Անիի Մանրանկարչութեան Դպրոց

Անիի մանրանկարչութեան դպրոց, հայկական մանրանկարչութեան դպրոցներէն: Ձեւաւորուած է Անիի գրչութեան կեդրոնին մէջ, ոչ միայն բուն քաղաքին, այլեւ՝ մերձակայ մշակութային օճախներուն մէջ (Հոռոմոսի եւ Պակնայրի վանքերուն մէջ)՝ ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Անիի մանրանկարչութեան դպրոցը գործած է մշակութային աշխուժ միջավայրի մը մէջ, քաղաքային դասէն սերող պատուիրատուներու հովանաւորութեամբ, որ պայմանաւորած է անոր աշխարհիկ ուղղուածութիւնը եւ աւանդական ձեւակերպումները կեանքի ու կենցաղի տարրերով հարստացնելու որոշակի ձգտումը: Հոս ստեղծուած ձեռագիրներուն վանական կանոնական արուեստի խստաճաշակ պահանջներուն փոխարինած են իրականութենէն քաղուած՝ պարզ ու կենսալի յօրինուածքները, որոնք իրենց բնոյթով հարազատ էին քաղաքային դասին:

 
Հոռոմոսի վանք

ԺԱ. դարու սկիզբին, Անիի մէջ աշխատած են «անպարտելի» Թադէոս գրիչը, Գրիգոր Մարգանեցի «ճարտար» գրիչը, Գէորգը եւ ուրիշներ: ԺԲ. դարու վերջին, Հոռոմոսի վանքին գրչատան մէջ ստեղծագործած է մանրանկարիչ Յովհաննէսը, որմէ մեզի հասած է երեք ձեռագիր: Ան հետեւած է Մեծ Հայքի մանրանկարչութեան հնագոյն աւանդոյթներուն:

Մանրանկարչութիւնը Անիի մէջ վերելք ապրած է ԺԳ. դարու առաջին տասնամեակներուն: Նկարիչ Մարգարէն Անիի Բեխենց վանքին մէջ 1211-ին պատկերազարդած է «Հաղբատի Աւետարանը» (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռ. թիւ 6288)՝ Անիի մանրանկարչութեան դպրոցին ամէնէն բնորոշ ստեղծագործութիւնը: Իբրեւ նորարար արուեստագէտ, ան ստեղծած է ինքնատիպ մանրանկարներ, որոնք չեն կաշկանդուած պատկերագրական կանոններով, կը ներկայացնեն կենցաղային դրուագներ եւ նկարիչի ժամանակակիցներու դիմանկարներ: Նոյն գրչատան մէջ աշխատած է ծաղկող Տիրացուն:

Հայ մանրանկարչութեան մէջ առաջին անգամ Բեխենց վանքի նկարիչները գրութիւններ ձգած են խորաններու սիւներու ու երիզներու վրայ (հաւանօրէն Անիի ճարտարապետական կառոյցներու բազմաձեւ վիմագիրներու հետեւողութեամբ): Այդ սովորոյթին հետեւած են նաեւ Անիի մանրանկարչութեան դպրոցի միւս նկարիչները: Բազմաթիւ ձեռագիրներու հեղինակ է շնորհալի գրիչ եւ մանրանկարիչ Իգնատիոս Հոռոմոսցին, որուն լաւագոյն գործերէն են՝ 1232-ի «Պակնայրի Աւետարանը» եւ 1236-ի տէրունական պատկերներու ամբողջական նկարաշարով Աւետարանը (Նոր Ջուղա, Ամենափրկիչ վանք, ձեռ. թիւ 36): Անիի մանրանկարչութեան դպրոցին առնչուած է Աբաս նկարիչին նշանաւոր միակ մատեանը (պահուած է Շիքակոյի համալսարանին գրադարանին մէջ), որուն մանրանկարներուն մէջ առկայ են քաղաքային տարազ կրող կերպարներ ու ճարտարապետական մանրամասնութիւններ՝ «Հաղբատի Աւետարանի»ն պատկերներուն նման: Այս ձեռագիրին խորաններուն հեղինակն է Իգնատիոսը:

1298-ին Անիի մէջ ձեռագիր ընդօրինակած եւ ծաղկած է գրիչ Եղբայրիկը, տէրունական եւ աւետարանիչներու պատկերներն ստեղծած է Խաչատուրը: Անիի մանրանկարչութեան դպրոցին մէջ կազմաւորուած է նկարիչ Մխիթար Անեցիին արուեստը: Անիէն մեզի հասած վերջին ձեռագիրը ստեղծած է քաղաքի եպիսկոպոս Յովհաննէս Ոսկեփորիկը ԺԵ. դարու սկիզբին (Վիեննայի Մխիթարեաններու մատենադարան, ձեռ. 55):

Անի քաղաքին բազմակի աւերումներուն եւ տնեցիներուն արտագաղթի հետեւանքով բազմաթիւ ձեռագիրներ կորսուած են, սակայն պահպանուած փոքրաթիւ մատեանները կը վկայեն բարձր զարգացման հասած մանրանկարչութեան դպրոցի եւ մշակոյթի մասին[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հայկական համառօտ հանրագիտարան», հատոր առաջին, գլխ. խմբ. Կ. Խուտավերտեան, Հայկական խորհրդային հանրագիտարանի գլխ. խմբ., Երեւան, 1990, էջ 212:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Յովսէփեան Գ․, Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ հայ արուեստի պատմութեան, հ․ 1, Երեւան, 1983։
  • Մատթէոսեան Կ․, Նկարիչ Մարգարէի «Մուտք Երուսաղէմ» մանրանկարը, «Լրաբեր Հասարակական Գիտութիւններ» հանդէս, 1982, թիւ 9։
  • Der Nersessian, A. Mekhitarian Miniatures Arménienns d'Ispahan, Brussel, 1986։