Արարատ Էսքիճեան Թանգարանը


Արարատ Էսքիճեան թանգարան (Ararat Eskijian Museum), հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման այս իւրօրինակ թանգարան, 1993 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած է՝ ծագումով սուրիահայ, լոսանճելըսաբնակ ճարտարապետ-նախագծող, բարերար Լիւտէր Էսքիճեանի կողմէ:

Արարատ Էսքիճեան Թանգարանը
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Տեղագրութիւն Լոս Անճելըս
Հիմնադրուած է 1993
34°16′57″N 118°27′43″W / 34.282622°N 118.461942°W / 34.282622; -118.461942
Կայքէջ ararat-eskijian-museum.com(անգլերէն)
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Էսքիճեան նպատակ ունէր այսպիսի կեդրոն մը ստեղծելով՝ պահպանել ու սերունդներուն փոխանցել հայոց մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւնը: Ուշագրաւ է, որ բազում ցուցանմոյշներու կողքին կան նաեւ «Արարատ տուն»ի տարեց բնակիչներէն ձեռք բերուած ընտանեկան ժառանգութեան մասունքներ:

Թանգարանին մէջ ընդհանրապէս ներկայացուած են պատմագիտական, դրամագիտական նմոյշներ, փաստաթուղթեր, կը ցուցադրուին աւելի քան 450 տարուան քարտէսներ, արուեստի հին եւ ժամանակակից աշխատանքներ, ձեռագրեր եւ հայոց ու համաշխարհային մշակոյթին, պատմութեան վերաբերող բազմապիսի նիւթեր:

Թանգարանին մէջ առկայ են նաեւ արեւելեան, եւրոպական բազմաթիւ ժողովուրդներու մշակոյթը ներկայացնող իրեր: Հայկական անունով այս թանգարանին մէջ կը պահուի Մարթին Լուտըրի Աստուածաշունչի գերմաներէն բնագիրը. ինչպէս ծանօթ է, գերմանացի վանական եւ աստուածաբան Մարթին Լուտըր առաջինը եղած է, որ Աստուածաշունչ մատեանը լատիներէնէ թարգմանած է գերմաներէնի:

Թանգարան ըլլալէ զատ «Արարատ Էսքիճեան»ը հետազօտական կեդրոն մըն է, ուր մշակութային ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ[1][2], երաժշտական եւ այլ միջոցառումներ կը կազմակերպուին:

Թանգարանի մուտքին տեղադրուած է «Մոխիրներէն յառնող Մայր Հայաստան» պրոնզաձոյլ արձանը, որու մտայղացումը եւ նախագիծը Լիւտեր Էսքիճեանին կը պատկանի, իսկ քանդակագործը՝ Յարութ Հալէպեանն է[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. ««Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանին Մէջ Դասախօսութիւն Նուիրուած Հայկական Եկեղեցական Կտաւներու – Armenian News By MassisPost»։ 2016-08-15։ արտագրուած է՝ 2023-08-16 
  2. «Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան պիտի դասախօսէ Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ»։ https://arevelk.am/։ արտագրուած է՝ 2023-08-16 
  3. «ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»ԷՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-16