Բամբա (Pampa՝ բնիկ քեչուա լեզուի բառ որ դաշտ կը նշանակէ). Հարաւային Ամերիկայի բարեբեր ու անծայրածիր արօտավայրեր։ Բանբան ընդարձակուած է Արժանթինի Պուէնոս Այրէս, Լա Բամբա, Սանթա ֆէ, Էնթրէ Ռիոս եւ Քորտոպա շրջաններուն եւ Պրազիլիոյ հարաւային Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի ամբողջ տարածքին։

Բնական շրջան
Բամբա
Բամբան․ տարածուած է Պրազիլի հարաւի ծայչամասը, Արժանթինի հիւսիս-արեւմտեան շրջանը եւ ամբողջ Ուրուկուէյի երկիրը
Երկիր  Արժանթին
 Պրազիլ
 Ուրուկուէյ
Տարածութիւն 1․200․000 քլ² քմ²
ԲԾՄ 160±1 մեթր
Բնակչութիւն 43 909 235 մարդ

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Բամբային տարածութիւնն է 1․200․000 քլ²։ Գրեթէ ամբողջութիւն մը կազմած այդ անսահման արօտավայրերը բնական շրջան մըն են․ ընհատուած են միայն Պահիա Պլանքա եւ Թանտիլ քաղաքներուն մօտ գտնուող բլուրներէն՝ 1500 եւ 500 մեթր բարձրութեամբ։

Բուսականութիւն եւ տնտեսութիւն

Խմբագրել

Յաճախակի հրդեհներուն պատճառով, բամբային մէջ կը բարգաւաճին փոքր բոյսերը։ «Բամբային խոտ»ը (Cortaderia selloana) բամբային իւրայատկութիւնն է եւ կ՛ընդգրկէ մշտատեւ դալարիք եւ խոտ։ Տեղէ տեղ խոտի տեսակները կը տարբերին ստացուած ջուրի քանակութեան պատճառով։

«Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամ»ը (WWF) բամբան երեք կենսաշրջաններու կը բաժնէ․-

Բանբան Հարաւային Ամերիկայի հացահատիկի, եգիպտացորենի եւ անասնապահական պարէնի արտադրութեան մեծագոյն շրջանն է։ 2000-էն ետք, բամբային մէջ զարգացաւ այգեգործութիւնը․ կ՛արտադրուի «Պուէյնոս Այրեսի գինիները» կամ «Մետանոս» կոչուած գինին։ Այդ մշակումները կ՛ողողուին երբ զօրաւոր անձրեւ կը տեղայ։

Բամբայի կլիման ընդհանուրին մէջ մեղմ է։ Սակայն թեթեւ փոփոխութիւններու ենթակայ է՝ ըստ շրջանի․-

Բնակչութիւն

Խմբագրել
 
Բամբա․ Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ

Բամբային բնակչութեան թիւը 43 909 235 է։

Արժանթին

  • Պուէյնոս Այրես՝ 17 196 396
  • Քորտոպա՝ 3 683 937
  • Սանթա ֆէ՝ 3 481 514
  • Պուէյնոս Այրես, քաղաքը՝ 3 068 043
  • Էնթրէ Ռիոս՝ 1 360 443
  • Լա Բամբա՝ 352 378

Պրազիլ

  • Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ 11 247 972

Ուրուկուէյ

  • Բոլոր նահանգներուն՝ 3 518 552

Պատկերասրահ

Խմբագրել
Բամբա
 
Երկիր   Արժանթին
  Պրազիլ
  Ուրուկուէյ
ԲԾՄ 160±1 մեթր

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել