Բժիշկ (ամսագիր, Պէյրութ)

«Բժիշկ», բժշկագիտական-առողջապահական ամսագիր: Լոյս տեսած է առաջին անգամ 1955-ին: 1964-էն ետք հրատարակուած է Լիբանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ հետեւաբար վայելած է անոր բարոյական օժանդակութիւնը:

Բժիշկ
Տեսակ Բժշկագիտական եւ առողջապահական ամսագիր
Լեզու Հայերեն
Խմբագիր Վարուժան Սահակեան
Մելգոն Էպլիղաթեան
Յարութիւն Գազանճեան
Երկիր Պէյրութ, Լիբանան

Պատմութիւն

Խմբագրել

«Հայ Բոյժ» ամսագիրի շիջումէն 13 տարի առաջ, 1955-ին, Պէյրութի մէջ ծնունդ առաւ Հայ Բոյժի նման «Բժիշկը»՝ իբրեւ բժշկագիտական եւ առողջապահական ամսագիր: Անիկա լոյս տեսաւ մինչեւ 1988, երբ դադրեցաւ հրատարակուելէ կամքէ անկախ պատճառներով: Սկիզբը վարչական պատասխանատուն եղած է Արամ Սահակեան: Խմբագիրները եղած են՝ բժիշկներ Վարուժան Սահակեան, Մելգոն Էպլիղաթեան եւ Յարութիւն Գազանճեան (Գեղարդ): 1964էն ետք հրատարակուած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ վայելած է անոր բարոյական հովանաւորութիւնը:

«Բժիշկ»ին յարատեւութեան եւ յաջողութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Յ. Գեղարդը (Յարութիւն Գազանճեան)՝ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ, գրող, լրագրող եւ խմբագիր:

«Բժիշկ»ի մէջ գրեցին Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն յարգելի բժիշկներ Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), Յ. Կարեւորեան (Պէյրութ), Իսահակ Տէրտէրեան, Վարուժան Սահակեան (Պէյրութ), Վ. Թաշճեան, Օսվալտ Հրեշտակեան (Պէյրութ), Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրէս), Յարութիւն Սաղըրեան, Ե. Ագխաչերեան, Սեպուհ Սիսեռեան, Զաքար Մկրեան (Պէյրութ), Ա. Աբէլեան, Սարգիս Գարայեան (Պէյրութ), Գ. Անտոնեան, Տիգրան Գավաֆեան, Յակոբ Սահակեան, Յ. Սապունճեան, Ճորճ Միքայէլեան, Յ. Ճըլճըլեան (Պէյրութ), Կարպիս Հարպոյեան (Պէյրութ) եւ ուրիշներ, առանց մոռնալու նշանաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունեցաւ «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ գրութիւն մը:

«Բժիշկ»ը եղաւ հայ ընտանիքներու ամէնէն սիրուած բժշկական պարբերականը: Անիկա դարձաւ հանդէսը երիտասարդներուն, նորապսակ զոյգերուն, տարեցներուն եւ բոլոր հայերուն:

«Բժիշկ»ին մէջ տպագրուեցան համաշխարհային բժշկագիտութեան նուաճումներու, բժշկութեան պատմութեան, նշանաւոր բժիշկներու եւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու մասին:

Ամբողջ 34 տարի «Բժիշկը» պահեց գիտական հանդէսի մը տուեալները, եղաւ ժողովրդանուէր եւ անշահախնդիր ձեռնարկ մը: Շատ բժիշկներ կամաւոր եւ անսակարկ գրեցին եւ հաղորդեցին իրենց գիտելիքները՝ ի շահ հայ անհատի առողջութեան:

«Բժիշկ»ը եղաւ փնտռուած բժշկական ամսաթերթ մը ոչ միայն լիբանանահայութեան համար, այլ նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներու հայութեան համար: Անիկա վայելեց բոլորին յարգանքը եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:

Ամբողջ 34 տարի «Բժիշկ» ամսաթերթը 32 մեծադիր էջերով լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, յաղթահարելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: «Բժիշկ»ը տոկաց, յարատեւեց Լիբանանի ներքին պատերազմի բոլոր տարիներուն: Այդ դժուարին եւ փոթորկալից տարիներուն յաճախ «Բժիշկ»ը կանոնաւոր եւ ամսական հերթականութեամբ լոյս չտեսաւ, այլ՝ հարկադրաբար լոյս տեսաւ երկու ամիսը կամ երեք ամիսը մէյ մը:

  Լիբանանի պատերազմի օրերուն, տոքթ. Գեղարդ, Բժիշկ (ամսագիր, Պէյրութ)ի թիւերէն մէկուն մէջ «Առաջարկ Եւ Յիշեցում» խորագիրին տակ գրած էր. «Այս հանդէսը սեփականութիւնն է մեր ժողովուրդին, եւ ձեռնարկին գլուխը կեցողները միշտ ալ դիմած են ընթերցողներու գործակցութեան, նոր միջոցառումները ենթարկած անոնց համաձայնութեան՝ միասին հարթելու համար դժուարութիւնները եւ ապահովելու այս օգտաշատ ամսագիրին յարատեւումը»:
- Յ. Գեղարդը (Յարութիւն Գազանճեան)՝ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ, գրող, լրագրող եւ խմբագիր
 


  1981-ի Ապրիլ-Մայիս թիւը կը սկսէր «Խօսք Ընթերցողին» գրութեամբ, ուր կ'ըսուէր. Բժիշկ-ը ժողովուրդի եւ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկ մըն է, առանց նիւթական դոյզն ակնկալութեան: Խմբագիր ու աշխատակից, գիտութեան բարիքը բաշխելու օգտաշատութենէն քաջալեր՝ սիրայօժար կամաւորութեամբ լծկանը կը մնան հայ կեանքի մէջ ա՛լ իր տեղն ու դերը ունեցող այս գործին: Կան սակայն հրատարակութեան անխուսափելի ծախսերը, որոնք կը սղին օրէ օր: Ելեւմուտքը «ծայրը ծայրին» բերելու «բացը» նուազագոյնի իջեցնելու ճիգին մէջ՝ ձեռնարկին պատասխանատուները անյետաձգելի գտան այլեւս փոքր չափով մը բարձրացնելու հանդէսին հատագինը: Այս թիւէն սկսեալ, ուրեմն, ամսագիրի իւրաքանչիւր թիւը կը վաճառուի 5 լիբ. ոսկիի: Ամիսը մէկ լիբ. ոսկիի յաւելումը, վստահ ենք, դիւրաւ յանձն պիտի առնէ ընթերցողը՝ ապահովելու համար մասնագիտական այս հանդէսին յարատեւութիւնը»:  


  Ես առաջին անգամ բախտաւորութիւնը ունեցայ տեսնելու Բժիշկը 1958-ին, երբ կը յաճախէի Հալէպի Ալեփփօ Քոլեճ երկրորդական վարժարանը: Օր մը, մեր հայերէնի ուսուցիչ պրն. Սաաթճեանը նշեց Պէյրութի մէջ հրատարակուող Բժիշկի կարեւորութիւնը հայ ընտանիքներու բժշկական-առողջապահական մարզէն ներս:
- Յ. Գեղարդը (Յարութիւն Գազանճեան)՝ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ, գրող, լրագրող եւ խմբագիր
 


  երկու սփիւռքահայ որակաւոր պարբերականներուն միջեւ հիմնական տարբերութիւն մը կար: Եթէ Պէյրութի «Բժիշկ»-ը պաշտօնական հրատարակութիւնն էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան (եւ հետեւաբար կը վայելէր անոր նիւթաբարոյական նեցուկը), ապա «Հայ Բոյժ»-ը կը հրատարակուէր զուտ անձնական նախաձեռնութեամբ: «Հայ Բոյժ»-ին տանտէրն ու վարձակալը մէկ հոգի էր` գրագէտ Շաւարշ Նարդունին (1898-1968):
- Լեւոն Շառոյեան
 


Աղբիւրներ

Խմբագրել