Ականջահոսք, ականջէն դուրս հոսող հեղուկը կը կոչուի ականջահոսք: Ականջահոսքը հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ ախտանշան մը, որ կը յայտնուի ականջի զանազան հիւանդութիւններով[1][2]:

Ականջահոսք
ՀՄԴ-9 017.40, 055.2, 381.0, 381.1, 381.2, 381.3, 381.4, 382
ՀՄԴ-10 H65-H67
MedlinePlus 000638
eMedicine 351
MeSHID D010033
Disease Ontology 29620

Ներքին ականջի հիւանդութիւնները կը հարուածեն լսողական օրկանը՝ խխունջը եւ հաւասարակշռութեան օրկանը՝ կիսաբոլոր խողովակներն ու անդաստակի երկու պզտիկ տոպրակները։ Երկու օրկանները կրնան վնասուիլ միասնաբար կամ անջատաբար. անոնց վնասումով կը յառաջանան լսողական ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։

Մարդու ականջը.

Ականջի Ընդհանուր Կազմախօսութիւն

Խմբագրել

Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:

Արտաքին ականջ

Խմբագրել

Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղի-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum).[3]:

Միջին ականջ

Խմբագրել

Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ։ Անիկա կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Ականջախոռոչի արտաքին պատն է թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կազմեն ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնը: Այս պատուհանները կը կոչուին ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ[3][4]:

Ներքին ականջ

Խմբագրել

Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մըն է եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Անոր մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30,000 լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներուն միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինին կողմէ, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինին կողմէ: Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմինի շարժումի ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են[3][5]:

Ներքին ականջի տեսնուած հիւանդագին երեւոյթները

Խմբագրել

Ա.- Լսողական ընկալական կորոստ եւ ականջաբզզիւն, որոնք կը յառաջանան լսողական ջիղի՝ քորթեան օրկանի մազմզուկներուն ախտահարումով։ Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յայտնուի հետեւեալ պատճառներով.

  • Խխունջի ժահրային կամ մանրէական բորբոքումներ, որոնք կրնան ըլլալ շիճուկային եւ կամ թարախային։ Այս բորբոքումները կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ եւ ականջաբզզիւն.
  • Խխունջի զարկերակային խցումներ, որոնք կը յառաջացնեն միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ։
  • Խխունջի ժառանգական-ծինային լսողական մազմզուկներու անբնական եւ թերի կառուցուածքային զարգացում, որ կը դրօշմուի յղութեան առաջին ամիսներէն իսկ եւ կը յայտնուի որպէս երկկողմանի ընդոծին եւ կամ յետծննդեան լսողական ընկալական կորուստ։ Այս երեւոյթը ընդհանրապէս կը տեսնուի մարմնի զանազան օրկաններու եւ հիւսուածքներու տարբեր արատներով եւ կամ ախտանշաններով։ Լսողական կորուստին հետ միատեղ կրնայ պատահիլ նաեւ գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։
  • Յղութեան առաջին երեք ամիսներու շրջանին որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի երկկողմանի լսողական կորուստ ։ Այս դեղերէն կարելի է յիշել՝ kanamycin, garamycin, quinine:
  • Յղութեան շրջանին որոշ ժահրային հիւանդութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն երկկողմանի լսողական կորուստ։ Այս հիւանդութիւններուն կարեւորագոյնն է՝ գերմանական հարսանիթը։
  • Խխունջի մեքենական հարուած-վնաս, որ կը յառաջացնէ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական ընկալական կորուստ: Որոշ դեղերու գործածութիւն, ուր կը տեսնուի լսողական ընկալական ժամանակաւոր կամ մնայուն կորուստ։ Լսողական կորուստը կը վերադառնայ բնական վիճակի կարգ մը դեղերու դադրեցումով, իսկ ուրիշներու պարագային լսողական կորուստը կը դառնայ մնայուն։
  • Աղմուկի ներգործութիւն. Աղմուկը անմիջականօրէն կամ աստիճանաբար կը վնասէ լսողութեան մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնէ զանազան աստիճանի լսողական կորուստ։ Զօրաւոր պայթումներ, աղմկարար գործարաններ եւ արդի անախորժ երաժշտական հաւաքավայրերու բարձր ձայները ուղղակիօրէն կը վնասեն լսողական մազմզուկներուն եւ կը յառաջացնեն անոնց մէջ կենսաբանական խանգարումներ ու փոփոխութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն մնայուն եւ միակողմանի կամ երկկողմանի լսողական կորուստ ու ականջաբզզիւն:   

Բ. Լսողական ընկալական կորուստ որ կը յառաջանայ լսողական ջիղի ախտահարումով։ Այս հիւանդագին կացութիւնը կը յայտնուի հետեւեալ պատճառներով՝

  • Լսողական ջիղի ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի.
  • Տարեցութիւն. լսողական կորուստը ընդհանրապէս երկկողմանի է.
  • Շաքարախտ, պնդերակութիւն եւ արեան քոլեսթերոլի բարձրացում. լսողական կորուստը միշտ երկկողմանի է.

Մեքենական հարուած-վնասներ. լսողական կորուստը կրնայ ըլլալ երկկողմանի կամ միակողմանի.

Գ.- Գլխապտոյտ, որ կը յառաջանայ կիսաբոլոր խողովակներու եւ անդաստակի հիւանդագին երեւոյթներով՝

  • ա. Ժահրային եւ մանրէական բորբոքումներ.
  • Զարկերակային ամբողջական կամ մասնակի խցումներ.
  • Մեքենական հարուած-վնաս.
  • Գլխու դիրքաւորման գլխապտոյտ. Այս պարագային գլխու որոշ մէկ շարժումով կամ դիրքաւորումով ներքին ականջի անդաստակին երկու պզտիկ տոպրակներուն կրակիրային մասնիկները անակնկալօրէն կը տեղափոխուին եւ կը հաստատուին կիսաբոլոր խողավակներուն մէջ. այս տեղափոխութիւնը կը յառաջացնէ անակնկալ գլխապտոյտ, որ դարմանելի է որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ գլխու մարզանքներով։

Դ.- Մէնիէրեան հիւանդութիւն որ կը յայտնուի գլխապտոյտով, լսողական ընկալական կորուստով եւ ականջաբզզիւնով։

Այս հիւանդութեան պարագային ականջաջուրը չի ներմուծուիր արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը կուտակուի ներքին ականջին մէջ. այս կացութիւնը կը յառաջացնէ ներքին ականջի ընդլայնում եւ ուռեցք, որ կը ճնշէ լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկաններուն վրայ եւ կը յառաջացնէ անակնկալ եւ կրկնուող գլխապտոյտ, ինչպէս նաեւ միակողմանի լսողական կորուստ եւ ականջաբզզիւն։ Այս երեք ախտանշանները կրնան պատահիլ միասնաբար կամ առանցնաբար, ընդհատումներով կամ շարունակական ձեւով։ Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը ժամանակի ընթացքին կը դառնան մնայուն երեւոյթներ, իսկ գլխապտոյտը կը պատահի միայն ու միայն հիւանդութեան իւրաքանչիւր անակնկալ յայտնաբերումով։

Լսողական կորուստը եւ ականջաբզզիւնը հիմնական դարման չունին. իսկ գլխապտոյտը կը հակակշռուի որոշ դեղերով։ Յաճախակի եւ ուժգին գլխապտոյտը կ՛անհետանայ վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր հաւասարակշռութեան օրկանը ամբողջութեամբ կը բնաջնջուի։

Ներքին ականջի բորբոքումներով յառաջացած լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս կ՛անհետանան ամբողջական դարմանումէ ետք. իսկ մնացեալ պարագաներուն լսողական կորուստը, գլխապտոյտը եւ ականջաբզզիւնը անդարմանելի են եւ չեն անհետանար, այլ կը դառնան մնայուն երեւոյթներ։

Յայտնում[6]

Խմբագրել

Ականջահոսքը կը յայտնուի ախտաբանական տարբեր ձեւերով.

  • Շիճուկային (serous)
  • Շիճուկա-արիւնային (serosanguineous)
  • Թարախային (purelent)
  • Ջրանման մաքուր հեղուկ-ուղեղաջուր (cerebral fluid):

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Ականջահոսքին կրնան ուղեկցիլ հետեւեալ ախտանշաններէն մէկը կամ մէկէն աւելին.

Յաւելեալ

Խմբագրել

Ականջահոսքը կը յառաջանայ ականջի զանազան հիւանդութիւններով եւ գանկի հարուածային կոտրուածքով:

Ականջի զանազան հիւանդութիւններ.

Արտաքին ականջ՝ ականջակոնքի եւ ականջացնցուղի հիւանդութիւններ

Խմբագրել
  • Ականջակոնքի վերի բաժինին մէջ ընդոծին (congenital) խլուակի (fistula) բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.
  • Մորթի ժահրային բշտիկաւոր բորբոքումներ. ականջահոսքը շիճուկային կամ թարախային է. այս բորբոքումներէն են՝ սողնախտը (herpes simplex) եւ սողնախտագօտին (herpes zoster), երկուքն ալ կը յատկանշուին ջրաբշտիկներով.
  • Մորթի մանրէական բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.
  • Ականջակոնքի մանրէական աճառապատատապ (perichondritis). ականջահոսքը թարախային է:
  • Արիւնային ուռեցքի (hematoma) վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը արիւնաթարախային է.
  • Ականջացնցուղի սնկային, մանրէական եւ սնկային բորբոքումներ. ակաջահոսքը թարախային կամ շիճուկային է.
  • Ականջացնցուղի վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է. ականջացնցուղի վիրաւորումը տեղի կ՛ունենայ.
  1. Օտար մարմինի մը գոյութեամբ.
  2. Ականջացնցուղը շարունակ ուժգին մաքրելով.
  3. Արտաքին ֆիզիքական հարուածով.
  4. Լողալով եւ սուզուելով[8][9]:


Թմբկաթաղանթի հիւանդութիւններ

Խմբագրել
  • Թմբկաթաղանթի մանրէական բորբոքում, որ կը յառաջանայ ականջացնցուղի կամ միջին ականջի բորբոքումներու հետեւանքով. ականջահոսքը թարախային է:
  • Թմբկաթաղանթի այտուցային բորբոքում (myringitis bullosa), որ ժահրային բորբոքում մըն է. ականջահոսքը շիճուկային է:

Միջին ականջ

Խմբագրել
  • Ականջախոռոչի ժահրային կամ մանրէական բորբոքումներ, որոնք կ՛ըլլան սուր կամ յարատեւ. անոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան հետեւեալ ախտապատճառներով.
  1. Լսափողի մասնակի կամ ամբողջական խցում.
  2. Քթաըմբանի բորբոքումներ.
  3. Քթաըմբանի գեղձուռուցք (adenoids).
  4. Քթաըմբանի խլիրդ եւ անօթային ուռեր (vascular tumors).
  5. Քիթի խցում եւ վատառողջ վիճակ, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով՝ քթաբորբ (rhinitis), քիթի խորշապատի-միջնեպատի ծուռութիւն (septal deviation), ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.
  6. Ժահրային մանկական ընդհանուր հիւանդութիւններ, օրինակ՝ հարսանիթ (measles), ունկնագեղձի բորբոքում-գայլացաւ (mumps, parotitis).
  7. Մթնոլորտային օդի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն.
  8. Նշիկներու (tonsils) բորբոքում.

Վերոնշեալ ախտապատճառներով միջին ականջի բորբոքումային ականջահոսքը կ՛ըլլայ թարախային կամ շիճուկային, սուր կամ յարատեւ: Միջին ականջի սուր բորբոքումի զարգացումով միջին ականջը կը կուտակուի շիճուկային կամ թարախային հեղուկով, թմբկաթաղանթը կը բորբոքի եւ կը ցցուի դէպի դուրս ներխոռոչային ճնշումի բարձրացումով: Այս հանգրուանին թմբկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք: Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ միջին ականջի յարատեւ բորբոքում, որուն ախտանշաններն են՝ թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ (perforation) եւ յարատեւ թարախահոսք:

Քունքոսկր

Խմբագրել

Քունքոսկրի սուր եւ յարատեւ բորբոքումները կը զարգանան միջին ականջի սուր եւ յարատեւ բորբոքումներու հետեւանքով: Քունքոսկրի բորբոքումով տեղի կ՛ունենայ սուր կամ յարատեւ ականջահոսք նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:

Ներքին ականջ

Խմբագրել

Ներքին ականջի բորբոքումը կը զարգանայ, երբ միջին ականջի բորբոքումը տարածուի ներքին ականջ: Ականջահոսք տեղի կ՛ունենայ նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:

Գանկային պատճառներ

Խմբագրել

Գանկի հարուած-վնասով կը յառաջանայ գանկային եւ ներքին ականջի ոսկրային կոտրուածք, որուն հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ ուղեղաջուրի կուտակումը ներքին եւ միջին ականջներուն մէջ։ Ուղեղաջուրի կուտակումով կը բարձրանայ ականջախոռոչային ճնշումը, որ պատճառ կը դառնայ թմբկաթաղանթի ծակելուն եւ ուղեղաջուրի ականջահոսքին:

Ականջահոսքի Տարբեր Հետեւանքներ

Խմբագրել

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Ականջահոսքին ախտաճանաչումը բացայայտ է: Սակայն պէտք է կատարուի անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումը: Հետեւաբար պէտք է կատարուի ախտաճանաչումի հետեւեալ գործընթացքը.

  • Լսել հիւանդին պատմականը, որ խիստ կարեւոր է, օրինակ՝
  1. Ականջացաւ՝ որ կ'անյետանայ ականջահոսքէ ետք, կը մատնանշէ միջին ականջի բորբոքում.
  2. Ականջահոսք՝ որ կը պատահի լողալէ ետք, կը մատնանշէ ականջացնցուղի բորբոքում.
  3. Ականջահոսք՝ որ կը պատահի օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին եւ լեռ մագլցելու եւ լեռէն իջնելու ընթացքին, կը մատնանշէ միջին ականջի անակնկալ եւ սուր բորբոքում.
  4. Ջրանման մաքուր ականջահոսք՝ որ կը պատահի գլխու ուժգին հարուածէ ետք, կը մատնանշէ գանկային կոտրուածքի հետ ուղեղաջուրի կամ արիւնանախառն ուղեղաջուրի հոսք.
  5. Երկարատեւ, անցաւ եւ թարախային ականջահոսք՝ կը մատնանշէ միջին ականջի եւ կամ քունքոսկրի յարատեւ բորբոքում (mastoiditis),
  6. Յարատեւ ականջահոսք, ուռեցք ականջին ետեւը, ականջացաւ եւ դէմքի անդամալուծութիւն՝ կը մատնանշեն միջին ականջի եւ քունքոսկրի միատեղ յարատեւ բորբոքում:
  • Քննել՝
  1. Հիւանդին ականջը ականջադիտակով (otoscope)՝ տեսնելու համար ականջացնցուղի եւ թմբկաթաղանթի անբնական երեւոյթները.
  2. Հիւանդին քիթը, կոկորդը եւ բերանը:
  • Կատարել՝
  1. Ականջահոսքի ախտաբանական քննութիւն.
  2. Գլխու եւ ականջի տեսակաւոր նկարահանումներ, օրինակ՝ պարզ Ք-ճառագայթային (x-ray), մագնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարահանումներ:

Ականջահոսքի դարմանումը կը հիմնաւորուի անոր հիմնական ախտապատճառին դարմանումովը: Այսինքն՝ հիմնական ախտապատճառին ախտաճանաչումը նախ կը կատարուի եւ ապա անոր դարմանումը կը կիրարկուի, որպէսզի վերջ դրուի ականջահոսքին:

Ականջահոսք, Ականջէն դուրս հոսող հեղուկը կը կոչուի ականջահոսք: Ականջահոսքը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի ականջի զանազան հիւանդութիւններու պատճառով:

Արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ

Խմբագրել

Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ` արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ներքին ականջ:

Արտաքին ականջը

Խմբագրել

Կազմուած է ականջակոնքէ (pinna) եւ անցուղիէ (canal): Ականջակոնքի ստորին բաժինը կը կոչուի ականջի բլթակ (ear lobe), որ կակուղ եւ փափուկ է: Անցուղին ունի 25-28 մմ. երկարութիւն. անոր արտաքին երկու երրորդ մասը կռճիկային (car-tilagenous) հիւսուածքէ կազմուած է, իսկ ներքին մէկ երրորդ մասը ոսկրային է: Անցուղին ծածկուած է մորթով, որ հարուստ է ճարպ արտադրող գեղձերով: Արտադրուած ճարպը կը կոչուի գէջ (wax): Արտաքին ականջը կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum).

Միջին ականջը

Խմբագրել

Կազմուած է թմբկախոռոչէ (ear cavity) եւ լսափողէ`- եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube): Անիկա կը բացուի քթաըմբանին մէջ։ Ականջախոռոչը լեցուն է օդով: Անիկա հաղորդակցութեան մէջ է քունքոսկրի (mastoid bone) օդակիր պզտիկ խոռոչներուն (air cells) հետ բարակ անցքով մը եւ քթաըմբանին հետ` լսափողով: Թմբկ-ախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ` մուրճ (malleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes), որոնք ձայնի ալիքները կը փոխանցեն թմբկաթաղանթէն դէպի ներքին ականջ: Ականջախոռոչը ծածկուած է խլնաթաղանթով մը, որ կը շարունակուի լսափողին մէջ։ Լսափողը կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկին արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Թմբկախոռոչի պատերուն մէջէն կ'անցնի դէմքի ջիղը (facial nerve): Անիկա դէմքի մկաններուն շարժիչ ջիղն է, որ դուրս ելլելէ ետք միջին ականջէն, կ՛ուղղուի դէպի դէմքի մկանները:

Ականջախոռոչի ժահրային կամ մանրէական

Խմբագրել

Այդ բորբոքումները կ՛ըլլան սուր կամ յարատեւ. անոնք ընդհանրապէս կը յառաջանան հետեւեալ ախտապատճառներով.

1. Լսափողի մասնակի կամ ամբողջական խցում.

2. Քթաըմբանի բորբոքումներ.

3. Քթաըմբանի գեղձուռուցք (adenoids).

4. Քթաըմբանի խլիրդ եւ անօթային ուռեր (vascular tumors).

5. Քիթի խցում եւ վատառողջ վիճակ, որ կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով` քթաբորբ (rhinitis), քիթի խորշապատի-միջնեպատի ծուռութիւն (septal deviation), ցցօններ (polyps) եւ խլիրդ.

6. Ժահրային մանկական ընդհանուր հիւանդութիւններ, օրինակ` հարսանիթ (measles), ունկնագեղձի բորբոքում-գայլացաւ (mumps, parotitis).

7. Մթնոլորտային օդի ճնշումի անակնկալ փոփոխութիւն.

8. Նշիկներու (tonsils) բորբոքում.

Վերոնշեալ ախտապատճառներով միջին ականջի բորբոքումային ականջահոսքը կ՛ըլլայ թարախային կամ շիճուկային, սուր կամ յարատեւ: Միջին ականջի սուր բորբոքումի զարգացումով միջին ականջը կը կուտակուի շիճուկային կամ թարախային հեղուկով, թմբկաթաղանթը կը բորբոքի եւ կը ցցուի դէպի դուրս ներխոռոչային ճնշումի բարձրացումով: Այս հանգրուանին թմբկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ ականջահոսք: Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ միջին ականջի յարատեւ բորբոքում, որուն ախտանշաններն են` թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ (perforation) եւ յարատեւ թարախահ

Միջին ականջի ոսկրիկներ

Խմբագրել

Ներքին ականջը կազմուած է անդաստանէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքն իր վրայ պարուրուած է 2.5 անգամ: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջին յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ՛ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն:

Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ` մարմինի դիրքին, կացութեան եւ շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ՛որոշէ համադրել մարմինի յարմարագոյն ձեւը եւ հաւասարակշռութիւնը:

Ինչպէ՞ս կը յայտնուի ականջահոսքը

Խմբագրել

Ականջահոսքը կը յայտնուի ախտաբանական տարբեր ձեւերով

Ա. Շիճուկային (serous)

Բ. Շիճուկա-արիւնային (serosanguineous)

Գ. Թարախային (purelent)

Դ. Ջրանման մաքուր հեղուկ-ուղեղաջուր (cerebral fluid)

Ականջահոսքին կրնան ուղեկցիլ հետեւեալ ախտանշաններէն մէկը կամ մէկէն աւելին.

Խմբագրել

Ա. Ականջացաւ

Բ. Ջերմ եւ դող

Գ. Ականջի քերուըտուք

Դ. Գլխապտոյտ

Ե. Ականջաբզզիւն

Զ. Լսողութեան մասնակի կորուստ

Է. Դէմքի անդամալուծութիւն

Ը. Քթահոսք եւ քիթի խցում:

Ականջահոսքը կը յառաջանայ ականջի զանազան հիւանդութիւններով եւ գանկի հարուածային կոտրուածքով:

Ականջի զանազան հիւանդութիւններ

Խմբագրել

Ա. Արտաքին ականջ` ականջակոնքի Եւ ականջացնցուղի հիւանդութիւններ

Խմբագրել

ա. Ականջակոնքի վերի բաժինին մէջ ընդոծին (congenital) խլուակի (fistula) բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է.

բ. Մորթի ժահրային բշտիկաւոր բորբոքումներ. ականջահոսքը շիճուկային կամ թարախային է. այս բորբոքումներէն են` սողնախտը (herpes simplex) եւ սողնախտագօտին (herpes zoster), երկուքն ալ կը յատկանշուին ջրաբշտիկներով.

գ. Մորթի մանրէական բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է:

դ. Ականջակոնքի մանրէական աճառապատատապ (perichondritis). ականջահոսքը թարախային է:

ե. Արիւնային ուռեցքի (hematoma) վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը արիւնաթարախային է:

զ. Ականջացնցուղի սնկային, մանրէական եւ սնկային բորբոքումներ. ակաջահոսքը թարախային կամ շիճուկային է:

է. Ականջացնցուղի վիրաւորում եւ բորբոքում. ականջահոսքը թարախային է:

Ե՞րբ տեղի կ'ունենայ ականջացնցուղի վիրաւորումը

Խմբագրել

1. Օտար մարմինի մը գոյութեամբ.

2. Ականջացնցուղը շարունակ ուժգին մաքրելով.

3. Արտաքին ֆիզիքական հարուածով.

4. Լողալով եւ սուզուելով.

Թմբկաթաղանթի Հիւանդութիւններ

Խմբագրել

ա. Թմբկաթաղանթի մանրէական բորբոքում, որ կը յառաջանայ ականջացնցուղի կամ միջին ականջի բորբոքումներու պատճառով. ականջահոսքը թարախային է:

բ. Թմբկաթաղանթի այտուցային բորբոքում (myringitis bullosa), որ ժահրային բորբոքում մըն է. ականջահոսքը շիճուկային է:

Քունքոսկր

Խմբագրել

Քունքոսկրի սուր եւ յարատեւ բորբոքումները կը զարգանան միջին ականջի սուր եւ յարատեւ բորբոքումներու պատճառով: Քունքոսկրի բորբոքումով տեղի կ՛ունենայ սուր կամ յարատեւ ականջահոսք նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:

Ներքին Ականջ

Խմբագրել

Ներքին ականջի բորբոքումը կը զարգանայ, երբ միջին ականջի բորբոքումը տարածուի ներքին ականջ: Ականջահոսք տեղի կ՛ունենայ նախապէս ծակած թմբկաթաղանթէն:

Գանկային Պատճառներ

Խմբագրել

Գանկի հարուած-վնասով կը յառաջանայ գանկային եւ ներքին ականջի ոսկրային կոտրուածք, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենայ ուղեղաջուրի կուտակումը ներքին եւ միջին ականջներուն մէջ։ Ուղեղաջուրի կուտակումով կը բարձրանայ ականջախոռոչային ճնշումը, որ պատճառ կը դառնայ թմբկաթաղանթի ծակելուն եւ ուղեղաջուրի ականջահոսքին:

Ականջահոսքին ախտաճանաչումը բացայայտ է: Սակայն պէտք է կատարուի անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումը: Հետեւաբար պէտք է կատարուի ախտաճանաչումի հետեւեալ գործընթացը.

ա. Լսել հիւանդին պատմականը, որ խիստ կարեւոր է, օրինակ`

1. Ականջացաւ, որ կ'անհետանայ ականջահոսքէ ետք, կը մատնանշէ միջին ականջի բորբոքում.

2. Ականջահոսք, որ կը պատահի լողալէ ետք, կը մատնանշէ ականջացնցուղի բորբոքում.

3. Ականջահոսք, որ կը պատահի օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին եւ լեռ մագլցելու եւ լեռնէն իջնելու ընթացքին, կը մատնանշէ միջին ականջի անակնկալ եւ սուր բորբոքում.

4. Ջրանման մաքուր ականջահոսք, որ կը պատահի գլխու ուժգին հարուածէ ետք, կը մատնանշէ գանկային կոտրուածքի հետ ուղեղաջուրի կամ արիւնախառն ուղեղաջուրի հոսք.

5. Երկարատեւ, անցաւ եւ թարախային ականջահոսք` կը մատնանշէ միջին ականջի եւ կամ քունքոսկրի յարատեւ բորբոքում (mastoiditis).

6. Յարատեւ ականջահոսք, ուռեցք ականջին ետեւը, ականջացաւ եւ դէմքի անդամալուծութիւն` կը մատնանշեն միջին ականջի եւ քունքոսկրի միատեղ յարատեւ բորբոքում:

բ. Քննել` 1. Հիւանդին ականջը ականջադիտակով (otoscope)` տեսնելու համար ականջացնցուղի եւ թմբկաթաղանթի անբնական երեւոյթները.

2. Հիւանդին քիթը, կոկորդը եւ բերանը:

գ. Կատարել`
Խմբագրել

1. Ականջահոսքի ախտաբանական քննութիւն.

2. Գլխու եւ ականջի տեսակաւոր նկարահանումներ, օրինակ` պարզ Ք-ճառագայթային (x-ray), մագնիսարձագանգային (MRI) եւ համակարգչային շերտագրական (CT scan) նկարահանումներ: Ականջահոսքի դարմանումը կը հիմնաւորուի անոր հիմնական ախտապատճառին դարմանումովը: Այսինքն հիմնական ախտապատճառին ախտաճանաչումը նախ կը կատարուի եւ ապա անոր դարմանումը կը կիրարկուի, որպէսզի վերջ դրուի ականջահոսքին:

Միջին ականջը եւ կամ թմբկախոռոչը կը տեսնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով

Խմբագրել
Ա. Միջին ականջի բորբոքումներ.
Խմբագրել
Միջին ականջի եւ կամ թմբկախոռոչի բորբոքումը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան շատ աւելի տեսնուած է երեխաներու մօտ։ Անոր ախտապատճառը լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի վատառողջ վիճակն է, ինչպէս նաեւ մանկական ժահրային զանազան հիւանդութիւնները։ Քիթի, քթաըմբանի եւ լսափողի մանրէական բորբոքումները տարածուելով միջին ականջ՝ կը յառաջացնեն թմփկախոռոչի բորբոքում։ Մանկական ժահրային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը հարուածեն մանուկներուն միջին ականջը եւ կը յառաջացնեն միջին ականջի ժահրային բորբոքում։
Խմբագրել

Որեւէ մէկ հիւանդագին կացութիւն եւ կամ երեւոյթ, որ կը տեսնուի քիթի եւ քթաըմբանի մէջ, կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը լսափողին վրայ. ան կը խցուի եւ եւ միջին ականջի օդաճնշաչափը կը բարձրանայ ու կարճ ժամանակաշրջանէ մը ետք, կը յառաջանայ միջին ականջի բորբոքում։ Քիթի եւ քթաըմբանի խցումը տեղի կ՛ունենայ գերզգայնութեամբ, զանազան տեսակի բորբոքումներով, խլիրդով, պարզ ուռերով, գեղձուռոյցքով (adenoids) եւ խորշապատի (nasal septum) ծուռութեամբ։ Յաճախ նշիկներու եւ գեղձուռոյցներու բորբոքումը կը հարուածէ լսափողն ու միջին ականջը, եւ տեղի կ՛ունենայ լսափողաբորբ եւ միջին ականջի բորբոքում։ Լսափողի երկարատեւ բորբոքումը պատճառ կը դառնայ անոր խցումին։ Մանուկներու մօտ լսափողին բորբոքումը յաճախակի է, որովհետեւ անոնց լսափողը փոխանակ շեղակի ըլլալու, կը գտնուի հորիզոնական դիրքի վրայ, եւ այս իսկ պատճառով, մանուկին քթաըմբանէն սննդանիւթերու կտորիկներ դիւրաւ կը մտնեն լսափող եւ կը յառաջացնեն լսափողաբորբ, ինչպէս նաեւ միջին ականջի բորբոքում։ Սրուակով սնանուող մանուկներ աւելի հակամէտ են միջին ականջի բորբոքումներու։

Միջին ականջի բորբոքումները կրնան ըլլալ՝

Խմբագրել

ա. Թարախային եւ կամ ոչ թարախային.

բ. Սուր եւ կամ մնայուն-երկարատեւ.

գ. Մանրէական, սնկային եւ ժահրային.

Միջին ականջի պարզ բորբոքումը կրնայ զարգանալ եւ վերածուիլ հեղուկային բորբոքումի, որ կրնայ ըլլալ թարախային եւ կամ ոչ թարախային։ Հեղուկային բորբոքումի զարգացումով թմբկախոռոչը կը կուտակուի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկով եւ օդի պղպջակներով. ականջաթաղանթը կը կորսնցնէ իր բնական երեւոյթը. ան կը կարմրի եւ կը ցցուի դէպի դուրս. հիւանդը կը տառապի ցաւէ, լսողական կորուստէ, ականաջաբզզիւնէ, գլխապտոյտէ, ջերմութենէ, դողէ, փսխուքէ եւ ծամելու դժուարութենէ։ Յաճախ միջին ականջին մէջ կուտակուած հեղուկին ճնշումով թմփկաթաղանթը կը ծակի եւ տեղի կ՛ունենայ շիճուկային, արիւնաշիճուկային եւ կամ թարախային ականջածորանք-հոսք։

Սուր բորբոքումի պարագային, դարմանումը կ՛ըլլայ դեղերով՝ թմբկաթաղանթի ծակումով (myringotomy), միջին ականջի շիճուկային եւ կամ թարախային հեղուկի վերացումով եւ ստեղծուած թմփկաթաղանթի ծակին մէջ արուեստական պզտիկ խողովակի մը զետեղումով։ Ստեղծուած թմբկաթաղանթի ծակը ընդհանրապէս կը սպիանայ եւ որոշ ժամանակ մը ետք ինքնաբերաբար կը գոցուի։

Միջին ականջի բորբոքումի եւ անոր ախտապատճառներու հիմնական դարմանումի ձախողութեամբ կը յառաջանայ մնայուն-երկարատեւ ականջաբորբ, որուն ախտանշաններն են՝ թմբկաթաղանթի մնայուն բացուածք-ծակ, յարատեւ թարախահոսք, միջին ականջի ոսկրիկներու անշարժացում եւ կամ փտտում ու լսողական մնայուն կորուստ, նաեւ ականջաբզզիւն եւ գլխապտոյտ։ Մնայուն ականջաբորբի դարմանումը կը կարօտի երկարաշունչ եւ հետեւողական միջոցառումի՝ հակամանրէական դեղերու եւ վիրաբուժական գործողութեան։ Թմբկաթաղանթի մնայուն ծակը կը վերակազմուի վիրաբուժական գործողութեամբ՝ կատարելով մաշկային պատուաստում (myringoplasty)։

Մնայուն ականջաբորբը կրնայ տարածուիլ ներքին ականջ եւ հարուածել լսողական եւ հաւասարակշռութեան օրկանները, որոնք կը յառաջացնեն խլութիւն, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։ Քիչ պարագաներու, բորբոքումը կը տարածուի պտկաձեւ ելուստ (mastoid) եւ կը յառաջանայ պտկաձեւ ելուստի բորբոքում ու փտտում, որ կը դարմանուի միայն վիրաբուժական գործողութեամբ։ Շատ քիչ պարագաներու նաեւ բորբոքումը կը տարածուի ականջի սահմաններէն դուրս եւ կը հասնի ուղեղ, ուր կրնայ տեղի ունենալ խելապատատապ (meningitis) եւ ուղեղատապ։

Երկարատեւ ականջաբորբի հետեւանքով, միջին ականջի երեք ոսկրիկները կը փտտին, կ՛անջատուին իրարմէ եւ կամ կ՛անշարժանան. այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, հիւանդը կ՛ունենայ զանազան աստիճանի եւ զօրութեամբ լսողական փոխանցման կորուստ։

Միջին ականջի բորբոքումը կրնայ յառաջանալ նաեւ մեր շրջապատի օդաճնշումի անակնկալ փոփոխութեամբ, որ կը պատահի սուզուելու, ընկղմելու, լեռ մագլցելու եւ օդանաւով ճամբորդելու ընթացքին։ Բոլոր պարագաներուն ալ, լսափողը կը խցուի եւ կը յառաջանայ միջին ականջի անակնկալ սուր բորբոքում։

Միջին ականջի սուր բորբոքումը եւ երկարատեւ ականջաբորբը վերջնականապէս կը վերանան միայն ու միայն հիմնականօրէն դարմանելով լսափողի, քիթի եւ քթաըմբանի հիւանդագին երեւոյթները ու գերզգայնութիւնը։

Բ. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու հարուածային վնասով տեղի ունեցած ձայնային ալիքներու հաղորդակցութեան խանգարում եւ լսողական կորուստ։
Խմբագրել

Այս կացութիւնը կարելի է դարմանել վիրաբուժական գործողութեամբ մը։

Գ. Միջին ականջի ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis).
Խմբագրել

Միջին ականջի երեք ոսկրիկները կրնան վնասուիլ ոսկրապնդացումով, սակայն առաւելաբար երրորդ ոսկրիկն է, որ կ՛անշարժանայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ, ապա տեղի չունենար ձայնային ալիքներու փոխանցումը դէպի ներքին ականջ ու կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Ոսկրապնդացումը կը հարուածէ ժողովուրդին 1%ին մէկ կամ երկու ականջները։ Ան առաւելաբար կը տեսնուի միջին տարիքի մարդոց քով եւ հաւասարապէս երկու սեռերուն մէջ։ Լսողական կորուստը կը վերականգնի վիրաբուժական գործողութեամբ մը, ուր անշարժացած ոսկրիկը կը փոխարինուի կերպնկալ արուեստական ոսկրիկով մը։

Դ. Ոսկրիկներու ընդոծին անբնական արատներ, որոնցմէ կարելի է յիշել ոսկրիկներէն մէկ կամ մէկէ աւելի ոսկրիկի չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ ոսկրիկներու անբնական եւ այլանդակ զարգացումը։ Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, կը յառաջանայ լսողական փոխանցման կորուստ։ Վիրաբուժական գործողութեամբ մը կարելի կ՛ըլլայ վերակազմել ոսկրիկներու բնական շարուածքը։
Խմբագրել
Ե. Լաւորակ ուռեր, պոլոպներ, որոնք կը զարգանան միջին ականջի բորբոքումներով եւ գերզգայնութեամբ։ Այս ուռերը արգելք կը հանդիսանան ոսկրիկներու ազատ շարժումներուն եւ ձայնային ալիքներու դէպի ներքին ականջ փոխանցման, որոնք պատճառ կը դառնան լսողական փոխանցման կորուստի։
Խմբագրել
Զ. Չարաղէտ ուռեր-քաղցկեղ, որոնք կը գործեն լաւորակ ուռերու նման։
Խմբագրել

Վերոնշեալ բոլոր ուռերու վիրահատումով կարելի կ՛ըլլայ վերահաստատել լսողութիւնը եւ չէզոքացնել ականջաբզզիւնը։

Է. Զարկերակային պզտիկ ուռեր, որոնք կը տեսնուին թմբկաթաղանթին ետին՝ իբրեւ փափախուն ուռեր. անոնք կը յառաջացնեն ականջաբզզիւն եւ քիչ պարագաներու՝ լսողական կորուստ։ Այս զարկերակային ուռերուն վիրահատումով կ՛անհետանայ ականջաբզզիւնը եւ լսողութիւնը կը վերադառնայ բնականին։
Խմբագրել
Ը. Մթնոլորտի ճնշումի փոփոխութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած խխունջի վնաս-հարուած, որ կը պատահի սուզուելու եւ կամ լեռ մագլցելու, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին։ Ծովեզերեայ օդի ճնշումը կը կրկնապատկուի, երբ ծովու մակերեսէն 10 մեթր վար իջնենք, իսկ երբ ծովու մակերեսէն 600 մեթր վեր բարձրանանք, օդի ճնշումը կը նուազի կէսով։ Այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով կը յառաջանայ միջին ականջի սուր բորբոքում, ականջացաւ, լսողական փոխանցման եւ ընկալական կորուստ, գլխապտոյտ եւ ականջաբզզիւն։
Խմբագրել

Օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երկու տարբեր կացութիւններ՝

Խմբագրել

ա. Ելքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը բարձրանայ, թմբկաթաղանթը կը ցցուի դէպի դուրս եւ միջին ականջի օդը եւստաքեան խողովակէն կ՛ուղղուի դէպի քթաըմբան։

բ. Էջքի ընթացքին՝ միջին ականջի ճնշումը կամաց-կամաց կը նուազի, թմբկաթաղանթը կը քաշուի դէպի ներս եւ օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի եւստաքեան խողովակէն։

Երկու պարագաներուն ալ ենթական կրնայ ունենալ ականջացաւ, միջին ականջի սուր բորբոքում, թմբկաթաղանթի պատռուածք եւ շիճուկային եւ կամ արիւնաշիճուկային ականջահոսք։ Այս բոլորը աւելի զգալիօրէն կը տեսնուին էջքի ընթացքին։ Օդանաւային ճամբորդութեան առնչութեամբ յանձնարարելի է ճամբորդութեան ընթացքին շարունակ կլլելու փորձ ընել եւ կամ ձիւթ ծամել. իսկ հարբուխ եւ զանազան պատճառներով քիթի խցում ունեցողներ՝ օդանաւով պէտք չէ ճամբորդեն։

Աղբիւր

Խմբագրել

Հայրենիք շաբաթաթերթ, Տօքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 6 Ապրիլ 2018

Տե'ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Qureishi A, Lee Y, Belfield K, Birchall JP, Daniel M (10 January 2014)։ «Update on otitis media - prevention and treatment.»։ Infection and drug resistance 7: 15–24։ PMID 24453496։ doi:10.2147/IDR.S39637 
  2. Minovi A, Dazert S (2014)։ «Diseases of the middle ear in childhood.»։ GMS current topics in otorhinolaryngology, head and neck surgery 13: Doc11։ PMID 25587371։ doi:10.3205/cto000114 
  3. 3,0 3,1 3,2 Drake Richard L., Vogl, Wayne, Tibbitts, Adam W.M. Mitchell, illustrations by Richard, Richardson, Paul (2005)։ Gray's anatomy for students։ Philadelphia: Elsevier/Churchill Livingstone։ էջեր 855–856։ ISBN 978-0-8089-2306-0 
  4. Mitchell Richard L. Drake, Wayne Vogl, Adam W. M. (2005)։ Gray's anatomy for students։ Philadelphia, Pa.: Elsevier։ էջ 858։ ISBN 978-0-8089-2306-0 
  5. Mitchell Richard L. Drake, Wayne Vogl, Adam W. M. (2005)։ Gray's anatomy for students։ Philadelphia, Pa.: Elsevier։ էջեր 864–867։ ISBN 978-0-8089-2306-0 
  6. Coker TR, Chan LS, Newberry SJ, Limbos MA, Suttorp MJ, Shekelle PG, Takata GS (17 November 2010)։ «Diagnosis, microbial epidemiology, and antibiotic treatment of acute otitis media in children: a systematic review.»։ JAMA 304 (19): 2161–9։ PMID 21081729։ doi:10.1001/jama.2010.1651 
  7. Lieberthal AS, Carroll AE, Chonmaitree T, Ganiats TG, Hoberman A, Jackson MA, Joffe MD, Miller DT, Rosenfeld RM, Sevilla XD, Schwartz RH, Thomas PA, Tunkel DE (March 2013)։ «The diagnosis and management of acute otitis media.»։ Pediatrics 131 (3): e964–99։ PMID 23439909։ doi:10.1542/peds.2012-3488 
  8. «Otitis Media: Physician Information Sheet (Pediatrics)»։ cdc.gov։ November 4, 2013։ արտագրուած է՝ 14 February 2015 
  9. van Zon A, van der Heijden GJ, van Dongen TM, Burton MJ, Schilder AG (12 September 2012)։ «Antibiotics for otitis media with effusion in children.»։ The Cochrane database of systematic reviews 9: CD009163։ PMID 22972136։ doi:10.1002/14651858.CD009163.pub2 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 20 Փետրուար 2015:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  • Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ, «Հիւանդի ականջների խնամքը»: