Արշակունիներու Դամբարան
40°18′57″N 44°15′20″E / 40.3157°N 44.2556°E
Արշակունիներու դամբարան, վաղմիջնադարեան դամբարան՝ Աղձքի մէջ (այժմ Ձորագիւղ, Արագածոտնի մարզին մէջ), ուր ամփոփուած են հեթանոս եւ քրիստոնեայ հայ Արշակունի թագաւորներու աճիւնները։ Թուագրուած է 4-րդ դարու երկրորդ կէսով[1]։ 5-րդ դարուն դամբարանին կից կառուցուած է պազիլիք եկեղեցի մը, որ վերակառուցուած է 19-րդ դարուն[2]։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՓաւստոս Բիւզանդի վկայութեամբ պարսից Շապուհ Բ. արքան, 364 թուականին գրաւելով Անի-Կամախը, բացած է այնտեղ թաղուած հայ թագաւորներու գերեզմանները եւ փորձած է աճիւնները Պարսկաստան փոխադրել, որովհետեւ հեթանոս պարսիկներու պատկերացմամբ այդ թագաւորներուն ոսկորներուն հետ միասին իրենց աշխարհը կը փոխադրէին անոնց «փառքը, բախտն ու քաջութիւնը»։ Սակայն Վասակ Մամիկոնեան սպարապետ, Այրարատ նահանգին մէջ յաղթելով պարսիկներուն, խլած է այդ մասունքներն ու թաղած Աղձքի մէջ։
...տարան թաղեցին Աղձք կոչուած ամուր գիւղի, Արարատ գաւառի մէջ, որ գտնուած է Արագած մեծ լեռան նեղ ու դժուարամուտ խորշերու մէկուն մէջ։ |
Դամբարանի Կառոյցը
Խմբագրել1973-1974 թուականներուն դամբարանի շրջապատին մէջ կատարուած պեղումներով բացուած են դամբարանի վերգետնեայ մասի աստիճանաձեւ (5 աստիճաններէ բաղկացած), արեւելեան հարաւային կողմը շրջանցող հիմնապատուանդանը եւ եռանաւ պազիլիք եկեղեցիին մնացորդները։
Ենթադրուած է, որ դամբարանը եղած է երկյարկանի՝ բաղկացած կիսագետնափոր ոսկրատունէ եւ վերնայարկէ (չէ պահպանուած)։
Փարաւորով ծածկուած ու կամարով պսակուած մուտքը արեւմտեան կողմէն է, որովհետեւ մտած են ուղղանկիւն խաչաձեւ յատակագիծ ունեցող քարաշէն երկյարկանի գետնափոր դամբարանի ստորերկրեայ մասը (երկարութիւնը՝ 3,75մ, լայնութիւնը՝ 2,65մ, բարձրութիւնը՝ 2,60մ)։ Արեւմտեան մուտքի երկու կողմերու եւ ուղղանկիւն խորշերու ճակատներու քարերը յարդարուած են հեթանոսական եւ քրիստոնէական վաղ շրջանի զարդաքանդակներով (առիւծ, շուն, եղջերու, վարազ, այծեամ, ցուլ եւ այլն)։ Դամբարանը հիւսիսային եւ հարաւային կողմերուն մէջ ունի որմնախորշեր, իսկ արեւելքին մէջ՝ կիսաշրջանաձեւ խորան։ Խորշերու ճակատներու վարի մասերուն մէջ միակտուր, քանդակազարդ սալեր կանգնեցուած են, ետեւի կողմը առաջացնելով արկղաձեւ տարածութիւններ (վիմադամբաններ), որոնք ծառայած են թագաւորական մասունքներու ամփոփման[1]։ Ոսկորները մինչեւ մեր օրերը չեն պահպանուած:
Աջ՝ հարաւային կողմը, պատկերուած է աստուածաշնչեան հերոս Դանիէլը առիւծներու նկուղի մէջ (փոսի մէջ), ինչպէս նաեւ խոյերու քանդակներ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի կացութիւնը Սասանեաններու ճնշման տակ։ Ձախ՝ հիւսիսային կողմը, պատկերացուած են զարմանահրաշ առասպելական կերպարներ կամ աստուածներ՝ թռչուններու ոճաւորուած խորհրդապատկերներով. հորթուկ մը՝ խաղողի վազերու մէջ, շրջանակի մէջ վերցուած խաչ մը՝ վերնամասի երկու թռչնաքանդակներով եւ որսորդ մը՝ երկու շուներու օգնութեամբ վայրի վարազին վրայ յարձակելու ընթացքին։[3]
Պատկերներ
Խմբագրել-
Արշակունիներու դամբարան
-
Արշակունիներու դամբարան, մուտք
-
Արշակունիներու դամբարան, մուտքի աստիճանները
-
Արշակունիներու դամբարան, խուց
-
Արշակունիներու դամբարան, Խուց
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Վարազդատ Յարութիւնեան, Հայկական ճարտարապետութեան պատմութիւն, Երեւան, Լոյս, 1992
- ↑ http://www.armenianmonuments.org/hy/monument/Aghtsk
- ↑ Հայկական ժառանգութիւնը