Արցախեան Ազատամարտի Նահատակներ
Պետօ Ղեւոնդեան
ԽմբագրելԾնած է Հայաստանի Պռոշեան աւանը,1964-ին:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀամագիւղացի այլ երիտասարդներու հետ,10 Մայիս 1990-ին կը միանայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն:
Նոյն տարուան աշնան իր մարտական զինակիցներուն՝ Կարօտի, Հրաչի եւ միւս ընկերներուն հետ կը մեկնի Շահումեանի շրջան:
Այնուհետեւ կը սկսի խիզախ մաքառումներու, օրհասական կռիւներու, ինքնապաշտպանական մարտերու երկար շարք մը, որուն աւարտը Պետոյի նահատակութեան թուականն է:14 Փետրուար 1994-ին Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխ հրամանատար Պետօ Ղեւոնդեան կը նահատակուի Քելբաջարի(այժմ՝ Քարվաճառ) մէջ, օմարի լեռնանցքի ազատագրման գործողութեան ժամանակ:
Վարդան Բախշեան
ԽմբագրելԾնած է Երեւան,1965-ին:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
Խմբագրել1989-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը եւ ընդունուած է ասպիրանտուրա:
Ուսանողութեան տարիներուն ան աշխատած է համալսարանին քարտէսագրութեան տարրալուծարանին մէջ:
1988-ի կէսերուն կը մասնակցի Հայ Ուսանողութեան Դաշինք կազմակերպութեան ստեղծման աշխատանքներուն:Վարդանի անմիջական մասնակցութեամբ կը տպագրուի Հայաստանի առաջին անկախ թերթերէն մէկը՝ «Դաշինք»ը:
1989-ին կանդամագրուի Հայաստանի Ազգային Անկախութեան կուսակցութեան՝ քաջ գիտակցելով, որ Հ.Յ.Դ. գաղափարաբանութեան վրայ ստեղծուած այդ կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերընձիւղման գործօն մը:
Նոյն թուականին նաեւ կը լծուի Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. ի կազմակերպման աշխատանքներուն՝ ընտրելով առաջին վարչութեան ատենապետ:1991-ին ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան անդամ:
Վարդան Բախշեան 1990-ին կը միանայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն:Անմիջապէս կը միանայ դաշնակցական մարտական խումբերուն եւ կը մասնակցի Բերդաձորի Պաշտպանութեան:
Ան կը նահատակուի 16 դեկտեմբեր 1991-ին, Հասանապատի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:
Մերուժան Մոսիյեան
ԽմբագրելԾնած է Մարտունի,1965-ին:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
Խմբագրել1988-ին աւարտեց Ստեփանակերտի մանկավարժական հիմնարկի պատմութեան բաժանմունքը,միջանկեալ երկու տարի ծառայելով խորհրդային բանակին:
Առաջին իսկ օրէն Մոսիյեան միացաւ Արցախեան շարժումին:Ան, յատկապէս Մարտունիի մէջ, զբաղեցաւ ինքնապաշտպանական կառոյցներու ստեղծման աշխատանքներով:Մարտական կենսագրութիւնը սկսաւ Հադրութի շրջանի սահմանամերձ եւ սակաւաբնակ գիւղերու սահմաններուն վրայ:Մարտունի վերադարձաւ երբ կենսական նշանակութիւն ստացաւ Աշան-Նորշէն հատուածին պաշտպանութիւնը:
1992-ի աշնան,Մերուժան Մոսիյեան դարձաւ Մարտունիի առաջին գումարտակի հրամանատարը:Անոր հրամանատարութեան գումարտակը մասնակցեցաւ Կուրապատկինօ,Մուղանլու,Ղարադաղլու եւ Ամինլար գիւղերու թշնամիի դիրքերու ոչնչացման կռիւներուն,Ապտալ,Կիւլապլու,Ջանաթաղ եւ Կիւլաթաղ գիւղերու,Քելբաջարի շրջանի ազատագրութեան,ինչպէս նաեւ՝Աղդամի եւ Ֆիզուլիի գրաւման:
Մերուժան Մոսիյեան,Մհեր Ջուլհաճեան,Արտակ Մնացականեան եւ Լեւոն Համբարձումեան նահատակուեցան 23 Օգոստոս 1993-ին, երբ զանոնք փոխադրող ճիփը բախեցաւ հակահրասայլային ականի մը:
Մոսիյեան յետ մահու ստացաւ հազարապետի(մայոր)աստիճան եւ պարգեւատրուեցաւ «Մարտական Խաչ» առաջին կարգի շքանշանով:Ամուսնացած էր եւ հայր՝ 3 երեխաներու:Կրտսեր որդին՝ Մերուժանը, ծնաւ հօրը նահատակութենէն ետք:
Մոսիյեան Հ.Յ.Դ.շարքերուն միացած է 1990-ին:1991-ին ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Մարտունիի կոմիտէի եւ 1992-ին՝ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Արթիւր Ղարիպեան
ԽմբագրելՍտեփանաւանցի Արթիւր ՂարիպեաՆ ծնած է 1967-ին:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ ընկեր:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՔանդակագործի իր կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Տաճատ Թերլէմեզեանի անուան նկարչական ուսումնարանին մէջ:
Արցախեան պայքարի առաջին իսկ պահէն Արթիւր միացաւ կենաց-մահու կռիւ մղող հերոսներու փաղանգին՝ հայրենի հողը անկախացած տեսնելու երազով:Նախ մաս կազմեց Հայաստանի Ազգային Անկախութեան կուսակցութեան:Ապա,երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ Հայաստանի մէջ,իր բազմաթիւ կուսակիցներուն հետ միացաւ Դաշնակցութեան:
Նախիջեւանի սահմանակից Խաչիկ գիւղի պաշտպանութեան եւ Գորիսի մէջ գործունէութիւններու մասնակցելէ ետք, Արթիւր Ղարիպեան դաշնակցական մարտական խումbերու հետ կը մտնէ Արցախեան մարտական ուղին:Նախ 1990-ին՝ Բերդաձոր,Շահումեան,ապա 1991-ին՝ Հասանապատ,Խոջալու,Մալիպէյլի,Շուշի,Մարտակերտ:
Շուշիի ազատագրումէն ետք,Արզախեան հողը դարձեալ կը կանչէ զինք:Այս անգամ կը գտնուի Մարտակերտի մէջ,պաշտպանելու համար հայրենի հողը:Եւ այսպէս, պատնէշի վրայ կը մնայ մինչեւ 5 դեկտեմբեր 1992,երբ հերոսի մահով կը նահատակուի Մարտակերտի մէջ:
Աշոտ Ղուլեան
ԽմբագրելԱսկոլկա-Բեկոր ծնած է 1961-ին, Պաքու:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԾնողները, որոնք Ասկերանի Խնձորիստան գիւղէն էին,աշխատանքի պատճառով մեկնած էին Պաքու:Պատանի Աշոտ իր ծնողքին հետ կը վերադառնայ հայրենիք:
Աշոտ Ղուլեան յատուկ սէր ունէր զինագործութեան հանդէպ:Արցախի մէջ առաջին ինքնաշէն կարճափող հրացանը Աշոտի գործն է:Աշոտ Ղուլեան նաեւ շինած է նռնակներ,նռնականետներ:
Արցախեան պայքարի մարտական աշխատանքներուն սկսելէն առաջ,Աշոտ Ղուլեան կը վիրաւորուի Եղվարդի մէջ,երբ կը փորձէր իր շինած նռնակները:
1990-ին կ’անդամագրուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն:
Կը նշանակուի դաշնակցական մարտական խումբի խմբապետ:Դաշնակցական մարտիկը այնուհետեւ կրակի առաջին գիծի վրայ է, գիւղի պաշտպանութեան գործին մէջ:
Բեկոր 1991-ին կարեւոր դերակատարութիւն կունենայ ազրպէյճանական ՕՄՈՆԻ դէմ տարուող կռիւներուն մէջ:Կը դառնայ «Ղարաբաղի Ազատութեան Մարտիկներ»զինեալ ուժերու կազմաւորման սիւներէն մէկը:
Բեկորի անմիջական մասնակցութեամբ կը ստեղծուին Արցախի առաջին վաշտերը,որոնց առաջինին հրամանատար կը նշանակուի ան:Կը սկսի առասպելական առաջին վաշտի մարտական ուղին.Հադրութի,Մարտակերտի,Կրկժանի,Խոջալուի,Մալիբէյլիի,Ղարադաղլուի,Քարինտակի,Սրխաւէնդի Բաշ Կիւնափայի,Օրթա Կիւնափայի ռազմական գործողութիւնները,որոնց գագաթնակէտը ի հարկէ Շուշիի ազատագրութեան մարտերն էին:Բեկորն էր,որ իր զինակիցներուն հետ առաջին անգամ մտաւ Շուշի:
Վերջապէս Արցախը ազատագրուած էր ամբողջապէս:
Հասած էր բանակը ամրապնդելու հանգրուանը:Սակայն Շահումեանի շրջանի եւ Մարտակերտի հիւսիսային հատուածի գրաւուած ըլլալը նորէն պարտադրեց մարտիկներուն սկսելու պատերազմական գործողութիւններու, որոնց առաջին գիծերուն էր Բեկորը:
Տակաւին ամբողջովին չապաքինած՝ Բեկոր դրմբոնի մօտերը կը կռուէր ազերիներուն դէմ՝երբ 25 Օգոստոս 1992-ին մահացու եղաւ թշնամիին փամփուշտը իրեն համար:
Սիմոն Աչիգկէօզեան
ԽմբագրելԾնած է 1937-ին, Ռումանիա:Ան եղած է Արցախեան Ազատամարտի ահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
Խմբագրել1951-ին հաստատուած է հայրենիք:Երկրաբան ու գիտութիւններու թեկնածու:Կ’աշխատէր գիտութիւններու ակադեմիայի երկրաբանական հիմնարկին մէջ:1990-ին ընտրուած է Երեւանի քաղաքային խորհուրդի պատգամաւոր:
Անդամ էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
1990-էն մաս կը կազմէր«Արաբօ» ջոկատին:
Մասնակցած է Իջեւանի, Եղէգնաձորի եւ Գետաշէնի կռիւներուն:1991 փետրուարէն սկսեալ Մարտունաշէնի պաշտպանութեան ղեկավարն էր:
Նահատակուած է 29 Ապրիլ 1991-ին,Մարտունաշէնի պաշտպանութեան կռիւներուն:
Արթիւր Մկրտչեան
ԽմբագրելԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթիւր Մկրտչեան ծնած է 1959-ին Հադրութ Էդիլլու գիւղը.եղած է Արցախի ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
Խմբագրել1980-ին աւարտած է երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը:
1981-1983 աշխատած է Հայաստանի Ազգագրութեան պետական թանգարանին մէջ:Ապա,ծննդավայր տեղափոխուելով,ստանձնած է Հադրութի հայրենագիտական թանգարանի տնօրէնութեան պաշտօնը:
ԼՂՀ-ի գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր ընտրուած է Հադրութի շրջանէն:8 Յունուար 1992-ին ընտրուած է գերագոյն խորհուրդի նախագահ:Նահատակուած է 14 Ապրիլ 1992-ին:
Լէոնիտ Ազգալդեան
Խմբագրելծնած է Թիֆլիս,1942-ին:Եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
Խմբագրել1960-ին ընտրուած է Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան համալսարանի բնագիտութեան բաժանմունքը:Հետագային փոխանցուած է Երեւանի պետական համալսարանի նոյն բաժանմունքը,որ աւարտած է յաջողութեամբ:
Ղարաբաղեան շարժման առաջին որերէն իսկ Լ.Ազգալդեան մասնակցած է ազգային-ազատագրական պայքարին:1990-ի փետրուարէն սկսեալ վարած է «Անկախութեան Բանակ»-ի հրամանատարութիւնը,կազմակերպած է շրջաններու,յատկապէս Վարդենիսի ինքնապաշտպանութիւնը,մասնակցած է ազատագրական կռիւներու,ինչպէս նիւվատիի առաջին գրոհին:
Աւելի ուշ Լէոնիտ Ազգալդեան իր ճակատագիրը ամբողջութեամբ կապած է Արցախին:Ան գործած է նախ Գետաշէնի եւ Շահումեանի,ապա Մարտակերտի մէջ:21 Յունիս 1992-ին Լէոնիտ Ազգալդեան նահատակուեցաւ Մարտակերտի Տոնաշէն գիւղին մօտ՝ թշնամիներու դաւադիր կրակոցներէն:
Վիգէն Գրիգորեան
ԽմբագրելԾնած է Հադրութի Տող գիւղը,1950-ին:Եղած է Արցախեան Ազատամարտի Նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԲարձրագոյն ուսումը ստազած է Պաքուի մասնավարժական հիմնարկի գրական բաժանմունքին:
Աշխատած է իբրեւ գրականութեան ուսուցիչ,Տողի մէջ,ապա նշանակուած է Մոխրենես գիւղի 8-ամեայ դպրոցի տնօրէն:Ի վերջոյ՝ Տողի դպրոցի հայկական բաժինի ուսումնական հարցերու վարիչ:
Տողեցիներու համար արցախեան շարժումը եղաւ կրկնակի պայքար,որովհետեւ գիւղին մէջ անոնք կ’ապրէին ազերիներու հետ կողք կողքի:Համերաշխ ապրիլը անհնար էր, իսկ գաղտնի գործելը՝ դժուար:Վիգէն Գրիգորեան,այս իմաստով,եղաւ գիւղի ըմբոստութեան ոգին,ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչը եւ մղիչ ուժը:1987-էն սկսեալ ան կը գործակցէր արցախեան շարժումի ընդյատակեայ գործիչներու հետ՝«Ամարաս» ընկերութեան անուան տակ:1990-ին ան ձեռնամուխ եղաւ Տողի ինինքնապաշտպանութեան ջոկատի ստեղծման:
Վիգէն Գրիգորեան միացաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն 1989-ին:1992-ին ան ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ:Ժողովուրդը առաջին օրէն իսկ սիրեց անմնացորդ նուիրումի այս տիպարը եւ իր համակրանքը արտայայտեց՝ զայն ընտրելով ԼՂՀ-ի առաջին գերագոյն խորհուրդի պագամաւոր,1991-ին:
Քաղաքական գործունէութեան զուգահեռ,Վիգէն Գրիգորեան մնաց մարտական պայքարի բովին մէջ՝ մասնակցելով Հադրութի շրջանի ինքնապաշտպանութեան բոլոր կռիւներուն:
Արցախեան բանակի կազմաւորումէն ետք,երբ ստեղծուեցաւ Տողի գումարտակը,Վ.Գրիգորեան նշանակուեցաւ գումարտակի շտաբի պետ:Ան նահատակուեցաւ 5 Ապրիլ 1993-ին,կռիւի առաջին գիծի վրայ:
Վիգէն Գրիգորեան հայր էր 3 զաւակներու:
Նորիկ Դանիէլեան
ԽմբագրելՄարտակերտի ճակատամարտի հրամանատար եւ ԼՂՀ գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Նորայր Դանիէլեան ծնած է 1 Օգոստոս 1967-ին,Մարտակերտի շրջանի Գիւլիթաղ(Վարդաձոր)գիւղին մէջ:Եղած է Արցաւեան Ազատամարտի նահատակ Ընկեր:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՆորիկ Դնիէլեան անունը շաղախուած է Գիւլաթաղի մէջ:Ծանր պայմաններու մէջ նորիկ Դնիէլեան Գործեց իր հայրենի գիւղին մէջ,Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն միանալէ ետք:Գիւղին եւ Աղդամի միջեւ գտնուող հատուածին մէջ հիմնեց նոր բնակավայր՝ Քաջաւանը,որպէսզի Աղդամի շրջանի գիւղերուն սահմանակից Գիւլաթաղը զերծ մնայ թշնամիին հարուածներէն:Նորիկի գործունէութիւնները աննկատ չմնացին:Ան ձերբակալուեցաւ եւ տարուեցաւ Շուշիի բանտը:
Գերիներու փոխանակման ժամանակ ազատուելով՝Նորիկ բանտային տանջանքներէն իր քայքայուած առողջութիւնը վերագտնելու մասին չմտածեց, այլ լծուեցաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքին Գիւլաթաղի մէջ:1992-ին ծանրօրէն վիրաւորուելով՝ կը փոխադրուի,Երեւան բուժուելու:
Նոյեմբեր 1992-ին Նորիկ Դանիէլեանին կը վստահուի շրջանի պաշտպանութիւնը:Այդ ժամանակ եթէ կիչանի հատուածին մէջ թշնամին կարողանար ճեղք բանալ եւ քանի մը քիլոմեթր յառաջանար,ապա թէ՝ Գանձասարին կը դիրանար,թէ՝դուրս կու գար դէպի Ստեփանակերտ տանող ճանապարհը:Ասոնք չպատահեցան,որովհետեւ ճակատը ղեկավարուեցաւ Նորիկ Դանիէլեանի կողմէ:
18 Հոկտեմբեր 1993-ին Նորիկ Դանիէլեան նահատակուեցաւ:
Անոր նահատակութեան ծալքերը տակաւին պարզուած չեն:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Դաշնակցական Պատանիին Գիրքը), էջ (278էն-284) Եւ 25ամեակ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի, Հ.Յ.Դ. Քարոզչական մարմին, Հրատարակութիւն՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի, էջ (44-էն 59):