Հայ Բոյժ (ամսագիր)
Հայ Բոյժ, բժշկական առողջապահական ամսաթերթ-պարբերաթերթ: Շաւարշ Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախաձեռնութեամբ հրատարակած է «Հայ բուժ»-ը` 1934 հոկտեմբերէն սկսեալ, որպէս բժշկական ամսագիր: Ամսագիրը իր գոյութիւնը պահպանած ու պատնէշի վրայ մնացած է շուրջ 30 տարի, որոշ ընդհատումներով ու կաղացումներով:
Հայ Բոյժ Hay-Pouj | |
---|---|
Տեսակ | Բժշկական-առողջապահական ամսաթերթ |
Լեզու | Հայերեն |
Խմբագիր | Շաւարշ Նարդունի |
Հիմնադրուած է | 1 Հոկտեմբեր 1934 |
Հիմնադիր | Շաւարշ Նարդունի |
Երկիր | Փարիզ, Ֆրանսա |
Գրասենեակ | Փարիզ |
Պատմութիւն
Խմբագրել1934-ին Փարիզի մէջ Շաւարշ Նարդունիի նախաձեռնութեամբ սկսած է հրատարակուիլւ Հայ Բոյժ բժշկական-առողջապահական ամսաթերթը, որ շարունակուած է հրատարակուելու մինչեւ 1968:
Եղած է ամսաթերթ, պարբերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ քանի մը տարի[1]:
Ամսագիրը վերջին տարիներուն մատնուած է նիւթական-հրատարակչական դժուարութիւններու եւ Շաւարշ Նարդունին իր անձնական միջոցներով կրցած է պատնէշի վրայ պահել «Հայ բուժ»-ը մինչեւ 1968՝ իր մահը:
Բովանդակութիւն
ԽմբագրելՆարդունին «Հայ բուժ»-ի հրատարակութեան առաջին օրերէն իր շուրջ համախմբած է արտասահման ապրող հանրածանօթ հայ բժիշկներու խումբ մը: Ան գրած է` հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր գեղեցիկ հայերէնով եւ ճոխ հայերէն բժշկական բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ բուժ»-ը նաեւ առողջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ-հայերէն թարգմանութիւններով:
նարդունի անդրադարձած է ֆիզիկական դաստիարակութեան, առողջապահութեան հարցերուն, աջակցելով սփիւռքի հայութեան գոյապահպանման ջանքերուն։ Ան տպագրած է տեղեկութիւններ առողջապահութեան ու բժշկութեան մասին, ծանօթացնելով հիվանդութիւններու ախտանշաններուն, պայքարելով ծխելու դէմ։
Հայ Բոյժի շիջումէն 13 տարի առաջ, 1955-ին, Պէյրութի մէջ ծնունդ առած է Հայ Բոյժի նման «Բժիշկ» ամսաթերթը՝ իբրեւ բժշկագիտական եւ առողջապահական ամսագիր:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ↑ «Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-02-22։ արտագրուած է՝ 2021-01-18