Գէորգ Եազըճեան
Ծնած է 1961
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանան եւ Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ելեկտրական ճարտարագէտ՝ Մագիստրոսի աստիճան պատուոյ յիշատակութեամբ: Պատմագիտութեան թեկնածուի աստիճանի՝ դոկտոր

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Գէորգ Եազըճեան ծնած է 1961-ին,Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ։ Երկրորդականը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան–Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Երկու տարեշրջան զուգահեռաբար ուսանած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ։ 1980–1986-ին՝ կը հետեւի Երեւանի Փոլիթէքնիք Հիմնարկի Ուժանիւթի Բաժանմունքի դասընթացներուն ու կը վկայուի որպէս ելեկտրական ճարտարագէտ, արժանանալով Մագիստրոսի աստիճանին՝ պատուոյ յիշատակութեամբ։ 1986-ի աշնան կ՚ընդունուի Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունքը՝ հետեւելու հայ ժողովուրդի պատմութեան մասնագիտութեան:

Աշխոյժ մասնակցութիւն կ՚ունենայ Արցախեան Շարժումին, որուն պատճառով ալ երկրէն կ'արտաքսուի 1988-ի Հոկտեմբերին[1]։ «Կամաւորներու «Ազգային Լեգէոն» ջոկատի կազմին մէջ մասնակցած է 44-օրեայ պատերազմին Քարվաճառի շրջանին մէջ»:

1994-ին կը հաստատուի Երեւան, ուր կը ծաւալէ լրագրական, խմբագրական, հասարակական ու բանասիրական բեղուն գործունէութիւն։

1997-ին հայցորդ կը դառնայ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայոց Պատմութեան Ամպիոնին՝ գիտական ղեկավարութեամբ ամպիոնի վարիչ, ակադեմիկոս Լենդրուշ Խուրշուտեանի։ 2001-ի ամառը փայլուն կերպով կը պաշտպանէ թեկնածուական թէզը ՀՀի Գիտութիւններու Ազգային Կաճառի Պատմութեան Հիմնարկին մէջ՝ «Հայաստանի Պարբերական Մամուլը 1985–1991 Թուականներին» նիւթով ու կ'արժանանայ պատմագիտութեան թեկնածուի աստիճանին (արեւմտեան աշխարհի դոկտորայի համազօր)[2] «Այս աստիճանէն կը հրաժարի 2001-ի Փետրուարին, բողոքելով հայոց լեզուի պղծումին դէմ, երբ նոյն դատակազմը քննութեան կ՛ընդունի ՀՀ-ի ակադեմական հայագիտական հիմնարկի մը տնօրէնին օտարալեզու ատենախօսութիւնը»:

1988–1989-ին կը վարէ Հայկական Ժողովրդային Շարժումի «Երկաթէ Շերեփ», 1990–94-ին՝ «Սփիւռք», 1990–92ին՝ «Սատա Արարատ» (արաբերէն) պաշտօնաթերթերուն խմբագրութիւնը։

Պատմագիտական զեկուցումներով մասնակցած է գիտաժողովներու եւ գիտական սեմինարներու։ Ունի քանի մը հրատարակուած մենագրութիւններ, թարգմանութիւններ, բազմաթիւ գիտական ու սումնասիրութիւններ, գրախօսականներ եւ հրապարակագրական յօդուածներ։ Խմբագրած է ուրիշ հեղինակներու 150-է աւելի գիրքեր, որոնք կ՚առընչուին հայագիտական տարբեր ոլորտներու։

1998–2003–ին մաս կազմած է «Ազգայնական Ակումբ»ի Խորհուրդին, Ակումբի «Դարձ» պարբերականի եւ «Ազգայնական Միտք» մատենաշարի խմբագրութեանց։

2003–2004–ին հինգ ամիս աշխատած է Հ.Հ.ի կառավարութեան առընթեր «Նորավանք» հետազօտական–վերլուծական հիմնարկին մէջ, մասնակցելով անոր «XXI Դար» հանդէսի առաջին երեք համարներու խմբագրութեան։ «Խմբագրած է նաեւ Հայկական Ժողովրդային Շարժումի Հայաստանի ներկայացուցչութեան «Շրջադարձ» (2004-2005) եւ «Նոր Սփիւռք» (2019-2020) պարբերականները: 2021-էն անդամ է «Հայկազուններ» Համահայկական Միաբանութեան նոյնանուն պարբերականի խմբագրակազմին:

Հրատարակուած մենագրութիւններ Խմբագրել

  • «Հայաստանի Պարբերական Մամուլը 1997թ. Առաջին Քառամսեակին (Մատենագիտական Ամփոփագիր)», Երեւան, 1997
  • «Հայաստանի, Լ.Ղ.Հ.ի եւ Ա.Պ.Հ.ի Երկրների Հայկական Պարբերական Մամուլի Նորեկները 1997-ին», Երեւան, 1998
  • «Հրաւէր Դէպի Արցախ», հրատարակիչ՝ Թորոս Թորանեան, Հալէպ, 2003 (ուղեգրութիւն)
  • «Հայաստանի 1985-1991 Թուականներու Պարբերական Մամուլը, (Գէորգ Մելիտինեցի մրցանակով Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած (2004), Անթիլիաս, Լիբանան [3]
  • «Կարսի 1920 թուականի անկման խորքային պատճառները»: Ունեցած է երեք հրատարակութիւն՝ Երեւան՝ 2008 եւ 2009, Մոնրէալ՝ 2019:
  • «Խեղաթիւրման տեխնոլոգիան», Երեւան,2008:

Կազմած, ծանօթագրած եւ հրատարակած/հրատարակուած գործեր Խմբագրել

Կազմած, ծանօթագրած եւ հրատարակած/հրատարակուած փաստաթուղթերու ժողովածուներէն գլխաւորներն են.

  • «Կեանքը նամակագրութեան մէջ -- Լեւոն Հախվերտեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի Նամակագրական Երկխօսութիւնը», Երեւան, 2008, 429 էջ:
  • «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան -- ԺԶ. հատոր -- Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեան (1908-1994)», Երեւան, 2008, 1376 էջ:
  • «Սփիւռքահայ Քաղաքական Հոսանքներն Ու Գաղութները Խորհրդային Գաղտնի Փաստաթուղթերու Մէջ (1945-1991, Ընտրանի)», Երեւան, 352 էջ:
  • «Ոգու Չապաւինելու Արդիւնքը», Երեւան, 2002 (պատմութիւն)
  • «Զգուշացէ՛ք Կեղծ Բարեկամներից», Երեւան, 2002 (պատմութիւն)

Թարգմանած եւ հրատարակուած գործեր Խմբագրել

  • Ճոն Կիրակոսեան, «Երիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ – Ընդդէմ Պատմութեան Թրքական Կեղծարարութեան», Պէյրութ, 1987 (թարգմանութիւն ռուսերէնէ), Պէյրութ, 1987 (թարգմանութիւն ռուսերէնէ)
  • «Լեռնային Ղարաբաղ – Պատմական Տեղեկանք», Պէյրութ, 1988 (թարգմանութիւն ռուսերէնէ արաբերէնի)
  • Հաննա Մինա, «Կեռաս Բերան», Երեւան, 2004 (պատմական հենքով վէպ, թարգմանութիւն արաբերէնէ)

Անդամակցութիւն Խմբագրել

  • «Հայկազուններ» հասարակական կազմակերպութիւն
  • «Նոր Հայաստան,Նոր Հայրապետ» շարժում
  • «Ազգային Լեգէոն» ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութիւն

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Գէորգ Եազըճեան մեր ժողովուրդի «անտրամաբանական» ըլլալուն մէջ կը գտնէ անոր գոյատեւման գաղտնիքը
  2. Յազըճյան Գևորգ Գրիգորի, Պատմականգիտությունների թեկնածու
  3. Գէորգ Եազըճեան