Ուրուկույէյի արօտադաշտ

Ուրուկույէյի արօտադաշտ. ենթարեւադարձային արօտավայր եւ կենսաշրջան որ տարածուած է Բարանա գետին արեւելքը, Ուրուկուէյի մեծ մասին մէջ, Արժանթինի Էնթրէ Ռիոս եւ Քորիենթես նահանգներուն մէջ եւ Պրազիլի հարաւը գտնուող Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլ նահանգին մէջ։ Կը կոչուի նաեւ Պրազիլեան-Ուրուկուէյեան արօտադաշտ։

Ուրուկույէյի արօտադաշտ
Ուրուկույէյի արօտադաշտ
Ուրուկույէյի արօտադաշտ
Երկիր  Ուրուկուէյ
 Պրազիլ
Տարածութիւն 353․573 քլ² քմ²

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Ուրուկույէյի արօտադաշտ

Ուրուկույէյի արօտադաշտին տարածութիւնն է 353․573 քլ²։ Անոր մակարդակը ծովի բարձրութենէն կը հասնի մինչեւ 500 մեթր։ Կենսաշրջանին արեւմտեան մասը կը ջրեն Ուրուկուէյ գետին հարկատուները՝ Իպիքուիմ Նեկրօ, Թաքուարեմպօ, Իի եւ Քուեկէյ։ Ուրուկույէի արօտադաշտին մէջ կը գտնուին երկրին մայրաքաղաքը՝ Մոնթեվիտէօ եւ Պրազիլի Փորթօ Ալեկրէ քաղաքը։

Կենսաշրջանին հարաւը տարեկան կ՛ընդունի 1000մմ․ անձրեւ, իսկ հիւսիսը 1300մմ․։ Հարաւային շրջանին միջին ջերմութիւնը մօտաւորապէս 16°C է, իսկ հիւսիսային շրջանին մօտաւորապէս 19°C։

Բուսականութիւն

Խմբագրել

Կենսաշրջանը կ՛ընդգրկէ ոչ շատ բարձր արօտավայրեր, որոնք կը պատսպարեն ագուռիի արօտադաշտը եւ գետեզերքներու երկայնքին բարձրադիր անտառները։

Կենդանական աշխարհ

Խմբագրել

Կենսաշրջանը կը պատսպարէ բազմաթիւ չորքոտանիներ եւ 80-է աւելի թռչուններուն տեսակներ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Բնապահպանում

Խմբագրել

Ուրուկույէյի արօտադաշտին 3.43% բնապահպանման շրջան յայտարարուած է։ Կ՛ընդգրկէ Էլ Բալմար Ազգային Պուրակը Արժանթին, եւ Ուրուկույէյի Սան Միկէլ Ազգային Պուրակը, Էսթերոս տէ Ֆարաբաս ու Ուրուկուէյ գետի Ազգային Պուրակը, Քապօ Բոլոնիօ Ազգային Պուրակը, Բորթերօ տէ Սան Լորենցօ Ազգային Պահեստը եւ «Quebrada de los Cuervos del Yerbal» պահպանուած բնավայրը։

[1] [2] [3]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Բամբա

Ամազոն

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել