Աքրոնաֆփլիա բերդ (յուն․՝ Ακροναυπλία)․ կը գտնուի Նաֆփլիօ, Պելոպոնես, Յունաստան։ Բերդը կ՛ իշխէ Նաֆփլիոյի վրան։ Հնադարին Նաֆփլիոյի աքրոփոլիսը եղած է։

Բերդ
Աքրոնաֆփլիա
Ακροναυπλία
Աքրոնաֆփլիա
Երկիր Էգէական ծով, Յունաստան
Կը գտնուի ափին Արղոլիքոս ծոց
Աքրոնաֆփլիա բերդ

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

ժայռոտ թերակղզի, կը գտնուի Պուրծիին դիմացը եւ Նաֆփլիոյի արեւելեան ծայրամասը։ Հասանելի է միայն հիւսիսէն՝ պատմական Արվանիթիա կիրճէն։ Ծովու մակերեսէն բարձրութիւնն է 45 մեթր, իսկ երկանքը արեւելքէն արեւմուտք 900 մեթր է եւ լայնութիւնը մօտաւորաապէս 400 մեթր։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել
 
Աքրոնաֆփլիայի ամրութիւններէն

Աքրոնաֆփլիա բերդը ժայռին երկայնքին իրարայաջորդ երեք բաժիններէ բաղկացած է․ «Յոյներուն բերդը» (արեւմտեան ծայրամաս), «Ֆրանքներու բերդը» (կեդրոն) եւ «Դորօ բերդը» (արեւելք)։ Բերդին պարիսպներուն քանի մը մասերը կիկլոփեան են․ անոնք հետագայի ամրութիւններու յենարան եղած են։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել
 
Աքրոնաֆփլիա․ ԺԶ․ դարու քարտէս

Աքրոնաֆփլիային պատմութիւնը Նաֆփլիոյի պատմութեան կը հետեւի․ Ք․Ա․ 628-ին կը գտնուի դրացի Արղոսին իշխանութեան տակ եւ դար մը ետք՝ Սփարթիին։ Ք․Ա․ 233-ին Ախայիա Դաշնակցութեան կը միանայ եւ Ք․Ա․ 146-ին կ՛ իյնայ Հռոմէացիներուն ձեռքը։ Բ․ դարուն (Փաֆսանիաս աշխարհագէտ-շրջագայողին ժամանակ), Աքրոնաֆփլիա ամայացած է։ Յաջորդաբար Նաֆփլիօ կ՛ իյնայ Բիւզանդացիներուն, Ֆրանքներուն, Վենետիկցիներուն եւ Օսմանցիներուն ձեռքը․ ԺԶ․ դարէն մինչեւ 1715-ին Աքրոնաֆփլիա մերթ ընդ մերթ կը գտնուի վենետիկցիներուն եւ օսմանցիներուն իշխանութեան տակ։

 
Աքրոնաֆփլիա․ Դորօ բերդը նկարուած Porta di Terraferma-էն

30 Նոյեմբեր 1822-ին յոյները Փալամիտին կը գրաւեն, անոր թնդանօթներով Աքրոնաֆփլիան կը ռմբակոծեն եւ երեք (3) օր ետք թուրքերը բերդը կը յանձնեն յոյն զօրավար Թէոտորոս Քոլոքոթրոնիսին, որ Աքրոնաֆփլիային բարձրագոյն կէտին ազատութեան դրօշը կը պարզէ։

1835-ին կը վերանորոգուին Աքրոնաֆփլիային ամրութիւնները եւ մարտկոցները եւ բերդը կ՛ օժտուի արդի թնդանօթներով։ ԺԹ․ դարավերջին Աքրոնաֆփլիա Պելոպոնեսի զինուորագրման (զինուորական ծառայութեան) կեդրոնը կը դառնայ։ Բերդին մէջ կը կառուցուին յունական բանակի հետեւակին զօրանոցը, զինուորական բանտեր եւ հողին տակը անձրեւի ջուրերու ջրամբար։

1937-ին Աքրոնաֆփլիա կը վերածուի համայնավար այլախոհներու աքսորավայր։ Իսկ 1941-ին գերմանացիներու գրաւման տարիներուն, բերդին մէջ, վատ պայմաններու տակ 600 հոգի բանտարկուած էին։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Փաֆսանիաս աշխարհագէտ