Բենիամին Թաշեան

Բենիամին Թաշեան ( 20 Դեկտեմբեր 1896, Ատափազար - 16 Նոյեմբեր 1971 Գահիրէ), «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր:

Բենիամին Թաշեան
Յուսաբեր թերթի խմբագիր
Ծնած է 20 Դեկտեմբեր, 1896
Ծննդավայր Ատափազար
Մահացած է 16 Նոյեմբեր, 1971
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Աշխատավայր ուսուցիչ, խմբագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Բենիամին Թաշեան ծնած է Ատափազար, 20 Դեկտեմբեր 1896 թուականին:

Ծննդավայրին մէջ իր նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, անցած է Պոլիս, ուր իր ուսումը շարունակած է Հինդլեանի հիմնած նոր դպրոցին մէջ:1915-ին աքսորուած է Աֆիոն-Գարահիսար, ապա 1918ին վերադառձած է Ատափազար, որմէ ետք, 1923ին ուղղուած է դէպի Եգիպտոս:

Շրջան մը «Կամսարական» ծխախոտի գործարանին մէջ որպէս պաշտօնեայ գործած է, ապա 1932-1946 տարիներուն՝ ուսուցիչ:

1947 թուականին դարձած է «Յուսաբեր» թերթի խմբագիր, սակայն 1961 թուականին հրաժարած է իր պաշտօնէն գրական աշխատանքի բոլորովին նուիրուելու համար։

Թաշեանի գրիչին կը պատկանին հետեւեալ աշխատասիրութիւնները․

  • «Ներածութիւն հայ գրականութեան պատմութեան», Գահիրէ, 1961,
  • «Լսարան հայ լեզուի», Գահիրէ, 1962,
  • «Լեզուական հարցեր», Գահիրէ, 1963,
  • «Թիւրն Ու թերին», Պէյրութ, 1968,
  • «Դեգերումներ Տիրոջ այգիին մէջ», Անթիլիաս, 1972։

Ան հրատարակած է նաեւ «Հայկարան» դասագիրքերու շարքը:

Մահացած է Գահիրէ, 16 Նոյեմբեր 1971 թուականին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել