Արցախի դրօշ[1][2], ստեղծուած է Հայաստանի դրօշի նմանութեամբ, աւելցուած է սպիտակ եռանկիւնաձեւ նախշանկար (հայկական գորգի նմանութեամբ), որ կը խորհրդանշէ Արցախի՝ մայր Հայաստանէն անարդարացիօրէն բաժանումը եւ անկախութեան հռչակմամբ վերամիաւորումը։ Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ անկախութեան համար հայ ժողովուրդի թափած արիւնը, կապոյտ գոյնը՝ Հայաստանի երկինքը, նարնջագոյնը՝ ժողովուրդի ստեղծարար աշխատանքը։

Արցախի Հանրապետութեան դրօշ
Երկիր Արցախի Հանրապետութիւն
Իրաւասութեան տարածք Արցախի Հանրապետութիւն
Յարաբերութիւն 1:2
Ընդունուած է 2 Յունիս 1992
Պատկերուած է հորիզոնական եւ հաւասար երկարութեամբ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն շերտեր, եւ կտորի աջ կողմի երկու ծայրերէն կը սկսի սպիտակ հնգատամ սանդղանման գորգանախշ, որ կը միանայ դրօշի մէկ երրորդ հատուածին վրայ
Նախագծող  

Տես նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ո՞վ է Արցախի դրօշի հեղինակը
  2. «Արցախի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշները. դրօշը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-04-08-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-02