Գաբրիէլ Պասմաճեան
Գաբրիէլ Պասմաճեան, ծնած է Պոլիս: Աւարտած է Մխիթարեան լիսէն եւ Իսթանպուլի Համալսարանի քիմիական—ճարտարագիտութեան ճիւղը։ Մասնագիտացած է Փարիզի Գիտական Հետազօտութեանց Ազգ. Կեդրոնին(CNRS), նաեւ Մոնթրէալի Համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է մագիստրոսի տիտղոս։ Անդամ է գանատայի քիմիական Ինստիտիւտին։
Գաբրիէլ Պասմաճեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Պոլիս |
Կրօնք | քրիստոնեայ |
Կը ստորագրէ գրական, քննադատական յոդուածներ, գրախօսականներ, ակնարկներ՝ Մոնթրէալի «Ապագայ»,«Հորիզոն» եւ «Գեղարդ» պարբերաթերթերուն եւ ֆրանսերէն «Liberte» գրական հանդէսին մէջ։ Քանի մը տարի վարած է Մոնթրէալի Հայ Համալսարանական ուսանողներու Հրատարակած Հայագիտական ուսմանց «Տեղեկատու» պարբերաթերթի խմբագրութիւնը։
Մաս կը կազմէ Մոնթրէալի Պոլսահայ Միութեան Մէկ Մշակութային Յանձնախումբին։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։