Արփա, Արեւելեան Արփաչայ, Արփանեալ, Արփաչայ, Ձորագետ, Ջերմ, գետ Հայաստանի Վայոց ձորի մարզին եւ Նախիջեւանի տարածքին մէջ, Արաքսի ձախ վտակը[1]։

Արփա գետ
Բնութագիր

Կը բխի Զանգեզուրի եւ Վարդենիսի յորդաբուխ աղբիւրներէն[2]՝ 3200 մ բարձրութեան վրայ։ Ջերմուկ քաղաքէն կը թեքի հիւսիս-արեւելք եւ կը հոսի Շարուրի դաշտով։ Վերին հոսանքին գետը դանդաղահոս է, բայց Ջերմուկին չհասած՝ կը դառնայ արագահոս եւ, ճեղքելով Վարդենիսի լեռնալանջերը, կը գահավիժի անտառապատ խոր կիրճը։ Ջերմուկէն վար Արփան կը հոսի գալարումներով եւ իր ընթացքը մերթ արագ, մերթ դանդաղ կը շարունակէ մինչեւ Արենի գիւղը։ Ստորին հոսանքին մէջ Արփան կը բաժնուի բազմաթիւ մեծ ու փոքր առուներու եւ ամրան ամբողջովին կ'օգտագործուի դաշտերն ու այգիները ոռոգելու համար։ Ընդհանուր առմամբ կը հոսի հիւսիս-արեւելք-հարաւ-արեւմուտք ուղղութեամբ։

Երկայնք 128 քմ է (Հայաստանի մէջ 90 քմ), ջրհաւաք մակերեսը՝ շուրջ 2600 քմ²։ Սնուցումը գլխաւորաբար ձիւնաանձրեւային է (57%), կը յորդի Ապրիլ-Յունիսին, յատկապէս՝ Մայիսին։ Տարեկան միջին ծախսը՝ 21,6 մ³/վ (Արենի), կը հասնի 22 մ³/վ, առաւելագոյնը՝ 146 մ³/վ, նուազագոյնը՝ 6,2 մ³/վ։ Տարեկան հոսքը՝ 682 մլն․ մ³։

Վերին հոսանքին մէջ կը գտնուին Ջերմուկ առողջարանը եւ համանուն ջրվէժը։ Ջուրը կ'օգտագործուի ոռոգման եւ ջրելեկտրականութիւն ստանալու համար։ Հոս կառուցուած են Բարձրունիի, Ազատեկի եւ Արփի ջրհան կայանները։ 1981-ին օգտագործման յանձնուած է Արփա-Սեւան ջրատարը, ուր ստեղծուած է Կեչուտի ջրամբար փապուղին։ Արփայի վրա կառուցուած են Ջերմուկի, Ազատեկի, Եղէգնաձորի եւ Արենիի ջրելեկտրակայանները։ 1979-1983 գետին վրան՝ Գիւմուշլու բանաւանին մօտակայքը, կառուցուած է շուրջ 180 միլիոն ջրատար ջրամբար մը։

Ագարակաձորին մօտ Արփայի վրայ կանգուն է եւ բանուկ՝ ԺԳ. դարուն կառուցուած միակամար կամուրջը։

Վտակներէն են՝ ձախ կողմէն Տարբ, Գնիշիկ, աջէն՝ Հերհեր, Եղէգիս, Ելփին։ Նախիջեւանի տարածքներուն մէջ Արփան կը սնուցանէ անոր Ջաղազուր, Եայջի եւ Ակոռի ոչ մեծ գետակները։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Արփա Գետ
  2. «Արփա»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2022-10-01