Գառնիկ Դաւիթեան

Գառնիկ Դաւիթեան( 6 Յունուար 1874, Կարմիր (Կերմեր, Կեսարիոյ գիւղաքաղաք) - 15 Օգոստոս 1949), հայ ուսուցիչ, յօդուածագիր ու տնօրէն:

Գառնիկ Դաւիթեան
Ծնած է 6 Յունուար 1874(1874-01-06)
Ծննդավայր Կարմիր (Կերմեր, Կեսարիոյ գիւղաքաղաք)
Մահացած է 15 Օգոստոս 1949(1949-08-15) (75 տարեկանին)
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական եւ երկրորդական ուսումն ստացած է ծննդավայրի Պարթեւեան վարժարանի եւ Ճեմարանին մէջ։ Միեւնոն վարժարանին մէջ պաշտօնվարած է իբրեւեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, ապա եղած է միեւնոյն վարժարանի տնօրէնը. պաշտօններ վարած է նաեւ այլ վարժարաններու մէջ:

1909-ին, Ատանայի աղէտէն ետք, Մերսին բացուած Որբանոցի տնօրութենէն անցած է իբրեւանոսեան եղբարց Մերսինի վաճառատան տնօրէնութեան:

Կիլիկիայէն գաղթելէն ետք, կարճ ժամանակ կրթական իր պաշտօնէն հեռանալէ ետք, դարձեալ կը վարէ տեղւոյն Ազգ. Սահակեան երկսեռ վարժարանի եւ Անդրանիկեան մանկապարտէզի ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը:

Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ամէն պարագային, ան շարունակ գրած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է. ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ երկար տարիներ Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետի պաշտօնը վարած է եւ մէկ տարի Լիբանանի բոլոր ազգային վարժարաններուն քննիչը եղած է:

1949-ի Օգոստոս 15-ին հոգին յանձնեցինք քաղաքիս ծանօթ մտաւորականներէն Գառնիկ Ս. Դաւիթեանը որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 75 ձիգ տարիներու բեռան տակ, գրական բեղուն գործունէութեան մը ունենալէ եւ տիպար հայու կեանք մը բոլորելէ յետոյ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ.Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939 Պուքրէշ, հատոր Դ., էջ 607:
  • Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ:
  • «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի», Պէյրութ, «Լիբանահայ նախապատերազմեան (1914) գաղութի հրատարակչական յանձնախումբ», 1981, էջ 410: