Առողջապահութեան Համաշխարհային Օր

Առողջապահութեան Համաշխարհային Օր (անգլերէն՝ World Health Day), Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ, (World Health Organization (WHO)) բոլոր անդամ երկիրները 7 Ապրիլը կը նշեն իբրեւ Առողջութեան համաշխարհային օր։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան դրօշակը

Պատմութիւն

Խմբագրել

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) հիմնադրուած է 1945-ին: Պետութիւններու ղեկավարներու 1945-ի հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ առողջապահութեան ոլորտի համաշխարհային կազմակերպութիւն ստեղծելու հարցը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) սահմանադրութիւնը ուժի մէջ մտած է 7 Ապրիլ 1948-ին, եւ այդ օրը ամէն տարի կը նշուի իբրեւ՝ Առողջութեան համաշխարհային օր[1][2]:

Հիմնադրման օրէն մինչեւ այսօր՝ աշխարհի տարածքին շուրջ երկու հարիւր պետութիւն, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) անդամ դարձած է[3]:

Ամէն տարի Առողջութեան համաշխարհային օրը կը նուիրուի աշխարհի առողջապահութեան առջեւ ծառացած համընդհանուր խնդիրներուն եւ կ'ուղեկցուի կարգախօսներով՝ «Աշխուժութիւնը երկարակեցութեան գրաւական», «Յղութիւնը կեանքի առանձնայատուկ իրադարձութիւն է: Դարձնենք զայն անվտանգ», «Պաշպանենք առողջութիւնը կլիմայական փոփոխութիւններէ»:

Առողջապահութեան համաշխարհային օրը ընդունուած օր է տարբեր կառավարութիւններու եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք հետաքրքրուած եւ մտահոգ են հանրային առողջապահական խնդիրներով։ Անոնք ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ լրատուամիջոցներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ'առնեն իրենց աջակցութիւնը, օրինակ՝ Համաշխարհային առողջապահութեան խորհուրդը[4]։

Տարիներու ընթացքին

Խմբագրել
  • 75 տարիներու ընթացքին Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնը կարելիութիւնը կու տայ կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելու քաղաքական գետնի վրայ: Օրինակի համար, 2003 թուականի կազմակերպութեան անդամ երկիրները կը ստորագրեն աշխարհի հանրային առողջապահութեան հռչակագիրը: Այս հռչակագիրին նպատակն է ծխելու դէմ պայքարիլ. անիկա կ'որդեգրուի 181 երկիրներու կողմէ: Այս պայքարին արդիւնքները դրական կ'ըլլան, որովհետեւ 2021 թուականին ծխախոտի սպառումը նուազում կ'արձանագրէ 150 երկիրներու մէջ:
  • Շատ վարակիչ հիւանդութիւնները գրեթէ ամբողջովին անհետացած են աշխարհէն, յատկապէս` Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան ճիգերուն շնորհիւ, ինչպէս՝ փոլիօն կամ ծաղկախտը:
  • Կարգ մը հիւանդութիւններ կ'անհետանան, սակայն նորեր կը յայտնուին: Ներկայիս կազմակերպութիւնը երկիրներու հետ կը գործակցի նախատեսելու եւ դարմանելու համար հիւանդութիւններ, որոնք գոյութիւն չունէին 75 տարի առաջ:
  • Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը կը միջամտէ «Քովիտ 19»-ի համաճարակին ընթացքին:
  • Ան կը շարունակէ լուծումներ փնտռել քաղցկեղի տեսակներու, Սիտայի պարագային, ինչպէս նաեւ` մտային առողջապահութեան վերաբերեալ հարցերու, ինչպէս` ընկճախտը:
  • Կազմակերպութիւնը նաեւ կ'աշխատի ամբողջ կեանքին ընթացքին ֆիզիքական առողջութեան եւ բարեկեցութեան համար:
  • Անոր բազմաթիւ մտահոգութիւններէն մէկն է նաեւ ծերութիւնը: Կազմակերպութիւնը կ'ուզէ օգնել տարեց անձերուն` հասկնալու եւ ընդունելու ծերութիւնը եւ խնամք ու հոգատարութիւն անոնց տրամադրութեան տակ դնելու:
  • Կազմակերպութիւնը կը նախաձեռնէ նաեւ պատուաստներու քարոզարշաւներ, որոնք կարելիութիւնը կու տան փրկելու 3,5 – 5 միլիոն անձ` տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս` թեթանոսը, կապոյտ հազը, կրիփը եւ հարսանիթը:
  • Ան կ'օգնէ նաեւ երկիրներու` ծրագրելու առողջապահութեան վերաբերեալ աշխատանքներ, բոլորին խնամք հայթայթելու մատչելի գիներով:
  • Ան կը դիւրացնէ արհեստագիտութեան մարզին մէջ արդիական միջոցներու տրամադրումը եւ կը տեղեկացնէ աշխարհի բնակչութեան եւ երկիրներու պատասխանատուներուն:
  • Կազմակերպութիւնը օգնութեան կը հասնի պատերազմներէ, կամ կլիմայական փոփոխութիւններէ տառապող մարդոց:
  • Վերջապէս, կազմակերպութիւնը կը քաջալերէ երկիրներու պատասխանատուները եւ ղեկավարները` յարգելու իրենց պարտաւորութիւններն ու որոշումները[5]:

Տարեկան Թեմաներ

Խմբագրել

Ամէն տարի Առողջութեան համաշխարհային օրը կը նուիրուի մոլորակի առողջապահութեան առջեւ կանգնած խնդիրներուն ՝ սահմանուած տարբեր կարգախօսներով։

2011 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Հակամանրէային դեղամիջոցներու նկատմամբ դիմադրողականութիւն»։

2012 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Քաջառողջութիւնը կ'աւելցնէ մեր կեանքի տարիները»։

2013 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Առողջ սիրտի տրոփում, առողջ արեան ճնշում»։

2014 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Փոխանցիկ հիւանդութիւնները», որոնց մշտական սպառնալիքին տակ է են աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելին։

2015 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Սնունդի անվտանգութիւնը»։

2016 թուականի կարգախօս

Խմբագրել

Օրուան թեման էր «Դադրեցնել աճը: Յաղթահարել շաքարախտը»։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. World Health Organization: World Health Day. Accessed 16 March 2011.(անգլերէն)
  2. Ապրիլի 7-ը՝ Առողջապահութեան համաշխարհային օր
  3. Ապրիլի 7-ը՝ Առողջապահութեան համաշխարհային օր
  4. Global Health Council: World Health Day Archived 2011-09-30 at the Wayback Machine. by Lara Endreszl, 7 April 2009.(անգլերէն)
  5. Տարիներու ընթացքին