Արիստիթէս Աթենացի

Արիստիթէս Աթենացի, Բ. դարու յոյն քրիստոնեայ հեղինակ։

Արիստիթէս Աթենացի
Ծնած է 2-րդ դար
Ծննդավայր Աթէնք, Achaea, Հին Հռոմ
Մահացած է 134
Մահուան վայր Աթէնք, Achaea, Հին Հռոմ
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ

Անոր «Ջատագովութիւն» երկը մեզի հասած ամբողջական հնագոյն ստեղծագործութիւնն է։ Գրուած է շուրջ 140-ին եւ հասցէագրուած՝ Ատրիանոս Անտոնինոս Պիոս կայսեր։

Արիստիթէսի «Ջատագովութիւնը» լայնօրէն կ'ընթերցուի Բ.-Զ. դարերուն ընթացքին։

Մինչեւ ԺԹ. դարու վերջերը կորսուած կը համարուի։

1878-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան հայրերը Ժ. դարու հայկական ձեռագիրի մը մէջ կը յայտնաբերեն եւ կը հրատարակեն «Ջատագովութեան» հայերէն թարգմանութեան հատուած մը։

1889-ին, Սինայի Ս. Կատարինէ վանքին մէջ կը գտնուի երկին ամբողջական հատուածը՝ ասորերէն թարգմանութեամբ։ Արիստիթէս, ըստ զաստուած ըմբռնելու ձեւին, մարդիկը կը բաժնէ հետեւեալ խումբերուն.

  1. բարբարոսներ, որոնք կ'երկրպագեն բնութեան տարրերուն,
  2. հեթանոսներ, որոնք կ'երկրպագեն աստուածներու,
  3. հրեաներ, որոնք իրենց միաստուածային կրօնով միւս ազգերէն աւելի մօտ են ճշմարտութեան, զոր, սակայն հետագային կը խեղաթիւրեն։
  4. Քրիստոնեաներ, որոնք կը սերին Յիսուս Քրիստոսէն, ունին Աստուծոյ մասին ամէնէն ճիշդ գաղափարը, կը տարբերին միւսներէն՝ իրենց բարոյական բարձրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ միշտ պատրաստ են զոհուելու Քրիստոսի համար։ Հետեւաբար անոնց նկատմամբ կիրարկուող հալածանքները բոլորովին անարդար են։

Հայկական ձեռագիրներուն մէջ Արիստիթէսի անունով կան ճառ մը եւ հատուած մը։ Երկուքն ալ անվաւեր են։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Եզնիկ Ծ. Վարդապետ, Հայրաբանութիւն, Ա, Էջմիածին, 1996։
  • Saint Aristides the Athenian's Apology and Saint Athenagoras the Athenian Philosopher's Plea for the Christians, translated from Greek into Georgian, submitted with introduction and comments by a monk Ekvtime Krupitski, Tbilisi Theological Academy, Tsalka, Sameba village, Cross Monastery, "Sulieri Venakhi" Publishers, Tbilisi, 2024, ISBN 978-9941-9676-2-7

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել