Բեռնաթափում, պարբերաբար մարմինէն հեռացնել աւելորդ նիւթերը, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որոշ հիւանդութիւններու յառաջացման[1][2]։

Գէր մարդոց խորհուրդ կը տրուի շաբաթը մէկ անգամ բեռնաթափման օր նշանակել, որուն ընթացքին կարելի է ձերբազատիլ մարմինի աւելորդ 500-800 կրամ կշիռքէն եւ նպաստել մարմինի մաքրման։

Մարմինը բնական հոլովոյթով ինքզինք կը մաքրէ տարբեր թոյներէ

Խմբագրել

Թոյներէ մաքրուիլը հոլովոյթ մըն է, որ մարմինը ընդմիշտ կը կատարէ՝ օգտագործելով սննդականոնին մէջ գտնուող հիմնական սննդարար նիւթեր: Ատիկա հոլովոյթն է, որ կը ձեւափոխէ մասնիկները, «թունաւոր նիւթերը», որոնք պէտք է հեռացուին մարմինէն:

Անոնք բաժնուած են երկու դասակարգերու. մասնիկներ, որոնք մարմինին մէջ կազմուած են իբրեւ հերթական նիւթափոխանակման (metabolism) երկրորդական արտադրութիւններ (ներքին թունաւոր նիւթեր), եւ անոնք, որոնք կու գան դուրսէն եւ համակարգին մէջ կը մտնեն ուտելիքներէ, խմիչքներէ, շնչառութենէ, կամ կը ներծծուին մորթին միջոցով (արտաքին թունաւոր նիւթեր):

Ներքին թունաւոր նիւթերը կը ներառեն բաղադրութիւններ, ինչպէս կաթնաթթու (lactic acid), միզանիւթ (urea) եւ աղտոտութիւններ՝ աղիքներուն մէջ գտնուող մանրէներէն: Արտաքին թունաւոր նիւթերը կը ներառեն բնապահպանական թոյներ եւ աղտոտող նիւթեր, ժանտասպաններ, սնդիկ ծովամթերքի մէջ, կապար արտանետուած ինքնաշարժներէն եւ օդի ապականումէն, քիմիական նիւթեր ծխախոտի ծուխին մէջ, Տիոքսին կիներու խնամքի արտադրութիւններուն մէջ, Ֆըթալաթներ կերպընկալէն եւ փարապէն  lotion-ներէ եւ գեղեցկագիտական արտադրութիւններէ:

Մարմինը թոյներէ մաքրելը նաեւ հոլովոյթ մըն է, որուն միջոցով դեղահատերը կը փոխարկուին, ապա՝ կ'արտաքսուին: Տրուած ըլլալով, որ թունաւոր նիւթերը վնասակար են մարդկային առողջութեան, անոնք պէտք է ձեւափոխուին եւ արտաքսուին մարմինէն՝ մեզի, կղկղանքի, շնչառութեան կամ քրտինքի միջոցով: Իւրաքանչիւր անձի կարողութիւնը մարմինը մաքրելու կախեալ է եւ կ'ազդուի միջավայրէն, սննդականոնէն, ապրելակերպէն, առողջական կարգավիճակէն եւ ծինական գործօններէն, տրուած ըլլալով, որ որոշ մարդիկ մարմինը մաքրելու աւելի շատ աջակցութեան կարիքը ունին, քան ուրիշներ: Բայց եթէ թունաւոր նիւթի քանակը, որուն անհատ մը ենթարկուած է կը գերազանցէ իր մարմինին կարողութիւնը զանոնք արտաքսելու, թունաւոր նիւթերը կրնան պահուիլ ճարպային բջիջներուն, փափուկ հիւսուածքին եւ ոսկորին մէջ, ժխտականօրէն ազդելով առողջութեան վրայ: Ասիկա այն հիմնաւորումն է, որ կ'աջակցի այն միջոցներու օգտագործման, որոնք մարմինի սեփական մաքրագործումի կարողութիւններուն օգտակար կը դառնան:

Մարմինը մաքրելու ծրագիրներուն մեծ մասը խորհուրդ կու տայ սննդականոնէն դուրս հանել վերամշակուած ուտելիքներ եւ ուտելիքներ, որոնց մարդիկ գերզգայուն են, ինչպէս՝ կաթնամթերք, սնձան (gluten), հաւկիթ, գետնանուշ եւ կարմիր միս, եւ հիմնականին մէջ ուտել օրկանական ձեւով աճեցուած բանջարեղէններ, պտուղ, ամբողջական սնձան չպարունակող հատիկներ, հունտեր, եւ անճարպ բնասպիտի (protein): Այլ ծրագիրներ խորհուրդ կու տան ծոմ պահել, որոշ մարդոց համար հաւանական վտանգաւոր միջոց մը, որ կրնայ իրականութեան մէջ փակել մարմինը մաքրելու անցքերը: Ահա թէ ինչու առողջութեան մարզի բազմաթիւ աշխատակիցներ դէմ եմ այս միջոցին[3]:

Բեռնաթափման տեսակներ

Խմբագրել

Բեռնաթափման տեսակը կ'որոշէ բժիշկը, նկատի առնելով անձին առողջական ընդհանուր վիճակը։

  1. Ամբողջ օրուան ընթացքին ուտել 1.5 քլկ. խնձոր, բաժնուած 5 մասերու։ Խմել 2 գաւաթ ոչ քաղցր թէյ կամ սուրճ։
  2. Օրուան ընթացքին ուտել կամ խմել 1,5 լիթր մածուն կամ կաթ, կարելի է խմել ոչ քաղցր թէյ կամ սուրճ։
  3. Ամբողջ օրը ուտել 400 կրամ առանց իւղի կովու միս, բաժնուած 5 մասերու, կաղամբի, վարունգի եւ լոլիկի հետ։ Խմել 2 գաւաթ սուրճ կամ ոչ քաղցր թէյ։
  4. Բանջարեղէնային. օրուան ընթացքին ուտել 1.5 քլկ. որեւէ բանջարեղէն, բացի գետնախնձորէն։ Խմել 2 գաւաթ թէյ կամ սուրճ։

Մարսողութիւնը եւ սնունդի ճիշդ համատեղումը

Խմբագրել

Մարմինի մէջ սնունդի ընդունումը, մարսողութիւնը եւ արտաքսումը ինչ որ չափով մշտապէս կ'ընթանան, սակայն կան ժամանակահատուածներ, երբ այդ գործընթացները աւելի բուռն կ'ընթանան։

  • Կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը, առաւելապէս սնունդի ընդունման եւ մարսողութեան շրջանն է։
  • Երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:00-ը, մարսուած սնունդի ներծծման շրջանն է։
  • Առաւօտեան 4:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, արտաքսումի շրջան է, այսինքն՝ մարմինէն թափօններու ձերբազատման ժամանակը։

Երբ անհատը չէ նախաճաշած, նախընտրելի է սպասել մինչեւ ժամը 12։00 Մարմինը ոչինչով կը վնասուի, քանի որ ան կը գտնուի արտաքսման շրջանի մէջ, իսկ երբ անկէ ետք չճաշէ, կը սկսի անհանգիստ վիճակ մը, քանի որ մարմինը անցած է արդէն սնունդի ընդունման շրջանը։ Աւելորդ կշիռքի պարագային աւելի կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել արտաքսման շրջանին եւ նպաստել անոր գործընթացին։

Մարդու օրկանիզմի մէջ սնունդի մարսողութիւնն է, որ բաւական կենսուժ կը պահանջէ, որուն վառ օրինակն է լաւ ուտելէ ետք, քնանալու ցանկութիւնը։ Ծանր սնունդի պարագային, մարսելու վրայ ծախսուած կենսուժը (energy) աւելի է, քան վազքի եւ լողալու ժամանակ։ Կարեւոր է, որ մարմինի ջերմուժ ծախսուի ոչ միայն սնունդը մարսուելու, այլ մարմինէն թափօններու արտաքսման եւ այլ գործողութիւններու համար։

Երբ սնունդը ճիշդ համատեղուած է, մարմինը անոր մարսողութեան համար քիչ ջերմուժ կը ծախսէ։ Մարդոց 2/3-ը կը տառապի աւելորդ կշիռքէ, քանի որ կը սնանին ոչ ճիշդ համատեղելով սնունդը:

Անհամապատասխան սնունդը ստամոքսին մէջ
Խմբագրել

Մարդիկ կ'ուտեն միս եւ որեւէ լրացում, օրինակ՝ գետնախնձոր կամ որեւէ ածխաջրատ կամ ոսլա պարունակող սնունդ։ Ածխաջրատները՝ գետնախնձորը, ձաւարեղէնը, քաղցրաւենիքը կամ հացը, մարսուելու համար, պէտք ունին հիմնային միջավայրի, իսկ միսին փրոթէինները տրոհման եւ իւրացման համար պէտք ունին թթուային ստամոքսահիւթի։ Երբ միս եւ գետնախնձոր միաժամանակ ուտուին, ստամոքսին մէջ կը ստեղծուի բարդ իրավիճակ. այս երկու տեսակի ստամոքսահիւթերը գտնուելով միաժամանակ ստամոքսին մէջ, զիրար կը չէզոքացնեն։

Ստամոքսը պէտք ունի նոր հիւթեր արտադրելու, որուն համար կը պահանջուի աւելորդ ժամանակ եւ ջերմուժ։ Այսպիսով սնունդը երկար, կիսամարսուած կը մնայ ստամոքսին մէջ, ապա կը սկսի խմորում եւ նեխում, յառաջացնելով թունաւոր թթուներ եւ կազեր։ Սպիտակուցային սնունդ ընդունելէ ետք՝ միս, ձուկ, կաթնամթերք, սունկ, նախընտրելի է ջուր չխմել, իսկ պտուղ կամ քաղցրաւենիք, կարելի է ուտել հիմնական ճաշէն 2-3 ժամ ետք միայն:

Ստամոքսէն կիսամարսուած սնունդը, կ'անցնի 9 մեթր երկարութեամբ բարակ աղիքներու մէջ, որոնք այդ նեխած սնունդը ներծծելու համար բաւական ժամանակ եւ ջերմուժ կը սպառեն։

Հետեւաբար, անհամապատասխան սնունդը ստամոքսին մէջ կը մնայ մօտաւորապէս 8, իսկ աղիքներուն մէջ՝ 20-40 ժամ։ Սնունդը ստամոքսին մէջ լաւ մարսուելու համար անհրաժեշտ է, որ մէկ տեսակ ըլլայ, խօսքը կարծր սնունդի մասին է։ Միս, ձուկ, հաւ կարելի է ուտել, սակայն առանց բրինձի կամ գետնախնձորի. անոնց հետ կարելի է ուտել բանջարեղէն, որոնց մարսողութեան համար չեն պահանջուիր յատուկ մարսողական հիւթեր եւ աւելորդ ջերմուժ։

Սնունդի սխալ համատեղման արդիւնք է յաճախակիօրէն յառաջացող ստամոքսաղիքային կազերը։ Խմորման երեւոյթները եւ մարսողութեան դժուարութիւնները կը յառաջացնեն մարսողութեան խանգարումներ, աղիքներու խցանումներ, որուն հետեւանքով՝ օրկանիզմի թունաւորում։ Այս մեթոտի հիմքը սնուելու պարզութիւնն է, ուտելիքներու միատեսակութիւնը։

Հումակերներու մօտ անմարսողութիւն եւ աւելորդ կազեր չեն յառաջանար։

Պտուղները

Խմբագրել

Պտուղները ստամոքսին մէջ կը մնան ամէնէն շատ կէս ժամ, բացի պանանէն, արմաւէն եւ չոր պտուղներէն։ Այս պտուղները կը մնան ստամոքսին մէջ մինչեւ մէկ ժամ եւ յագեցուածութեան աւելի երկար զգացում կը պատճառեն։

Շատերուն մօտ պտուղները կը յառաջացնեն անմարսողութիւն, կազեր, քանի որ ճիշդ չեն ուտեր զանոնք։ Ճիշդ օգտագործման պարագային, անոնք ոչ միայն կենսանիւթերու հարուստ աղբիւր են, այլեւ կը մաքրեն մարմինին մէջ կուտակուած սնունդի մնացորդները։ Պտուղները եւ բանջարեղէնները ունին թոյները չէզոքացնելու, մարմինի հիմնաթթուային հաւասարակշռութիւնը պահպանող յատկութիւն[4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել