Աշկալա (Աշկալէ, Աշխալի, Աղջակալա, թուրք.` Aşkale), քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի Էրզրում քաղաքէն շուրջ 40 քմ. արեւմուտք, Երզնկա-Բաբերդ խճուղիին վրայ։

Բնակավայր
Աշկալայի դաշտ
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1700 մեթր

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Աշկալայի հայ բնակչութեան մէկ մասը գաղթած է Արեւելեան Հայաստան, միւս մասը զոհուած է ջարդերու ընթացքին։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

ԺԹ. դարուն սկիզբը ունէր 1800, իսկ 1909-ին՝ շուրջ 800 հայ եւ թուրք բնակիչ։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Կը զբաղէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ, արհեստներով եւ առեւտուրով։

Օգտակար հանածոներ

Խմբագրել

Գիւղին մօտակայքը կար քարաղի պաշարներ։

Պատմամշակութային կառոյցներ

Խմբագրել

Աշկալան ունէր երկու եկեղեցի։ Գիւղին մօտ, բարձունքի վրայ, ուր գերեզմանոցն էր, պահպանուած էին հին բերդի աւերակներ։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Գիւղին մէջ կը գործէր դպրոց մը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան», հտ 1, էջ 292

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տես նաեւ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։