ մետաղի արուեստ

Խմբագրել

Մինոասցի քարտաշները կը շինէին զանազան ձեւերով անօթներ եւ տնային իրեր։

Մետաղագործները կը պատրաստէին անասուններու եւ աղօթողներու պատկերիկներ։

Մետաղէ ամաններ

Խմբագրել

Ք․Ա․ 2500-էն մինոասցիները կը պատրաստէին մետաղէ ամաններ, մեծ մասը յարգի մետաղներէ։

Զէնքեր

Խմբագրել

Պղինձեայ նուրբ զարդարանքով եւ տարբեր արուեստի հմտութեամբ զէնքեր գտնուած են Կրետէի տարածքին․ սուրեր, դաշոյներ, եւայլն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Երաժշտութիւն

Խմբագրել

Քիչ բաներ յայտնի են մինոասեան երաժշտութեան մասին։  Յայտնաբերուած արուեստի գործերէն, ի յայտ կու գայ թէ մինոասցիները կը գործածէին «սիսթրօ»ն՝ հարուածային գործիք մը, ինչպէս նաեւ քնարը եւ «ավլոս»՝ փչողական նուագարան։

Հագստեղէն եւ յարդարանք

Խմբագրել
 
Օձի աստուածուհի, Քնոսոսի պալատ, Կրետէ, Ք․Ա․1600

Ոչխարի բուրդը գլխաւոր թելն է որ մինոասցիները կը գործածէին հագստեղէնի պատրաստութեան համար։

Կտաւատէն յառաջ եկած կտաւը՝ «լինօ», հաւանաբար Եգիպտոսէն եկած է։  Կան նաեւ ախտանիշեր մետաքսէ կերպասի  պատրաստութեան համար, որովհետեւ շերամի խոզակներ գտնուած են։

Տղամարդիկ կը հագուէին «զոմա»ն․ կարճ փէշի նմանող եւ կամ մէջքին սեղմուած գոգնոց։  Իսկ կիները կը հագուէին նեղ կարճ թեւով ու նեղ եւ կամ ուռած թեզանիքներով երկայն շապիկ, որ հազիւ կը ծածկէր կուրծքը, ինչպէս նաեւ երկայն եւ լայն փէշեր (քղանցք), որոնք ընդհանրապէս շապիկին վրայէն կը հագուէին։

Որմանկարներուն մէջ մինոասցիները կը պատկերացուին մերթ բոպիկ, մերթ տրեխներով։

Տղամարդիկ եւ կիներ ունէին ըստ կանոնի, կարճ եւ գանգուռ մազեր։  Կիներուն մազերը զանազան յարդարանքի ենթակայ էին։

Ոսկերչութեան համար կը գործածուէին զանազան մետաղներ՝ ոսկի, արծաթ, պղինձ եւ ոսկեպատուած պղինձ։ Ինչպէս նաեւ թանկագին քարեր՝ բիւրեղ, սարդիոն, սուտակ, լազուարթ, օփսիտ, կարմիր, կապոյտ եւ կամ դեղին յասպիս։  Կը գործածէին սեւ մեղեսկի, ջնարակ, ճարպաքար, փղոսկրեայ, խեցի եւ ապակի։

[2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել