Ապրոյ
Ապրօ(1832-1875), եգիպտահայ, սերած Իզմիրէն, որդի Պետրոս Ապրոյի, ծնած 1932-ին եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած Գերմանիոյ մէջ, որուն լեզուին հմուտ էր եւ նաեւ տեղեակ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Պաշտօնավարելէ ետք խտիւ Իսմայիլ փաշայի քով՝ մտած էր Մեծն Նուպար փաշայի օրով Եգիպտոսի Արտաքին նախարարութեան մէջ 1870-79 տարիներուն, որ երբ եգիպտական կառավարութեան կողմէ Եթովպիա կը ղրկուի հայազգի երիտասարդ քաղաքագէտն ալ 1875-ին Եգիպտոսի փառքին համար զոհ կ՛երթայ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Գիրք Բ., Թիւ 2, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 209