Գալուստ Նաճարեան

Գալուստ Նաճարեան (1856, Մարաշ, Մարաշի գաւառ, Հալէպի նահանգ, Օսմանեան կայսրութիւն- Յունուար 1920, Մարաշ), հայ բժիշկ։

Գալուստ Նաճարեան
Ծնած է 1856
Ծննդավայր Մարաշ, Մարաշի գաւառ, Հալէպի նահանգ, Օսմանեան կայսրութիւն
Մահացած է 1920
Մահուան վայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Մարաշի աստուածաբանական ճեմարան,
Այնթէպի բժշկական վարժարան,
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Մա­րա­շի գեր­մա­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ց

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1856 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Մայրենի լեզուի նախնական ծանօթութիւնն ստացած է ջուլհակի մը քով աշխատած ընթացքին։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է թաղային ազգային վարժարանէն ներս։ Աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու՝ Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է Մարաշի աստուածաբանական ճեմարանէն ներս, ապա՝ Ամերիկեան միսիոներական հաստատութիւն|Ամերիկեան միսիոներական հաստատութեան]] («Պորտ») Այնթէպի նորաբաց բժշկական վարժարանին մէջ։ 1888 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1888 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ յանձնած է պետական քննութիւնները եւ բժշկական վկայական ստացած։ Այնուհետեւ հաստատուած է Մարաշ եւ զբաղած բժշկութեամբ։

1895 թուականի, Մարաշի հայկական կոտորածներու ժամանակ, ուսումը կատարածագործած է Էտինպուրկի բժշկական համալսարանին մէջ։ Մասնագիտական գիտելիքներով հարստացած՝ վերադարձած է ծննդավայր եւ բժիշկ-վիրաբոյժ նշանակուած՝ Մարաշի գերմանական հիւանդանոցի։ Շուրջ 40 տարի առանց ցեղի ու կրօնի խտրականութեան բարեխղճօրէն բուժած է քաղաքի բնակչութիւնը։ 1920 թուականի Յունուարին՝ Մարաշի հայկական կոտորածի ժամանակ, սրախողխողի ենթարկուած է՝ իր ընտանիքին ու զաւակներուն հետ միասին՝ 64 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։