Գաբրիէլ եպիսկոպոս Մարաշցի
Գաբրիէլ Վրտ․ Մարաշցին , որ 7 տարիներէ ի վեր Աղեքսանդրիա կը ծառայէր, Գահիրէ պաշտօնի կը կոչուի Երուսաղէմի Պատրիարքին կողմէն, երբ՝ 1832-ին Երուսաղէմէն Եգիպտոս ղրկուած իբրեւ նուիրակ՝ Կիրակոս Երուսաղեմցի Մնացականյանը , կը հրաժարի Եգիպտոսի առաջնորդութենէն։
Գահիրէի Հայերը սակաւաթիւ էին, հազիւ քանի մը հարիւր հոգի։ Ս.Սարգիս մատուռը իր անուամբ անշարժ կալուած չունէր եւ առաջնորդարանի վերնայարկին մէկ սենեակը կը գրաւէր։ Գաբրիէլ վարդապետի ջանքով մատուռին տեղը Ս․ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուեցաւ․ ծախսը՝ 120000 Ֆրանք։ 1838-ին շինարարութիւնը աւարտեցաւ։
Եգիպտահայերը նամակ կը գրեն Պօղոս Պատրիարքին։ Նամակին մէջ կը խնդրեն Գաբրիէլ Վարդապետի ծառայութիւններուն իբրեւ վարձք, անոր շնորհուի եպիսկոսպոսի աստիճան։ Պօղոս Պատրաիարք կը հաւանի եւ 15 Յունիս 1839-ին՝ Գաբրիէլ վարդապետ Կիլիկիոյ Միքայէլ Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Նոյն տարուան վերջը 17 Դեկտեմբեր 1839-ին եկեղեցին կ՛օծուի եւ կը կրէ հետեւեալ արձանագրութիւնը։ Նոյն թուականին կը կառուցուին Սուրբ Մինաս եկեղեցին եւ Կույս Մարիամ մատուռը։
«Կարողութեամբն Աստուծոյ կառուցաւ Սուրբ Տաճարս նորաահման յանուն Սրբոյ Աստուածածնի արդեամբ Լուսաւորչի ի վայելումն Ազգիս Հայոց որ յԵգոպտոս աշխատութեամբ Մարաշցի Գաբրիէլ Սրբազան Մահտեսի Եպիսկոպոսի ի միաբանութենէ Սրբոյ Երոսաղէմի ի 1839 ի 17 Դեկտեմբերի»
Միեւնոյն ժամանակին Երուսաղէմի Զաքարիա Պատրիարքը կոնդակով Եգիպտոս առաջնորդ կը ղրկէ Դաւիթ Վարդապետը։ Եգիպտոսի գաղութը, գոհ իր առաջնորդէն, չընդունիր այս որոշումը եւ Գաբրիէլ Մարաշցի Եպիսկոպոսը Եգիպտոսի թեմի անկախութիւնը կը հռչակէ։
Գաբրիէլ Սրբազանը Գալուստեանի բարերարութիւններուն գլխաւոր թելադիրը եղած է։
1843-ին Պօղոս Եուսուֆ պէյ կը մահուան ։ Ան կենդանութեանը կտակ մը թողած էր, որ Գաբրիէլ Սրբազանի ջանքերով կը պահպանուի։
Գաբրիէլ եպիսկոպոս հետամուտ եղած է նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու եգիպտահայ գաղութին կարիքներուն համար։ Անոր օրով Ազգը կ՝ ունենայ նաեւ կալուածներ եւ առանձնաշնորհումներ։
Խտիվ Սայիտ փաշա 500 ոսկիի չափ նուիրած է իրեն՝ աղքատներու համար։ Օր մը Սայիտ փաշայի հետ տեսակցած ատեն եպիսկոպոսը կ՝ ըսէ «Աղքատները գիշերը երազս կու գան եւ կը մեղադրեն զիս, թէ իրենց համար ինչո՞ւ չեմ խնդրեր Ձեր Բարձրութեան հանրածանօթ գթութիւնը»։ Իշխանը կը խնդայ, Սրբազանը կը խնդրէ եւ կը ստանայ 600 ֆէտտան (մէկ Ֆէտտան 4200 քառակուսի կանգուն է) հողի տարածութեամբ ագարակ մը վերին Եգիպտոսի մէջ ։ Երեք տարի վերջ օր մը փաշան կը հարցնէ Սրբազանին, թէ ինչպէ՞ս է առաջնորդարանի ելեւմտական վիճակը Սրբազանին պատասխանը կ՛ըլլայ թէ՝ «տարեկան արդիւնքը բաժնեցի, բաժնողին բան չը մնաց» Ուրեմն, կ՛ըսէ բարեսիրտ փաշան, բաժնողին պէտքերուն համար կը նուիրեմ ուրիշ ագարակ մը եւ կը շնորհէ 400 ֆէտտան հող եւս Ստորին Եգիպտոսի մէջ, որուն կալուածագիրն ալ աղքատաց անունով կը հանուի։
1859-ին հիւանդութեան պատճառաւ Գաբրիէլ եպիսկոպոս կը մեկնի Իտալիա․ բուժուելէն ետք կը վերադառնայ Եգիպտոս։
Գաբրիէլ Եպիսկոպոս ծեր եւ հիւանդոտ ըլլալուն, 1863-ին Եգիպտոս կու գայ Մեսրոպ Վ. (ապագային Մեսրոպ Եպ. Սուքիասեան) Սահմանադրութիւնը գործադրելու համար։ Ըստ հայ համայնքի վաւերացուած կանոնագրութեան, Թեմի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ ժողովրդական քուէով առաջին թաղական խորհուրդը կ՛ընտրուի ։
Մեսրոպ Վ.ի մեկնումէն ետք թաղականութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքարանէն կը խնդրէ փոխանորդ մը ու կը ղրկուի՝ Մկրտիչ Եպ. (ապա կաթողիկոս Կիլիկիոյ)՝ որ 2-3 տարի պաշտօնավարելէ ետք, ժողովրդեան դժգոհութենէն՝ կը թողու պաշտօնը։ Անոր կը յաջորդէ Տ. Կարապետ քհ. Անամալի, որ Գաբրէլ Սրբազանի միակ ձեոնասունն էր։
Գաբրիէլ Եպիսկոպոս քաշուելով Մար Մինայի գերեզմանատան դիմացը գտնուող Ազգին Տունին մէջ, առաձնացած կ՛ապրի։ Կը մահուան 21 Ապրիլ 1867-ին եւ կը թաղուի Գահիրէի եկեղեցւոյ մէջ։ 1867-ին Եգիպտահայ Թեմը կը միանայ Պոլսոյ Պատրիարքարանին։
Դամբարան Գաբրիէլ Եպսկոպոս Մարաշցիի
Դերզգօն հովիւ հօտին Քրիստոսի,
Արք Եպիսկոպոս հայկազեան տոհմի
Բարեխնամ տեսուչ հոգւոյ ամենի
Րաբունի ընտիր պատւոյ արժանի
Ի Մարաշ ծնեալ ընիկ հայրենօք
Էր ծաղկեցուցիչ տեղւոյս տաճարօք
Լի ես դու ուրեմն տապան գեղապանծ
Բարեօք որ կրես զայս պատուական գանձ
Յամի տեառն 1867 Ապրիլ 22