Գեղձուռոյցները (adenoids), կը գտնուին քիթի ետեւի մասին եւ քթանցքին մէջ: Անոնք աւշային հիւսկէններու (lymphoid tissues) խմբաւորում են:

Գեղձուռոյցներ

Իւրաքանչիւր անձ ի ծնէ կ՛ունենայ գեղձուռոյցներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը մեծնան եւ կը գրաւեն քիթին ետեւի ամբողջական մասը: Կան երեխաներ, որոնք ի ծնէ կ՛ունենան մեծ գեղձուռոյցներ, որոնք անբնական ձեւի մէջ մեծնալով կրնան բոլորովին խցել քիթին ետեւի մասը:

Արբունքի շրջանին այս գեղձուռոյցները կը սմքին եւ կ՛անհետանան: Սակայն, երբ այս գեղձուռույցները աւելի եւս աճին, անոնք պատճառ կը դառնան որ երեխան ունենայ կարգ մը ախտանշաններ:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Երբ գեղձուռոյցները կը մեծնան, երեխան կամ պատանին կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշանները.

 
Մեծցած գեղցուռոյցներ ունեցող երեխայի մը դէմքին արտայայտութիւնը
  • Բերանը բաց քնանալ, որովհետեւ դժուարութիւն կայ քիթէն շնչելու,
  • Անհանդարտ եւ ձայնաւոր շնչառութիւն,
  • Ականջի ցաւ,
  • Ականջի բորբոքում,
  • Ականջահոսք,
  • Լսողական տկարութիւն եւ կամ խլութիւն,
  • Դէմքի արտայայտչական որոշ երեւոյթ,
  • Ցցուած վերի շրթունք եւ ակռաներ,
  • Բարձր շրթունք:

Ախտաբանական Փոփոխութիւններ

Խմբագրել
 
Անբնականօրէն մեծցած գեղձուռոյցներ

Գեղձուռոյցները անբնականօրէն կը մեծնան եւ կը բորբոքին նշիկներու բորբոքումով:

Երբ գեղձուռոյցները անբնականօրէն կը մեծնան, միջին ականջը կ՛ազդուի եւ իր գործունէութեան ձեւը, այսինքն՝ լսողական ուժը, կը փոխուի:

Բնական պայմաններու մէջ միջին ականջը հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուի քիթին ետեւի մասին եւ արտաքին աշխարհին հետ, եւ այս մէկը կը կատարուի շատ բարակ խողովակով մը, որ Եւստաքեան խողովակ (eustachian tube) կը կոչուի: Այս խողովակին միջոցով միջին ականջի եւ արտաքին աշխարհի ճնշումները հաւասարակշռուած կը մնան: Երբ այս հաւասարակշռութիւնը խախտի, տարբեր տեսակի ականջի հիւանդութիւններ յառաջ կու գան:

Խախտում կը յառաջանայ նաեւ երբ քիթին ետեւի մասը գոց է, որովհետեւ գեղձուռոյցներու բորբոքումով նաեւ կը բորբոքի Եւստակեան խողովակը, ինչը պատճառ կը դառնայ միջին ականջի բորբոքման եւ լսողական զանազան խնդիրներու յառաջացման:

Դարմանում

Խմբագրել

Գեղձուռոյցներու դարմանումը յաճախ կարելի է կատարել մանրէասպան դեղերու գործածութեամբ: Սակայն կան պարագաներ, երբ գեղձուռոյցներու բորբոքումը այնքան յաճախակի ըլլայ ու դեղերով դարմանումը անհնար՝ այս պարագային վիրահատումը միակ ելքը կը դառնայ: Գեղձուռոյցներու վիրահատութեան ընթացքին, քիթին ետնամասի մէջ գտնուող բորբոքած եւ մեծցած գեղձուռոյցները ամբողջապէս կը վիրահատուին, եւ այս մէկուն իբրեւ արդիւնք՝ երեխան կը դադրի բոլոր ախտանշանները ուենալէ:

Գեղձուռոյցները կրնան բորբոքիլ նշիկներու բորբոքումի պատճառով, եւ այս պարագային ալ դարմանումը պէտք է կատարուի միասին: Սակայն երբ գեղձուռոյցները բորբոքած են անկախ նշիկներէն, եւ նշիկները բնական վիճակի մէջ կը գտնուին, այս պարագային գեղձուռոյցներու հատումը պէտք է կատարուի անջատաբար:

Գեղձուռոյցներու վիրահատումը կը կատարուի ընդհանուր զգայազրկմամբ (general anesthesia): Այս վիրաբուժական գործողութիւնը աւելի պարզ է քան նշկահատումը, եւ երեխան 1-2 օրուան ընթացքին կ՛ապաքինի ու կը վերադառնայ իր բնական կեանքին: Գեղձուռոյցներու վիրահատումը պէտք է ըլլայ ամբողջական, որովհետեւ երբ մասնակի է, ապա այդ մնացորդները վերստին կ՛աճին եւ կը խցեն քիթին ետեւի մասը:

Աղբիւր

Խմբագրել