Գէորգ Դաւիթեան (տնտեսագէտ)
Գէորգ Դաւիթեան (23 Մայիս 1899 - ՞ ), հայ տնտեսագէտ եւ հրապարակագիր:
Գէորգ Դաւիթեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 23 Մայիս 1899 |
Մասնագիտութիւն | Տնտեսագէտ եւ հրապարակաագիր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԴաւիթեան ծնած է 1899 Մայիս 23-ին: Փոքր տարիքէն ունեցած է մտաւորական ըլլալու ցանկութիւն եւ հետաքրքրուած՝ արդարութեան, մարդկութեան, ազգին եւ աղքատներու իրավիճակով: Այս գաղափարները, յետագային, մեծ ազդեցութիւն ունեցած են անոր գործունէութեան վրայ:
Հայրը՝ Պաղտասար, Քէմախի (Կամախ) Բագառիճ գիւղէն, հաստատուած է Սերպիոյ մէջ։ Ընտանեկան պարագաները եւ Պալքանեան պատերազմները Դաւիթեանին թոյլ չեն տար իր ուսաումը շարունակելու կիմնազիոնին մէջ։ Սակայն ան, շարունակ կը կարդայ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ:
Պատերազմէն ետք, եղբօր Սերոբին հետ, արտասահման կը գաղթէ: Երթալով Զուիցերիա, կը լծուի աշխատանքի: Այնտեղ կը շարունակէ իր երկրորդական ուսումը, ապա կ՛աւարտէ Ժընեւի ընկերային եւ տնտեսական գիտութեանց համալսարանը:
Գործոունէութիւն
ԽմբագրելՏակաւին ուսանող, ան կ՛աշխատակցի զուիցերիական թերթերու, սակայն երբ Պելկրատ կը վերադառնայ, կը ստիպուի նախ աշխատիլ դրամատան մը մէջ, ետքը զբաղիլ վաճառականութեամբ. միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով՝ Եուկոսլաւ եւ արտասահմանեան կարգ մը թերթերու: Այս բոլորին զուգահեռ, Պելկրատի առեւտրական վարժարանէն ներս, ուսուցչական պաշտօն կը վարէ:
1930-ին ան եղած է Պելկրատի տնտեսագէտներու ընկերակցութեան հիմնադիրներէն մէկը. հիմնադրութենէն ետք կը վարէ քարտուղարի պաշտօնը, ետքը փոխ նախագահի պաշտօնը եւ 1934-էն ետք նախագահի պաշտօնը:
1931-ին կը հիմնէ «Լա վի էքոնոմիք է ֆինանսիէռ» հանդէսը եւ դառնայ անոր խմբագրապետը, որուն մէջ կը հրատարակէ կր աշխատութիւններուն մեծ մասը:
1933-ին կը կոչուի Եուկոսլաւ «Արթիգինալ» ընկերութեանց համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղարութեան, ապա՝ տօրէնութեան պաշտօն, զոր չորս տարի կը վարէ:
1937-ին կը կոչուի Եուկոսլաւ համագործակցական շարժման գերագոյն կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօն:
1938-ին, մնայուն անդամ կ՛ընտրուի,Փարիզիհամագործակցական ուսումնասիրութեանց միջազգային հաստատութեան:
Աղբիրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939 Պուքրէշ, հատոր Դ., էջ 609 - 610: