Ծաղկախտ

Ժահրային փոխանցիկ-վարակիչ հիւանդութիւն։

Ծաղկախտ (անգլերէն՝ smallpox), ժահրային փոխանցիկ-վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը-վարակը (causetive agent) Orthopox ժահրն է: Ներկայիս ծաղկախտը գրեթէ  ոչնչացած է (eradicated) ամբողջ աշխարհի տարածքին։ նոր պարագաներ կը տեսնուին հազուագիւտօրէն: Անոր փոխանցումը կ'ըլլայ դպչելով եւ օդի միջոցով, իսկ թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-12 օր է[1]։

Ծաղկախտ
Տեսակ ժահրային վարակիչ հիւանդութիւն
Բուն պատճառը Ժահր
Հիւանդութեան ախտանիշը ջերմ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, մարմնական եւ կռնակի ցաւ, փորի ցաւ, կարմիր բշտիկներ բերնին մէջ, երեսին վրայ, բազուկներուն վրայ, իրանին վրա, սրունքներուն վրայ
Վարակ տարածող Մարդ

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Ծաղկախտը առաջին անգամ յիշատակուած է քրիստոսէ երեք դար առաջ Եգիպտոսի մէջ: Ան պատահած է համաճարակի ձեւով (epidemic):

Դարեր առաջ մարդիկ հաստատած են, որ ծաղիկով վարակուողը երկրորդ անգամ չի վարակուիր: Այս հիմնաւորումով երբ վարակուած անձ մը գտնուէր գիւղի մը մէջ ժողովուրդը իրենց երեխաները կը բերէին առողջ երերխաները վարակուած երեխային մօտ որպէսզի վարակումը տեղի ունենար: Այս երեխաները ապագային երկրորդ վարակում չէին ունենար:

Ժամանակին ծաղկախտէ վարակուողներուն 30 տոկոսը մահացած են եւ անոնց  մեծամասնութիւնը մանուկներ եղած են:

Ամերիկայի մէջ յայտնուած է առաջին անգամ 1600-ականներուն եւ այդ եղած է Եւրոպայէն Ամերիկա հասած գաղթականներու միջոցաւ:

18-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ ծաղկախտի պատճառով տարեկան մահացած են 400,000 անձեր եւ չմահացողներուն  մէկ երրորդը ունեցած են տեսողութեան կորուստ[2]:

1967-ին 15 միլիոն անձեր ծաղկախտով վարակուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին, իսկ 20-րդ դարուն ամբողջ աշխարհի մէջ մահացած են 300 միլիոն անձեր:

1798-ին Eտուըրտ Ճենըր գտած է պատուաստ մը, որ արգելք հանդիսացած է այս հիւանդութեան: 1967-ին Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութիւնը «ՀԱԿ»ը (WHO) մեծ աշխատանք տարած է, որպէսզի բոլորովին անյայտացնէ-ոչնչացնէ ծաղկախտը:

1977-ին  մէկ պարագայ արձանագրուած է Սոմալի մէջ: 1980-ին «ՀԱԿ»ը յայտարարած է անոր ոչնչացումը  ամբողջ աշխարհի տարածքին[2]:

«Smallpox» անունը գործածուած է Անգլիոյ մէջ առաջին անգամ 16-րդ դարուն զանազանելու համար այս  հիւանդութիւնը տրփախտէ ( siphylis), որ կը կոչուէր այդ օրերուն «Great pox»[1]:

Այլ անուանումներ

Խմբագրել

Անցեալին ծաղկախտը անուանուած է նաեւ «pox», «speckled monster » եւ «red plague»:

Ախտանշանները

Խմբագրել

Ծաղկախտի ախտանշաններն են՝ ջերմ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, մարմնական եւ կռնակի ցաւ, փորի ցաւ, կարմիր բշտիկներ նախ բերնին մէջ, երեսին եւ բազուկներուն վրայ եւ ապա՝ իրանին եւ սրունքներուն վրայ։

Բշտիկները կը թարախոտին, կը չորնան, կեղեւ կը կապեն ու կը սպիանան։ Ան փոխանցիկ է բշտիկներու գոյութեան ամբողջ ընթացքին։ Անոր դարմանումը կ'ըլլայ պահելով հիւանդը կատարեալ ֆիզիքական հանգիստ վիճակի մէջ, տալով առատ հեղուկ եւ հակաջերմ դեղեր։

Ծաղկախտը կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը, ինչպէս նաեւ կարելի է կանխարգիլել հետեւելով կարգ մը միջոցառումներով.

  • Լուալ ձեռքերը ջուրով եւ օճառով՝
  1. Հազալէ, փռնգտալէ եւ խնջելէ ետք,
  2. Հիւանդի մը հետ ձեռնուելէ ետք եւ կամ անոր քով գտնուելէ ետք,
  3. Մանուկին քիթը մաքրելէ ետք,
  4. Մանուկին շորը փոխելէ ետք,
  5. Բաղնիքի եւ պէտքարանի գործածութենէ ետք,
  6. Անասունի մը դպչելէ ետք։
  • Ծածկել քիթն ու բերանը թաշկինակով մը՝ հազալու, խնջելու եւ փռնգտալու միջոցին եւ նետել թաշկինակը աղբամանին մէջ եւ ապա լուալ ձեռքերը
  • Պատուաստել մանուկը բոլոր այն հիւանդութիւններուն դէմ, որոնք յատուկ պատուաստներ ունին։Վարակը զգալու պարագային, ծնողներ պէտք է դիմեն բժշկական խնամքի, երբ հիւանդ մանուկը՝
  1. 1-6 ամսու է եւ բարձր ջերմ ունի,
  2. Որեւէ մէկ տարիքի, երբ ան 72 ժամէ աւելի ջերմ ունի՛
  3. Բնականէն շատ երկար կը քնանայ
  4. Արագ եւ դժուար շնչառութիւն ունի,
  5. 7 օրէ աւելի հազ ունի,
  6. Հազ ունի՝ փսխուքով եւ շնչահեղձութեամբ,
  7. Արիւնոտ եւ կամ սեւ կղկղանք ունի,
  8. Չորս ժամէ աւելի շարունակական փսխուք ունի,
  9. Միզազսպուածութիւն (urinary retention), բերնի չորութիւն եւ ջրազրկում ունի,
  10. Սուր եւ անակնկալ ականջի ցաւ ունի։

Ծաղախտի պատուաստը

Խմբագրել

Ծաղախտի պատուաստը առաջին պատուաստն է, որ պատրաստուած է 1796-ին, անգլիացի բժիշկ Էտուըրտ Ճենըրի կողմէ: Այդ օրերուն ծաղկախտէ վարակուած  չափահասներուն  20-60 տոկոսը մահացած է, ինչպէս նաեւ`  երեխաներուն 80 տոկոսը: 1979-ին այս հիւանդութիւնը վերջնականապէս անհետացած է համայն աշխարհի մէջ: Սակայն մինչեւ այդ թուականը շուրջ 500 միլիոն անձեր մահացած են ծաղկախտէ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Ծաղկախտ-Ծաղիկ Small pox»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2020-02-07։ արտագրուած է՝ 2022-02-09 
  2. 2,0 2,1 «What is Smallpox? | Smallpox | CDC»։ www.cdc.gov (անգլերէն)։ 2019-02-15։ արտագրուած է՝ 2022-02-09 
  3. «Պատուաստ Եւ Պատուաստում»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-11-03։ արտագրուած է՝ 2022-02-09