Անժէլ Եափուճեան

Անժէլ Եափուճեան, (4 Նոյեմբեր 1930(1930-11-04)[1], Գահիրէ, Եգիպտոս - 5 Մայիս 2019(2019-05-05), Սիտնի, Աւստրալիա), երկարամեայ մանկավարժ-ուսուցչուհի, հօրենական մականունով Միրզայեան, ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 4 Նոյեմբեր 1930 թուականին։

Անժէլ Եափուճեան
Ծնած է 4 Նոյեմբեր 1930
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 5 Մայիս 2019 (88 տարեկանին)
Մահուան վայր Սիտնի, Աւստրալիա
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն մանկավարժ, ուսուցիչ

Հայրը՝ Տիգրան Միրզայեան, սղերդցի ընտանիքէ էր ծնած՝ Տիգրանակերտ, արհեստով կօշկակար։ Մայրը՝ Վիքթորիա Չուլճեան, Տիգրանակերտցի ընտանիքէ էր եւ ծնած՝ Աղեքսանդրիա։

Անժէլ Միրզայեան Եգիպտոսի մէջ յաճախած է Գալուստեան Ազգային եւ ֆրանսացի Քոյրերու «Նոթր Տամ տէ զ'Ափոթր» վարժարանները: 1959-ին, Գահիրէի մէջ հետեւած է մանկավարժական վկայականի համապատասխան ֆրանսերէն Ճիւղի դասընթացքներու եւ կրթական նախարարութենէն ան վկայուած է պետական վկայականով։

Օր. Անժէլ Միրզայեան ամուսնացած է 29 Նոյեմբեր 1959 թուականին, վաստակաշատ խմբագիր եւ պատմաբան Դոկտ. Աւետիս Եափուճեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով։ Որդին՝ Արեգ, ճարտարագէտ է, ամուսնացած է գիտութեան Տոքթ. Մերի Գարաքոչեանի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Ալին եւ Արի։ Դուստրը Մարօ, ամուսնացած է հոգեբոյժ-ջլախտաբոյժ Տոքթ. Յարութիւն Ճէպէճեանի հետ եւ բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Անուշ, Րաֆֆի եւ Հուրի։[2]

1949 թուականին իբրեւ ուսուցչուհի Անժէլ Միրզայեան պաշտօնի կ'անցնի «Անարատ Յղութեան» աղջկանց հայ կաթողիկէ Քոյրերու վարժարանին մէջ։ Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք իրեն առաջարկ կ'ըլլայ ուսուցչութեան մտնել Մերճանեան Ազգային Մանկապարտէզին մէջ, ինչ որ կ'ընդունի եւ հոն կը պաշտօնավարէ 11 տարի: Այդ տարիներուն ան ճանչցուած էր իբրեւ «ժպտուն օրիորդը»:

Բաց աստի, ան ուսուցչութիւն կ'ընէր Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ենթակայ Կիրակնօրեայ Վարժարանին մէջ՝ 1954-1959 թուականներուն: Նոյն ատեն Աւետիս Եափուճեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասաւանդէր Կիրակնօրեայի վերի կարգի աշակերտներուն:[3] Այստեղ է որ անոնք իրար հետ մտերմացան եւ միասին հայ բոյն մը կազմեցին:

Իր ամուսնութենէն ետք ան հոգաց իր երկու զաւակները՝ Արեգն ու Մարօն: Հետագային երբ անոնք քիչ մը մեծցան եւ ինքնաբաւ դարձան, այս անգամ Գալուստեան Ազգային Մանկապարտէզին մէջ պաշտօնավարելու առաջարկ եկաւ այժմ Անժէլ Եափուճեանի, զոր ընդունեց եւ հոն մնաց 15 տարի՝ մինչեւ 1990 թուականը, երբ Աւստրալիա փոխադրուեցաւ իր ամուսնոյն հետ:[4][5][6][7]

Աւստրալիոյ մէջ ալ Անժէլ Եափուճեան իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօնավարեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սիտնիի «Ալեք Մանուկեան» Շաբաթօրեայ Վարժարանին մէջ։ Այնպէս որ, երեսուն երկար տարիներու ուսուցչական վաստակ մը թողած իր ետին, քաշուեցաւ ասպարէզէն՝ առողջական պատճառներով:

Անժէլ Եափուճեանի «մասնագիտութիւնն» էր Կոկոն դասարաններու մէջ հայերէն Այբուբենը սորվեցնել երեխաներուն: Եւ երբ ատեն մը Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ զինք Նախակրթարանի Ա. եւ Բ. դասարաններու ուսուցչուհի կարգեցին, դժգոհ մնաց եւ պնդեց որ զինք վերադարձնեն իր սիրելի երեխաներուն մօտ:

Առ ի գնահատանք ուսումնական մարզէն ներս իր երկարամեայ ծառայութեան, Սիտնիի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վարչութիւնը Անժէլ Եափուճեանին պարգեւատրեց Միութեան «Ցկեանս Անդամ»ի պատուոյ գիրով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://deletedwiki.com/index.php?title=Angele_Yapoudjian
  2. «Մատեան Յիշատակաց», Աւետիս Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 2005, էջ 33-38
  3. «Հայրենիքի Ձայն» Շաբաթաթերթ, Երեւան, Հայաստան, 19 Օգոստոս 1978, Թիւ 33.
  4. Գալուստեան Նուպարեան Վերահանդիպումի Յուշագիրք, Սիտնի, Աւստրալիա, 1996
  5. Գալուստեան Նուպարեան Պողօսեան Վերահանդիպումի Յուշագիրք, Գահիրէ, Եգիպտոս, 1997
  6. Եգիպտահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Համաշխարհային Հաւաքի Յուշամատեան, Երեւան, Հայաստան, 2003
  7. Գալուստեան Ազգային Վարժարան, 150-ամեակի Յուշամատեան, Գահիրէ, Եգիպտոս, 2004