Արփի Արարատեան (ամսագիր)
«Արփի Արարատեան», բանասիրական, տնտեսական եւ ուսումնական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1853-1855 թուականներուն, Զմիւռնիոյ մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչներ՝ Յարութիւն, Կարապետ եւ Սարգիս Տէտէեաններ։
Ունեցած է պահպանողական ուղղութիւն եւ այդ հայեցակէտէն գովազդած է ազգային լուսաւորութեան զարգացման, կրթական-մշակութային ընկերութիւններ հիմնելու խնդիրները։ Ազգային հոգեւոր արժէքները եւ հայ պատմական անցեալը արժէքաւորելու նպատակով տպագրած է բանասիրական յօդուածներ, հայ թագաւորներու զինանշանները, պատմական թեմաներով բանաստեղծութիւններ։
Տպագրած է Յարութիւն Ալամդարեանի, Ռ. Փափազեանի, Հ. Անդրէեանի բանաստեղծութիւնները։ Հրատարակած է Շատոբրիանի, Լամարթինի գործերէն եւ «Մարսելյէզ»-ի հայերէն թարգմանութիւնը։ Աշխատակցած են նաեւ Գ. Չիլինկիրեանը, Հ. Պալապանեանը, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՐՓԻ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-16
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»