Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դրօշ

ԱՄՆ դրօշը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական դրօշն է։ Այն հաստատուած է 1776-ին՝ անկախութիւն նուաճելէն անմիջապէս ետք։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Իրաւասութեան տարածք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Նշան 🇺🇸
Յարաբերութիւն 19:10?
Ընդունուած է 14 Յունիս 1777[1]
Գոյներ կարմիր, ճերմակ եւ կապոյտ
Պատկերուած է հնգաթեւ աստղ, դաշտ եւ ազատ հատուած

Նկարագրութիւն Խմբագրել

ԱՄՆ-ի դաշնակային կառուցուածքը արտայայտուած է երկրի պետական դրօշի վրայ։ Դրօշի վերին ձախ անկիւնը պատկերուած է սպիտակ հնգաթեւ աստղերով ուղղանկիւնին, աստղերու թիւը կը համապատասխանէ դաշնութեան մէջ մտնող նահանգներու թիւին․ այն պարբերաբար կը փոխուի. 50-րդ աստղը դրօշի վրայ աւելցած է 1959-ին, Հաւայան կղզիներուն նահանգի կարգավիճակ տալէն ետք։ Այդ դրօշը ուժի մէջ մտած է 4 Յուլիս 1960-ին։ Դրօշի հորիզոնական եօթ կարմիր եւ վեց սպիտակ շերտերը կը խորհրդանշեն անկախ պետութիւն ձեւաւորած բրիտանական տասներեք գաղութները (Դելաւեր, Փենսիլուանիա, Նիւ Ճերսի, Ճորճիա, Քոնեկտիկուտ, Մասաչուսեթս, Մերիլենտ, Հարաւային Գարոլինա, Հիւսիսային Գարոլինա, Նիւ Հեմփշիր, Վիրճինիա, Նիւ Եորք, Ռոտ Այլենտ)։

Վերին ձախ անկիւնը՝ կապոյտ դաշտին մէջ, պատկերուած սպիտակ աստղերու քանակը կը համապատասխանէ նահանգներու քանակին (ներկայիս անոնք յիսուն են)։

Կարմիրը կը նշանակէ դիմացկունութիւն, կապոյտը՝ յամառութիւն, արդարութիւն, զգօնութիւն, սպիտակը՝ անմեղութիւն եւ մաքրութիւն։

Դրօշի կառուցուածքը Խմբագրել

 
Կառուցուածքը

Չափերու նշանակութիւններն են՝

  • Լայնքը՝ A = 1,0
  • Երկարութիւնը՝ B = 1,9
  • Աստղերու տարածքի լայնքը՝ C = 0,5385 (A x 7/13, կը զբաղեցնէ եօթ շերտ)
  • Աստղերու տարածքի երկարութիւնը՝ D = 0,76 (B × 2/5, դրօշի երկարութեան երկու հինգերորդը)
  • E = F = 0,0538 (C/10, աստղերու տարածքի մէկ տասներորդը)
  • G = H = 0,0633 (D/12, աստղերու տարածքի երկարութեան մէկ տասներկուերորդը)
  • Աստղի տրամագիծը՝ K = 0,0616
  • Շերտի լայնքը՝ L = 0,0769 (A/13, դրօշի լայնքի մէկ տասներեքերորդը)


Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Վ․ Պ․ Մաքսակովսկի, «Աշխարհագրութիւն», 1993, «Լոյս» հրատարակչութիւն, էջ 183

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. A Capitol Fourth: The History of the American FlagPBS.