Անի Աբրահամեան

Հայ բնագէտ։

Անի Աբրահամեան (15 Օգոստոս 1958(1958-08-15), Լիբանան), հայ բնագէտ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական շարք մը երկիրներու գիտական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու անդամ, ինչպէս՝ (Գիտութեան յառաջընթացի ամերիկեան ընկերակցութիւնի (AAAS), Ամերիկեան քիմիագիտութեան միութեան (ACS), Ամերիկեան բնագիտութեան միութեանն (APS), Sigma Xi, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիա), ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիդանիոյ գիտական կազմակերպութիւններու զանազան յանձնաժողովներու անդամ:

Անի Աբրահամեան
Ծնած է 15 Օգոստոս 1958(1958-08-15) (65 տարեկան)
Ծննդավայր Լիբանան
Ուսումնավայր Քլարք համալսարան[1]
Քլարք համալսարան[1]
Կոչում Frank M. Freimann Professor of Physics?[2]
Մասնագիտութիւն միջուկային ֆիզիկոս, ֆիզիքոս, համալսարանի դասախօս, ակադեմիկոս
Աշխատավայր Նոթր Տամի Համալսարան[1]
Կայքէջ physics.nd.edu/pe…(անգլերէն)

Աբրահամեան կը համանախագահէ Միացեալ Նահանգներու ազգային ակադեմիաներու «Electron Ion Collider» յանձնաժողովը, կը հանդիսանայ Մաքուր եւ կիրառական բնագիտութեան միջազգային միութեան (IUPAP) միջուկային գիտութեան կոմիտէի եւ նոյն միութեան տարրական մասնիկներու աստղագիտութեան աշխատանքային խումբի, Հարաւային Տաքոթայի Գիտութեան եւ ճարտարագիտութիւններու կազմակերպութեան (Sanford Underground Laboratory) խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միջուկային բնագիտութեան ոլորտին մէջ գործող բազմաթիւ այլ գիտական յանձնաժողովներու անդամ:

Անի Աբրահամեան ունի նաեւ շարք մը ամերիկեան եւ եւրոպական գիտական ծրագիրներու կառավարման փորձառութիւն՝ յատկապէս միջուկային բնագիտութեան եւ իզոտոպներու արտադրութեան բնագաւառէն ներս:

Ան հեղինակ է առաւել քան 200 գիտական հրապարակումներու:

Հայաստանի վարչապետի 2009-ի որոշումով՝ Անի Աբրահամեան նշանակուած է Ա. Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարան հիմնադրամի հեռանկարային զարգացման ուղղութիւնները որոշելու, ուսումնարանի կառավարման բարեփոխումները իրականացնելու եւ գիտական հետազօտութիւններու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար անկախ փորձագիտական գնահատում իրականացնելու նպատակով ստեղծուած Միջազգային փորձագիտական յանձնաժողովի անդամ, Հայաստանի վարչապետի 2011-ի որոշումով՝ հիմնադրամի փորձագիտական խորհրդակցական մարմինի անդամ եւ գիտական քարտուղար: Երկու յանձնաժողովներն ալ կը գործեն Ռուսիայ Միջուկային հետազօտութիւններու միացեալ ուսումնարանի Ֆլէորովի անուան միջուկային ազդեցութիւններու տարրալուծարանի գիտական ղեկավար, ակադեմիկոս Եուրի Օկաննէսեանի նախագահութեամբ: Անի Աբրահամեան նաեւ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է[3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել