Արայիկ Խանտոյեան

Արայիկ Խանտոյեան (այլանունը՝ Միայնակ գայլ, 19 Ապրիլ 1971(1971-04-19), Վերին Սասունիկ, Հայաստան - 9 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-09), Գիւմրի, Հայաստան), Արցախեան պատերազմի մասնակից ազատամարտիկ եղած է, ՀՀ զինուած ոյժերու պահեստազօրի մայոր, հասարակական-քաղաքական գործիչ, «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութեան եւ «Սասնա Ծռեր» խմբաւորման անդամ։[1]

Արայիկ Խանտոյեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Միայնակ գայլ
Ծնած է 19 Ապրիլ 1971(1971-04-19)
Ծննդավայր Վերին Սասունիկ, Հայաստան
Մահացած է 9 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-09) (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Գիւմրի, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն զինուորական
Անդամութիւն Սասնայ ծռեր խմբաւորում, Պորհրդային Զինուած ուժեր եւ Հայաստանի Զինուած Ուժեր
Կուսակցութիւն Սասնա Ծռեր

Մանկութիւն

Խմբագրել

Արայիկ Խանտոյեան 1971 թուականի Ապրիլ 19-ին Արագածոտնի մարզի Վերին Սասունիկ գիւղը ծնած է՝ Եզնիկ եւ Ռիմա Խանտոյեաներու ընտանիքին մէջ:

Ռազմական Գործունէութիւն

Խմբագրել

Արայիկ Խանտոյեանի ռազմական գործունեութիւնը սկսած է 1988 թուականին, երբ տակաւին 17 տարեկանին, Ծաղկահովիտ գիւղի մօտակայ խորհրդային ռազմակէտէն հայկական կամաւորական ջոկատները տրամադրելու նպատակաւ զէնք եւ զինամթերք կը հայթայթէր:

1989 թուականին ԽՍՀՄ զինուած ոյժեր զօրակոչուած է, սակայն 1990 թուականին արձակուրդին չէ վերադարձած ծառայութեան վայր:

Խորհրդային բանակէն դասալքութեան պատճառը Արցախեան պատերազմի սրացումը եղած էր:

Նոյն տարուան Արայիկ Խանտոյեանն Արցախ մեկնած է եւ կամաւորական-ինքնապաշտպանական շարժումին միացած է, ուր «Միայնակ գայլ» այլանունը ձեռք բերած է: Արցախեան պատերազմին մասնակցած են նաեւ նրա եղբայրներէն երեքը՝ Արարատը, Արթուրը եւ Յունանը: Արմէն Խանտոյեանը չէ կրցած մասնակցիլ առողջական խնդիրներու պատճառաւ:

Յունան Խանտոյեանը զոհուած է պատերազմի ժամանակ:

1994 թուականի հրադադարէն ետք Արայիկ Խանտոյեան եւ իր եղբայրներ Արարատն ու Արթուրը շարունակած են ծառայութիւնը ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ:

Ընտանիք

Խմբագրել

Արայիկ Խանտոյեանը հինգ զաւակներու հայր եղած է։

Քաղաքական գործունէութիւնը

Խմբագրել

Քաղաքական կեանքին մասնակցած է, անդամագրուելով հրամանատար Ժիրայր Սէֆիլեանի հիմնադրած շարժումներուն։ Հիմնադիր խորհրդարան կազմակերպութեան անդամ եղած է։ Ելոյթներ ունեցած է հանրահաւաքներուն, մասնակցած քաղաքական բնոյթի երթերու, մամլոյ ասուլիսներու միջոցաւ կոչերով հանդէս եկած է։

Արայիկ Խանտոյեանը իր քաղաքական աշխոյժ դիրքոշման համար բազմիցս հետապնդումներու ենթարկուած է, նաեւ ձերբակալուած։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել