Հայաստանի Զինուած Ուժեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժեր, Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը պաշտպանող պետական ռազմական հաստատութիւն[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կազմուած են բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ աշխարհաքաղաքական դաշտին մէջ Խորհրդային Միութիւնը կ'ապրէր իր գոյութեան վերջին ամիսները՝ փլուզման շրջանը, իսկ տարածաշրջանին մէջ սկսած էր ցեղային, տարածքային պատերազմ՝ հայերու եւ ազերիներու միջեւ։ Զինուած ուժերու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի ունեցած են հետեւեալ ժամանակային փուլերով՝

  • Առաջին փուլ, որ տեւած է Փետրուար 1988-էն մինչեւ Մայիս 1992։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Ղարաբաղեան շարժման աշխուժացումին եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ծայրաստիճան սրման պայմաններուն մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ռազմական անվտանգութեան ապահովումը դարձաւ աւելի քան հրատապ։
  • Երկրորդ փուլ, որ տեւած է Յունիս 1992-էն մինչեւ Մայիս 1994։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները կ'ենթարկուէին Ազրպէյճանի հանրապետութեան նախայարձակման։
  • Երրորդ փուլ, որ սկսած է Յունիս 1994-էն եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին զգալի աշխատանքներ իրականացուած են բանակաշինութեան, զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման, կարգապահութեան ամրապնդման, սպայական եւ ենթասպայական, ինչպես նաեւ պայմանագրային անձնակազմի պատրաստման եւ վերապատրաստման, բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւններուն մէջ որոշակի առաջընթացի ապահովման ուղղութեամբ։

Սեպտեմբեր 1990-ին կազմուեցաւ Երեւանի յատուկ գունդը, իսկ Արարատի, Գորիսի, Վարդենիսի, Իջեւանի, եւ Մեղրիի մէջ ձեւաւորուեցան հինգ վաշտեր։ 1991 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշմամբ հիմնուեցաւ Նախարարներու խորհուրդին առընթեր պաշտպանութեան պետական կոմիտէ։

Զինուած ուժերու կառուցուածքը

Խմբագրել
 
Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ օդադեսանտային զօրքերու զինծառայողները զօրահանդէսի ժամանակ, Երեւան, Հանրապետութեան հրապարակ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կազմուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն, հինգ բանակային մարմիններէ[2]: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին կազմուած է վարչական բաժանմունքներէ, հետախուզութեան, զօրքերու ծառայութեան եւ զինուորական ծառայութեան անվտանգութեան ապահովման, հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու, ռազմավարական ծրագրաւորման, մարտական պատրաստութեան կառավարման համակարգերու, քիմիական, կենսաբանական պաշտպանութեան, կազմազօրահաւաքային, ներգործող, անձմնակազմի հետ տանող աշխատանքներու, ֆինանսական, ռազմատեղեկագրական, չափագիտական եւ ռազմանուագախմբային բաժիններէն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական պատուիրակութենէն եւ այլ ստորաբաժանումներէ, որոնք կը կատարեն խնդիրներու առաջադրման եւ ծրագրաւորման, անոնց իրականացման, վերահսկողութեան գործերը[3]:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կազմուած են հետեւեալ մասնագիտացած զօրքերէն.

  • ցամաքային զօրքեր,
  • ռազմաօդային ուժեր,
  • հակաօդային պաշտպանութեան զօրքեր:

ցամաքային զօրքերը իրենց հերթին բաղկացած են հետեւեալ զօրատեսակներէն.

  • թանկային զօրքեր,
  • հրթիռային զօրքեր,
  • օդային զօրքեր,
  • կապի զօրքեր։

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ղեկավար կազմը (2024)

Խմբագրել
  • Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար - Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան
  • Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար - Վիգէն Սարգսեան, կը պաշտօնավարէ 2016 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ԳՇ պետ - Մովսէս Յակոբեան, կը պաշտօնավաէ 2016 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ՊՆ տեղակալ - Արա Նազարեան, կը պաշտօնավարէ 2007 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ՊՆ տեղակալ - Դաւիթ Փախչանեան,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ԳՇ պետի առաջին տեղակալ - Էնրիքօ Ափրիամով, կը պաշտօնավարէ որպէս տեղակալ 2000 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ - Հայկազ Բաղմանեան,կը պաշտօնավարէ 2009 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ - Ստեփան Գալստեան, կը պաշտօնավարէ 2009 թուականէն,
  • Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ - Օննիկ Գասպարեան:

Միջազգային համագործակցութիւն

Խմբագրել

Միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններ

Խմբագրել

ՀԱՊԿ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 15 Մայիս 1992-ին ստորագրելով հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրը, դարձած է հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ։

Ռուսաստանի Դաշնութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու միջազգային համագործակցութեան դաշտին մէջ մեծ տեղ ունի Ռուսաստանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը։

ՆԱԹՕ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը որոշակի հարցերու ատեն մշտապէս կը համագործակցին հիւսիս-ատլանտեան դաշինքին հետ։

Իրաք

Յունուար 2005-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ստորաբաժանումը միացած է Իրաքի մէջ իրականացուող բազմազգ խաղաղապահ առաքելութեան՝ մասնաւորաբար մասնակցելով ականազերծման, բեռնափոխադրումներու եւ բժշկական ապահովման աշխատանքներուն։ Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ստորաբաժանումը դուրս կու գայ Իրաքէն Հոկտեմբեր 2009-ին։

Աֆղանիստան

Սկսելով Փետրուար 2010-էն, Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ստորաբաժանումը ընդգրկուած է Գերմանիայի Հանրապետութեան հրամանատարութեան տակ գտնուող ՄԱԱՈՒ (Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցման ուժեր) (ISAF) հիւսիսային հրամանատարութեան կազմին մէջ եւ կ'իրականացնէ Քունտուզ քաղաքի օդակայանի անվտանգութեան ապահովման խնդիրները։

Զօրակոչ

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ զօրակոչը նախատեսուած է 18-27 տարեկան արական սեռի ներկայացուցիչներուն համար՝ 2 տարի ժամկէտով, որ կը կարգաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան զինապարտութեան մասին օրէնքով։

Զինապարտութեան մասին օրէնքի 2012 թուականի փոփոխութիւնները

Խմբագրել

19 Մարտ 2012-ին օրէնքին մէջ կատարուեցան փոփոխութիւններ եւ լրացումներ, որոնց համաձայն պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչի ժամանակ բնակութեան վայրին մօտ գտնուող զօրամասին մէջ ծառայելու արտօնութենէն կ'օգտուին երկկողմանի ծնողազուրկ զօրակոչուողները, ինչպէս նաեւ միակողմանի ծնողազուրկ այն զօրակոչուողները, որոնք չունին չափահաս քոյր կամ եղբայր (մինչ այդ փոփոխութիւնը այդ արտօնութենէն կ'օգտուէին բոլոր միակողմանի ծնողազուրկ երեխաները), իսկ բնակութեան վայրին մօտ գտնուող զօրամաս կը համարուի մինչեւ 150 քմ. տեղակայուած զօրամասը (մինչ փոփոխութիւնը 100 քմ. էր)[4]։

Պատկերներ

Խմբագրել

Ցամաքային զօրքերու սպառազինութիւնը

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել