Անթոնիա Արսլան (1938, Փատովա) հայկական արմատներով իտալացի գրող եւ գիտնական։

Անթոնիա Արսլան
Ծնած է 1938
Ծննդավայր Իտալիոյ Փատովա քաղաքը
Քաղաքացիութիւն Իտալիա
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Փատուայի համալսարան
Տեսակ էսսե? եւ վէպ
Մասնագիտութիւն գիտնական եւ գրող
Աշխատավայր Փատուայի համալսարան
Անդամութիւն Istituto Veneto di Scienze, Lettere ed Arti?
Ամուսին Paolo Veronese?[1]
Ծնողներ հայր՝ Michele Arslan?
Կայքէջ antoniarslan.it(իտալ.)

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Իտալիոյ Փատովա քաղաքը։ Մագիստրոսի աստիճան կը ստանայ Հնագիտութիւն ճիւղին մէջ, ապա կը դառնայ Փատովայի համալսարանի իտալական արդի գրականութեան դասախօս, որմէ ետք ան կը ստանձնէ Հորտհամ համալսարանի այցելու դասախօսի պաշտօնը: Տարիներ շարունակ ան զանազան սեմինարներ եւ դասախօսութիւններ կը ղեկավարէ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համալսարաններէն ներս:

Գրական Գործունէութիւն Խմբագրել

Անթոնիա Արսլան կը հեղինակէ եւ կը խմբագրէ քսանէ աւելի գիրքեր, բազմաթիւ յօդուածներ, գրախօսականներ եւ թարգմանութիւններ:

Ուսումնասիրութիւններ կը հրատարակէ ԺԹ. եւ Ի. դարերու Իտալացի հանրաճանչ կին գրողներու ստեղծագործութիւններուն մասին, ինչպէս՝ «Dame, droga e galline; 1977» եւ «Գրել Յանուն Հաճոյքի, ԺԹ. Դարու Իտալացի Կին Գրողներ», որոնք 2006-ին կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ Գաբրիէլլա Ռոմանիին հետ, Թորոնթօ հրատարակչատունէն։

Իբրեւ գրաքննադատ, Արսլանը կը մտահոգէ իտալական գրական կանոնը: Ան, «Տանա Տրէյք» դասախօսութեամբ հարցը կը ներկայացնէ հանրութեան։ Կը հրատարակէ մենագրութիւններ Տինօ Պիւծատիի եւ ԺԹ. դարու ժողովրդական վէպին մասին (Dame, droga e galline; 1977)։ Ան ներածական գրութիւններով կը վերահրատարակէ նշեալ գրողներու գրական գործերը:

Արսլան կը հետազօտէ Վենետիկի գրականութեան առանձնայատկութիւնները, ինչպէս՝ «Յիշողութիւն Եւ Ուշիմութիւն, Վենետիկեան գրականութիւնը 1945-էն Մինչեւ Օրս» (1988) ժողովրդական գրականութիւնը: 2004-էն 2008 կը խմբագրէ Փատուայի «Scorpione Letterario» պարբերականը: Նոյն տարին կը խմբագրէ սիւնակ մը «Ապագայ» (Avvenire) օրաթերթին մէջ, ապա «Luoghi dell infinito» եւ «Messagero di S. Antonio» ամսաթերթերուն մէջ։

Անոր ամենավերջին հրատարակութիւնները կը վերաբերին իր հայկական ծագումին։ Ան իտալերէնի կը թարգմանէ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծական երկու հատորները եւ Իտալիոյ մէջ հայ փախստականներուն կեանքին վերաբերող գործեր։ Հայ մշակոյթը կը ծանօթացնէ իտալերէն լեզուով, ինչպէս՝ Ժերար Տէտէեանի «Հայոց Պատմութիւն»ը եւ «Հայ Գրականութիւն» վերնագիրով ներածականը «Delle e dei personaggi» հրատարակութեան համար։ Այնուհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ արթնութիւնը աւելի հնչեղ դարձնելու նպատակով, 2000-ին, Փատովայի մէջ կը կազմակերպէ յատուկ համագումար մը: Ան կը թարգմանէ Քլոտ Մութաֆեանի «Մեծ Եղեռն. Հայկական Ցեղասպանութեան Համառօտ Պատմութիւնը» 1995, ապա Վահագն Տատրեանի «Հայկական Ցեղասպանութեան Պատմութիւն»ը 2003, ինչպէս նաեւ Տոնալտ Միլլըրի եւ Լորնա Դուրեան-Միլլըրի «Վերապրողները» 2007։

Արսլան առաջին վէպը կը հրատարակէ 2004-ին «La masseria delle allodole», որուն անգլերէն տարբերակը լոյս կը տեսնէ 2007-ին «Արտոյտներու Ագարակ» Ճոֆրի Ռոքի թարգմանութեամբ:[2]: Վէպին մէջ ան կը նկարագրէ իր նախնիներուն պատմութիւնը պատմելով հայ ընտանիքի մը մասին, որ կը փորձէ խուսափիլ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած ջարդերէն եւ փախչիլ Իտալիա, 40 տարիներէ ի վեր հոն ապրած իր հարազատներուն քով։[3] 2007-ին Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակ»ը գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը կը կատարէ Վենետիկի Ca Foscari համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ղեկավար դոկտ. Սոնա Յարութիւնեան, իսկ խմբագիրը կ'ըլլայ Սոնա Սէֆէրեան, 2012-ին վէպը կը վերահրատարակուի, ապա «Զանգակ» հրատարակչութիւնը կը հրատարակէ Արսլանի «Զմիւռնիայի Ճանապարհը» գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը։

«Արտոյտներու Ագարակը» գիրքը կը թարգմանուի շուրջ 20 լեզուներու եւ ամբողջ աշխարհին կը ներկայանայ լայնածաւալ տպաքանակներով։ Միայն Իտալիոյ մէջ կը սպառի աւելի քան 300,000 գիրքի օրինակ։ 2007-ին, «Արտոյտներու Ագարակը» վէպին նիւթով Փաուլօ եւ Վիտորիօ Տաւիանի եղբայրները շարժանկար կը պատրաստեն։ Գիրքին երկրորդ հատորը կը կոչուի La Strada di Smirne, որ կը հրատարակուի 2009-ին Ռիծոլիի կողմէ։

2012-ին, Իտալիոյ մէջ լոյս կը տեսնէ իր նոր գիրքը, որ կը պատմէ «Մշոյ Ճառընտիր» հայկական ամենամեծ ձեռագիրի մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն կը փրկուի երկու հայ կիներու կողմէ։

13 Սեպտեմբեր 2022-ին, Իտալական Մշակութային Հիմնարկին մէջ, տեղի կ'ունենայ փրոֆ․ Անթոնիա Արսլանի լոյս տեսած “Silent Angel” («Լուռ հրեշտակ») գիրքին ներկայացումը։ Վէպին մէջ հերոսացուած են այն երկու անծանօթ մայրերը, որոնք Մշոյ Ճառընտիրը երկու մասի բաժնելով, եւ Ցեղասպանութեան դժոխային մահերթէն անցնելով, Հայաստան բերած են զայն։ Տարիներ ետք, հատորին երկու մասերը զիրար ողջունելով միացուած եւ իրենց հարազատ բնակարանը գտած են Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։

Մրցանակներ եւ Պարգեւներ Խմբագրել

  • 2004-ին, Անթոնիա Արսլանի վէպը կ'արժանանայ Premmio Stresa di Narrativa մրցանքի առաջին պարգեւին։
  • 2005-ին, ան կ'արժանանայ P.E.N. մրցանակն ու Մանծոնի մրցանակը, որմէ ետք կը հասնի Los Angeles Times Seidenbaum First Fiction մրցանքի աւարտական փուլին։
  • 2010-ին, ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով Արսլան կը պարգեւատրուի Մովսէս Խորենացի մետալով:[4]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել