Գարեգին Թապուրեան
Գարեգին Թապուրեան, ծնած է 1869-ին, Տիգրանակերտ: Պէյրութի մէջ,1925-ին, հոգեբարձու կ'ըլլայ Սբ. Նշան Վարժարան ի ապա անդամ՝ ուսումնական եւ քաղաքական ժողովներու։ Ամուսնացած է Օր. Ֆ. Չամուրեանի հետ եւ ունի երկու մանչ՝ Արա եւ Ժիրայր։
Գարեգին Թպուրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1869 |
Ծննդավայր | Տիգրանակերտ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Աշխատավայր | Ատամնաբուժ, Դասախօս, թարգման, օգնական փրօֆէսօր |
Ամուսին | Օր. Ֆ. Չամուրեան |
Երեխաներ | Արա եւ Ժիրայր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳարեգին Թապուրեան ծնած է 1869-ին Տիգրանակերտ, եւ Պէյրութ եկած է 1910-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տիգրանակերտի Ազգ. Վարժարանը:
Լիբանանի մէջ, տարի մը Շուէյրի Ամերիկեան գիշերօթիկ վարժարանը յաճախելէն յետոյ, կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը: Ա. Ընդհ. Պատերազմի ընթացքին, ժամանակ մը դասընթացքը շարունակելով եւ ժամանակ մըն ալ Շուէյֆաթի մէջ իբրեւեւ ուսուցիչ պաշտօնավարելով կը պարապի։ Պատերազմի վերջին տարին իբրեւ բժիշկի օգնական կը մտնէ թրքական բանակ եւ կը մնայ Հալէպ: Պատերազմի վերջաւորութեան կը մտնէ անգլիական բանակ իբրեւեւ թարգման եւ 1919-ին կը ստանայ իր «Պստկաւոր Արուեստից» տիտղոսը։
1919-23-ին, կը պաշտօնավարէ համալսարանին մէջ, միեւնոյն ժամանակ հետեւելով ատամնաբուժական դասընթացքին։ 1923-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ իբրեւեւ վերաբոյժ ատամնաբոյժ եւ կը հաստատուի Դամասկոս: 1925-ին, կը հրաւիրուի Ամերիկեան Համալսարանի Ատամնաբուժական Վարժարանը իբրեւեւ դասախօս։
Պէյրութի մէջ, կը մասնակցի բազմաթիւ ձեռնակներու։ Կ'ըլլայ հոգեբարձու Սբ. Նշան Ազգ. վարժարանի եւ ապա անդամ՝ ուսումնական եւ քաղաքական ժողովներուն։ 1929-ին կը նշանակուի համալսարանի մէջ օգնական փրօֆէսօր։
Ամուսնացած է Օր. Ֆ. Չամուրեանի հետ։ Ունի երկու մանչ՝ Արա եւ Ժիրայր։
1930-31-ի շրջանին, դպրոցին կողմէ կ'ուղղարկուի Հիւսիսային Ամերիկա մասնագիտական ուսումնասիրութեանց համար։
1941-ին Հանրապետութեան Ն. Վ. Նագաշի կողմէ կը նշանակուի Պէյրութի քաղաքապետական ժողովի անդամ։
Քլինիքը հաստատած էր Պէյրութ, իր անձնական բնակարանին մէջ։ 1932-ին հրատարակեց «Բերանի Առողջութիւն» պատկերազարդ գիրքը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 431։