Արագիլ
Արագիլ (լատ.՝ Ciconiidae), թռչուններու ընտանիքէն։ Գոյութիւն ունի քսան տեսակ[1], Հայաստանի մէջ՝ երկու տեսակ՝ սեւ եւ սպիտակ։ Կտուցը երկար է, ծայրը՝ ուղիղ, սուր կամ թեթեւակի կեռ, թեւերը՝ լայն, ոտքերը՝ երկար, վառ կարմիր։ Տարածուած են արեւադարձային, մասամբ՝ բարեխառն գօտիներուն մէջ։
Արագիլ | |
---|---|
|
Արագիլներուն գաղթը
ԽմբագրելԵրբ ձմեռը կը մօտենայ, արագիլներուն ուտելիքը կը նուազի: Անոնց համար ժամանակն է երթալու դէպի արեւոտ Ափրիկէ, ուր ուտելիքը աւելի առատ է: Արագիլները, որոնք ընդհանրապէս զոյգերով կ'ապրին, կը խմբուին: Նոյնիսկ փոքրիկ արագիլները ճամբորդութեան մաս կը կազմեն:
Արագիլները թռիչք կ'առնեն: Կը սկսի աւելի քան երեսուն օր տեւող ճամբորդութիւն մը: Ճամբան շատ դիւրին է. ուղիղ դէպի առջեւ: Օրուան ընթացքին արագիլները կը սաւառնին առանց ճիգի: Գետնէն բարձրացող տաք օդի հոսանքները զանոնք կը քշեն ու կը տանին: Գիշերը բոլորը գետին կ՛իջնեն ուտելու եւ հանգստանալու համար[2]:
Հազարաւոր քիլոմեթրեր ճամբորդութենէ մը ետք, արագիլները վերջապէս կը հասնին Ափրիկէ: Հոն, ցուրտ ձմեռէն հեռու, անոնք դիւրութեամբ ուտելիք կը գտնեն` միջատները, ձուկ կամ պզտիկ անասուններ: Անոնք իրենց ուժը կը վերագտնեն:
Գարնան չափահաս արագիլները կը պատրաստուին հիւսիս վերադառնալ: Հոն է, որ անոնք պիտի ածեն իրենց հաւկիթները: Այն փոքրիկ արագիլները, որոնք տակաւին ածելու տարիքի չեն հասած, քանի մը տարի Ափրիկէ պիտի մնան իրենց կարգին հիւսիսի ճամբան բռնելէ առաջ:
Նկարագրութիւն
Խմբագրել- Մարմինը ուղղահայեաց է։
- Մարմինին երկարութիւնը 100-115 սմ է, թեւերուն բացուածքը՝ 155-165 սմ, կշիռքը՝ 4 քկ։
- Արագիլը բոյնը կը հիւսէ ճիւղերէ, խոտաբոյսերէ ու լաթերէ՝ գիւղական տուներու տանիքներուն, ծառերուն, աշտարակներուն եւ ժայռերուն վրայ, նոյնիսկ, ելեկտրասիւներու ծայրերուն։
- 3-7 ձուերէն կ'ունենայ 3-5 ձագ։
- Սպիտակ արագիլներուն զոյգերը իրարու հաւատարիմ կը մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։
- Ձուէն նոր դուրս եկած ձագերը ունակ կ'ըլլան ձայներ արձակելու, որոնք աստիճանաբար կը զարգանան։
- Մեծ արագիլները իրարու հետ կը հաղորդակցին կափկափիւններով, կարծես կ'աւետեն նաեւ գարնան գալուստն ու իրենց բազմացման ժամանակը։
- Բոյնը պաշտպանելու համար արագիլները պատրաստ են անզիջում կռիւի բռնուելու։
- Սեւ արագիլներու աւելի հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ, անոնք իրենց բոյնը կը շինեն Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։ Հայաստանի մէջ անոնց կարելի է հանդիպիլ Սեւանայ լիճին աւազանին, հիւսիսային եւ հարաւ արեւմտեան շրջաններուն մէջ։
- Չափազանց զգոյշ թռչուն մըն է եւ կը նախընտրէ ապրիլ խուլ անտառներու մէջ։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Storks (Ciconiidae)»։ www.hbw.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2 Փետրուար, 2019
- ↑ Արագիլը