Կամախ
Կամախ, Դարանաղի գաւառին մէջ, Երզնկայէն հարաւ-արեւմուտք, Եփրատի ձախ ափին, Թանաձոր վտակին վրայ, պատմական Անի-Կամախ բերդաքաղաքն է եւ անցեալին մեհենական դպրութեան կեդրոն եւ թագաւորներու գերեզմաննոց եղած է:
Գիւղ | |
---|---|
Կամախ | |
Երկիր | Թուրքիա |
Արեւմտեան Հայաստանի Կամախ գիւղաքաղաքը հին ժամանակ ամրոց եղած է Անի անունով, յիշատակուած է նաեւ իբրեւ բերդ, բերդաքաղաք։ Ոմանք Անի այդ անունը ծագած կը համարեն Անահիտ աստուածուհիի անունէն, որուն պաշտամունքը լայն տարածում ունեղած է հեթանոսական շրջանի Հայաստանին մէջ։ Պարսպապատ հինաւուրց բերդին մէջ կային կիսաւեր եկեղեցիներ, գետնափոր անցքեր եւ իշխանական ապարանքներու մնացորդներ: Մեծ Եղեռնի նախօրեակին ունէր 550 տուն թուրք եւ 50 տուն հայ բնակիչ: Կամախի եւ Երզնկայի ու շրջակայքի բնակիչներէն շատեր 1915-ին կոտորուեցան Կամախի կիրճին մէջ[1]:
12-13րդ դարերէն ետք Անի ամրոցը չէ յիշատակուած եւ վերանուանուած է Կամախ, որ կոչուած է նաեւ Անի-Կամախ՝ մայրաքաղաք Անիէն տարբերելու համար։ Կամախ անուան ծագման եւ իմաստաւորման մասին նոյնպէս գոյութիւն ունին տարբեր վարկածներ։
Կամախը կը գտնուի Արեւմտեան Եփրատի ձախ ափին, Երզնկա քաղաքէն 42-44քմ հարաւ-արեւմուտք, լերան վրայ։
Ք.Ա. 4-1 դարերուն Անի-Կամախը Փոքր Հայքի կեդրոնն էր եւ Մեծ Հայքին միացուած էր Տիգրան Բ․–ի օրօք, Ք.Ա. 66 թուականին։ Յետագային այն Մեծ Հայքի Բարձր Հայք աշխարհի Դարանաղի գաւառի գլխաւոր բերդն ու կեդրոնը եղած է։
Պատմամշակոյթային կողթողներ
ԽմբագրելԱնի-Կամախը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ նախ եւ առաջ յայտնի էր իբրեւ Արտաշէսեան ու Արշակունի թագաւորներու յայտնի ամրոցներէն մէկը։ Այստեղ պահուած է անոնց արքունական գանձերու մէկ մասը։
Անի–Կամախին մէջ կը գտնուէր նաեւ Արշակունի թագաւորներու գերեզմանոցը։ Անի–Կամախի գանձարանը կողոպտուած է 369 թուականին, Շապուհ Բ․-ի գլխաւորութեամբ Հայաստան արշաւած պարսկական զօրքերու կողմէ։
19-20րդ դարերուն Կամախ սովորական գաւառական բնակավայր եղած է, 1872—1873 թուականներուն ունեցած է 2000 հայ եւ թուրք բնակիչ, 20-րդ դարու սկիզբը անոր բնակչութեան թիւը կը հասնէր 15000 անձի, որուն մօտաւորապէս կէսը կը կազմէին հայերը։
1915-ի մեծ Եղեռնէն ետք այլեւս հայեր չէին մնացած, միայն 2-3 տարի անց ընդամէնը 100 կամախցի հայ տարագիրներ կրկին վերահաստատուած են իրենց հայրենի քաղաքը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-27
- ↑ «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Կամախ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-01-16։ արտագրուած է՝ 2023-03-27