Ապուքիրի Ճակատամարտ (1799)

Ապուքիրի ճակատամարտ — տեղի ունեցած է 25 Յուլիս 1799-ին Նաբոլէոն Պոնաբարտի ղեկավարած ֆրանսական ութ հազարնոց եւ Մուսթաֆա-փաշայի տասնութ հազարնոց թրքական բանակներուն միջեւ Ապուքիր հրուանդանին մէջ, ուր դէպքերէն մէկ տարի առաջ ծովակալ Նելսոնը գրեթէ ամբողջ ֆրանսական նաւատորմը ջախջախեց։ Այս ճակատամարտի ընթացքին տարած փայլուն յաղթանակը մաքրեց անգլիացիներէն կրած խայտառակ պարտութեան հասցուցած ամօթը։ Այս յաղթանակը Նաբոլէոնի ամէնափայլուն յաղթանակներէն մէկը դարձաւ, քանի որ ճակատամարտէն ետք ամբողջ թրքական բանակը ոչնչացուց, ֆրանսացիներու նուազագոյն կորուստներուն դիմաց։

Ապուքիրի Ճակատամարտ
Եգիպտական արշաւանք
Մուրատը Աբուքիրի ճակատամարտի ընթացքին
Թուական 25 յուլիս 1799
Վայր Ապուքիրի ծոց, Եգիպտոս
Արդիւնք Ֆրանսացիներու վստահ յաղթանակ
Հակառակորդներ
 Ֆրանսա Ֆրանսայի Առաջին Հանրապետութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրամանատարներ
 Ֆրանսա Նաբոլէոն Պոնաբարտ Սաիդ Մուսթաֆա-փաշա
Սիդնէյ Սմիթ
Կողմերու ուժեր
7,700 զինուոր 18,000 զինուոր
Կորուստներ
200 սպաննուած 550 վիրաւոր 18,000՝ 2000 սպաննուած 5000 գերի 11,000 ծովին մէջ խեղդուած

Նախապատմութիւն

Խմբագրել

1798-ի աշնան Եգիպտոսը գրաւելէ ետք Նաբոլէոն, կ'որոշէ արշաւանքը շարունակել եւ Սուրիան գրաւել, իսկ թուրքերը օգտուելով ֆրանսական բանակի մեծ մասի եւ Նաբոլէոնի բացակայութենէն, որոշեցին Եգիպտոսը վերադարձնել, անգլիական նաւատորմի օգնութեամբ Մուսթաֆա-փաշան տասնութ հազարանոց բանակով 14 Յուլիսին կ'ափանէ Ապուքիր բերդի մօտ, իսկ երկու օր ետք բերդը կը գրաւեն։ Սակայն թուրքերը կ'որոշեն չզարգացնել առաջխաղացումը եւ պաշտպանութեան կը պատրաստուին։ Նաբոլէոն տեղեկանալով Եգիպտոսի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու մասին, կը դադրեցնէ Աքքայի պաշարումը եւ անյապաղ Եգիպտոս կը վերադառնայ։ 25 Յուլիսին ան Ապուքիրի մօտ 7700 զինուոր կը հաւաքէ եւ կ'որոշէ Ապուքիրի ճակատամարտը սկսիլ, որպէսզի «մաքրէ» ֆրանսացի նաւաստիներու մէկ տարուայ վաղեմութեան ամօթալի հետքերը։

Ճակատամարտի ընթացքը

Խմբագրել

Երկու ժամ տեւած պատրաստութենէն ետք կը սկսի երկու բլուրներու վրայ տեղակայուած թրքական եւ Ժան Լաննի մարտկոցներու միջեւ հրետանային մարտը։ Մեծաւոր Մուրատը առաջնագիծ կ'ուղարկէ երկու հեծելազօրային շարասիւն եւ իւրաքանչիւրին վեց թեթեւ թնդանօթ կը տրամադրէ։ Առաջին շարասիւնը դէպի թրքական զօրքերու գրաւուած բլուրներու միջեւ առկայ խորութիւնը կ'ուղեւորուի։ Թուրք հրաձիգներու արձակած կրակոցները կը վնասէին ֆրանսական շարասիւները, սակայն, երբ հեծեալնեուն զուգորդեց թեթեւ հրետանիի համազարկը՝ թիկունքէն թուրքերը կորսնցուցին նահանջելու տարածութիւնը եւ ինքնատիրապետումը։ Իսկ երբ Ժան Լաննի ֆրանսական ծանր հրետանին կրակ բացաւ բլուրի վրայ տեղակայած թուրքերուն վրայ, վերջիններս խուճապահար փախուստի դիմեցին, սակայն անոնց ներքեւ երկրորդ շարասիւնը կը սպասէր. նահանջելու տեղ չկար այլեւս, որովհետեւ անոնց կը հետեւէր փոթորկոտ ծովը։ Ֆրանսացիները կը գնդակահարէին թուրքերը, իսկ հեծելազօրի գրոհի ժամանակ թուրքերը ծովը նետուեցան, իրենց նաւերուն հասնելու յոյսով, սակայն նաւերուն հասաւ միայն ջուրը նետուածներու 10 տոկոսը։ Թուրքերու կեդրոնը օգնութեան հասաւ, իսկ Մուրատ շրջապատեց զանոնք[1]։ Լանիւսի հետեւակայինները Մուրատի գրոհի պատճառով առանց հեծելազօրի մնալով, որոշեցին Մուրատին հետեւիլ։ Թուրքերը այս անգամ եւս փրկութեան ճամբայ փնտռեցին, սակայն անոնց նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։ Ճակատամարտը արդէն սկսած էր, թուրքերը արդէն 8000 զինուոր կորսնցուցած էին՝ 5400 ծովուն մէջ խեղդուած էին, 1400 սպաննուած էին, 1200-ը գերեվարուած էին, ֆրանսացիներու ձեռքը անցած՝ 18 թնդանօթ, 30 արկերով լի սնտուկներ եւ 50 դրօշ։

Ֆրանսացիները արդէն կրնային թուրքերու երկրորդ գիծը գրոհել, սակայն թշնամին լաւ դիրք կը գրաւէր։ Աջէն եւ ձախէն անոնք պաշտպանուած էին նաւատորմերով եւ հրետանիով։ Սակայն առաջին հայացքէն այս անառիկ թուացող դիրքը չկրցաւ Նաբոլէոնին կանգնեցնել, ան հրուանդանի մօտ՝ թշնամիի թիկունքին հրետանային մարտկոցներ տեղակայեց։ Մարտի դաշտին վրայ ֆրանսացիներու փոքրաթիւ ջոկատը թուրքերու գնդակոծութեան ենթարկուեցաւ. 50 վիրաւորէն զատ բոլորը սպաննուեցան։ Թուրքերը իրենց սովորութեան համաձայն, վիրաւոր ֆրանսացիներուն գլխատելու նետուեցան։ Ֆրանսական 69-րդ կիսաբաժինը վիրաւորներուն օգնութեան հասաւ, անոնց հեծելազօրը միացաւ։ Մուսթաֆա-փաշան եաթաղանը ձեռքին՝ հաւատարիմ մարտիկներու հետ մինչեւ վերջ մարտնչեցաւ, զօրավար Մուրատ ծանր վիրաւորեց զինք, փաշան ատրճանակով կրակեց Մուրատին, սակայն փամփուշտը զօրավարի այտը վիրաւորեց եւ ի զարմանս բոլորի, ո՛չ այտոսկրը վնասուեցաւ, ո՛չ ալ ատամնաշարը[2]։ Փաշան հազարաւոր մարտիկներու հետ գերեվարուեցաւ, մնացածը դարձեալ լողալով փորձեցին նաւատորմին հասնիլ։ Թուրքերուն օգնութեան հասած անգլիական նաւատորմի ծովակալ Սիդնեյ Սմիթը հրաշքով փրկուեցաւ գերեվարուելէ։ Թուրքերը 100 ռազմական դրօշ կորսնցուցին, 32 հրանօթ, 120 զինամթերքով լի արկղ, սայլեր, 400 ձի եւ բազմաթիւ վրաններ։

Արդիւնք

Խմբագրել

Ֆրանսացիները յաղթեցին, թրքական բանակը գլխովին ջախջախուեցաւ։ Եգիպտոսը մնաց ֆրանսացիներու տիրապետութեան տակ մինչեւ 1802։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Նապոլեոն. Հիշողություններ և ռազմա-պատմական ստեղծագործություններ. 569—572 էջեր.
  2. Դ. Չանդլեռ. Նապոլեոնի ռազմական արշավանքները. Էջ 139.

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Chandler, David, The Campaigns of Napoleon New York, Macmillan, 1966.
  • Herold, J. Christopher, Bonaparte in Egypt — London, Hamish Hamilton, 1962.