Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն, հիմնուած Կ. Պոլիս 5 Յունիս, 1847, հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան:

Պատմություն

Խմբագրել

Հիմնադիր՝ Անտոն-Պետրոս Թ. Հասունեան, Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ առաջին հայ Քարտինալ՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ:1840-ական թուականներուն կը ծրագրէ հիմնել «Հաւատաւոր Կոյսերու» միաբանութիւն մը, որու հիմնական նպատակ էր դաստիարակել հայ համեստ դասակարգի իգական սեռի միտքն ու հոգին քրիստոնէական, մարդկային ու ազգային արժէքներով: Այս բարենպատակ ու ազգօգուտ ծրագիրը կ’իրականացնէ գործակցութեամբ՝ Մայր Սրբուհի Հաճի-Անտոնեանի, որ իր կեանքը նուիրած էր բարեսիրական գործերու, եւ իբրեւ «տան մայրապետ»՝ զբաղած աղքատ փոքրիկներու կրթութեամբ: 9 Դեկտեմբեր, 1847-ին, Մայր Սրբուհին չորս նուիրեալ քոյրերու հետ միասին կ’ուխտեն՝ հնազանդութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ խոնարհ կեանքով նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան: Այսպիսով սկիզբ կ’առնէ «Աստուածամօր Տունը»՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը:

Միաբանութիւնը ճանչցուած, վաւերացուած եւ հաստատուած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կոնդակով՝ 5 Յունիս, 1847-ին, իսկ Քահանայապետական Կոնդակով՝ 11 Յունիս, 1932-ին, միաբանութիւնը ենթարկուած է Հռոմի Սրբազան Պապին, իբրեւ իր Գերագոյն Մեծաւորին:

Սկզբնական շրջանին, Մայր Տունը շատ համեստ, փայտաշէն տնակ մըն էր: Տարիներ ետք, Հիմնադիր Հօր ջանքերով կը կառուցուին Մայր Տունն ու Նորընծայարանը Բերայի Վալիտէ Զէօշմէ փողոցին վրայ: Յաջորդաբար Պոլսոյ մէջ կը հիմնուին կրթական օճախներ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, մինչեւ բարձրագոյն վարժարաններ: Պոլսէն ետք, առաքելութեան դաշտը կը տարածուի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան քսան քաղաքներու ու գիւղերու մէջ:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

20-րդ դարու արշալոյսին, հայ աղջիկը խրոխտ իր ազգային դաստիարակութեամբ, լոյս ու գիտութիւն ստացած, կրօնական ու բարոյական արժէքներով կերտուած, ապագայ մայրութեան, ճշմարիտ «Հայ Մայր» ըլլալու կոչումին կը պատրաստուի: Այս գործունէութիւնը իր վերելքը կը շարունակէ մինչեւ 1915:

Մեծ Եղեռնը, որ դառնօրէն կը հարուածէ, կը քանդէ հայուն ստեղծագործ, բարգաւաճ կեանքը, կը քանդէ նաեւ վանքերն ու գործօն հաստատութիւնները՝ Հայ Քոյրերուն: Կը նահատակուին տասներեք միաբան քոյրեր, յիսունհինգ ուրիշներ կը տեղահանուին, կ’աքսորուին:

Զինադադարի վաղորդայնին, Հայ Մայրապետը հրատապ պատասխանատուութիւն մը կը ստանձնէ. «Տէր կանգնիլ՝ վերապրած հայու բեկորներուն, հոգատար մայր դառնալ՝ ծնողազուրկ հայորդիներուն»:

1923-ին, Մայրավանքը եւ նորընծայարանը Պոլիսէն կը փոխադրուին ապահով վայր՝ Հռոմ:

Լիբանանի մէջ, 1923-ին, արդէն հիմը կը դրուի Հռիփսիմեանց Վարժարանին, այնուհետեւ՝ Սուրիա, Եգիպտոս, Յորդանան, Իրաք, Իրան, Ֆրանսա եւ այլ վայրեր: Հայ քոյրերը իրենց գաղթական ժողովուրդին հետ կը հասնին մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: 1965-ին, Փենսիլվանիա Նահանգին Ֆիլատելֆիա քաղաքի մէջ կը հիմնեն առաջին հայ վարժարանը, որմէ ետք՝ 1980-ին եւ 1983-ին Պոսթոնի եւ Լոս-Անճելըսի վարժարանները:

1988Դեկտեմբեր եօթի ահաւոր երկրաշարժը իսկական ահազանգ մը կ’ըլլայ Հայ Քոյրերուն: Անոնք կը փութան Սպիտակ եւ Կիւմրի ամոքելու ցաւատանջ մեր ժողովուրդին անդարմանելի վիշտը:

1991-ին, մեր Հայրենիքի անկախութեամբ կ’իրականանայ դարաւոր երազը Հայ Քոյրերուն:

1992-ին, Հիւսիսային Հայաստանի Ախուրեան շրջանի, Կիւմրիէն 20 քմ. հեռու, Արեւիկ գիւղին մէջ, համեստ ու ցուրտ տուն մը կը դառնայ հայ քոյրերուն առաջին վանքը, առաքելավայրը՝ երեք կամաւոր քոյրերու: Անշուք այս վայրէն կը ճառագայթէ հաւատքի լոյս ու աւետարանի հանդէպ սէր՝ հայրենի մեր ժողովուրդին, որ աւելի քան 70 տարիներ Աստուծոյ Խօսքէն զուրկ մնացած էր: Քրիստոնեայ Հայուն վերածնունդն էր: Արեւիկէն ետք, Կիւմրիի մէջ, ապա Կալինինոյի շրջանի՝ Տաշիր գիւղաքաղաքը, յարակից գիւղերով, աւաններով, յետոյ Ջաւախքի տարածքին Հեշտեան՝ իր տասնեակ գիւղերով կը դառնայ քոյրերուն համար քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ մարդասիրական գործունէութուններու կայաններ: Բարեսիրական մեծ Հաստատութիւններ, ի մասնաւորի Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ՝ միութիւնները զօրավիգ կը կանգնին քոյրերու առաքելութեան: Ներկայիս, Կիւմրիի մէջ, «Տիրամայր Հայաստանի»՝ Ռոպերտ Պօղոսեան եւ Որդիներ Համալիրը, իբրեւ կրթարան, ուսումնարան, ընծայարան եւ ընկերային ծառայութեան վայր, արդէն կը գործէ վեց տարիներէ ի վեր: Մեծաթիւ կարօտեալ, որբ երեխաներ, աղջիկներ դպրոցական ու համալսարանական ծրագրին առընթեր՝ կը ստանան առողջ սնունդ, կրօնական, մշակութային, գեղարուեստական ու մարդկային դաստիարակութիւն:

Հայաստանի հիմնական ու դաստիարակչական գործունէութիւններէն է՝ ամառնային եռամսեայ ճամբարային ծրագրին իրականացումը: Միայն Ծաղկաձորի մէջ, ամէն տարի մինչեւ 800 երկսեռ աղքատ երեխաներ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս կը կազդուրուին:

Հռոմի մայրավանքը գլխաւոր կեդրոնն է Ընդհանուր Վարչութեան: Ընդհանուր Մեծաւորուհին չորս խորհրդատուներով օրինաւոր հեղինակութիւնն է Միաբանութեան, օրինական ձեւով ընտրուած՝ Միաբանութեան իւրաքանչիւր վեցամեայ Ընտրական Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին: Նորընծայարանը՝ նոր անդամներու կազմաւորուման վայրն է, ուր նոր թեկնածուներ կը ստանան կրօնական եւ գիտական լուրջ պատրաստութիւն: Միաբանութիւնը ունի նաեւ նախապատրաստական կեդրոններ, փոքր ընծայարաններ՝ Կիւմրիի եւ Հալէպի մէջ:

Նպատակ

Խմբագրել

Միաբանութիւնը ցայսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը անշեղ ուղիով, կը պայքարի ու կը ջանայ անայլայլ պահել Հիմնադիր Հօր լուսաշող հոգին: Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը կրէ Աստուածամօր ամէնէն գեղեցիկ մէկ տիտղոսը՝ նպատակակէտ ունենալով իրագործել Աստուծոյ կամքը եւ փնտռել միայն Աստուծոյ փառքը ծառայելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեամբ»:

Սէր՝ Աստուծոյ, Սէր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին հանդէպ՝ Հայ մայրապետին եռեակ մղիչ ուժն ու գերագոյն գաղափարականն է:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • , [{{{յղում}}} Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան], Երեւան էջ 52-53։
  • Annuario Pontificio, Libreria Editrice Vaticana, Città del Vaticano, 2003, стр. 1463, ISBN 88-209-7422-3