Գէորգ Կէրկէրեան
Գէորգ Կէրկէրեան (, Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա - Մայիս 1907, Լիբանան), հայ բժիշկ։
Ծննդավայր | Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա |
---|---|
Մահացած է | Մայիս 1907 |
Մահուան վայր | Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Կիւրին: Անոր ծնողները եղած են՝ Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերէզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ:
Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ, վայելած է հօրեղբօրորդի Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ անոր շնորհիւ կրցած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:
Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ուզունեան Ազգային նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց «Սեն Փոլ» քոլէճը: Կիլիկիոյ պարպումին վերադարձած է Պէյրութ, ապա յաճախած է Ֆրէրներու «Սաքրը Քէօր» քոլէճը: Եղած է քոլէճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Քոլէճին վեց տարուան դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուան ընթացքին եւ յաջողած է ֆրանսական բժշկական բաժանմունքի մուտքի քննութեան:
Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ ունեցած եւ արժանացած է քանի մը պատուոյ մրցանիշներու։ Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք նշանակուած է «Հօթէլ Տիէօ» հիւանդանոցի Extern, Interne, եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն:
Մասնագիտացած է քիթ-կոկորդ-ականչ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ, ապա ընդունուած է «Սաքրը Քէօր» հիւանդանոց, իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ եւ վայելած է փրոֆ. «De Peyrelongue du Negrier»-ի նման հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը:
1941ին ստանձնած է նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն վարած է երկար տարիներ:
1947-48ին, բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մեկնած է Փարիզ եւ վեց ամիսներու մէջ կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը:
Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու:
Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան եւ անդամ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանի Բժշկական միութեան, հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է միութեան վերելքին՝ գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է միութեան ճանաչումը՝ լիբանանեան պետութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել հայկական հիւանդանոցի մը հաստատութեան Պէյրութի մէջ:
Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին։
Շքանշաններ եւ գնահատականներ
ԽմբագրելԱռ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան, որպէս օտար բացառաբար արժանացած է «O.R.L.» Գիտական միութեան պատուոյ անդամի տիտղոսին, որ իր տեսակին առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:
Արժանացած է Լիբանանի կառավարութեան «Chevaller du Merite des Cedres»-ի շքանշանին, երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2023-07-07։ արտագրուած է՝ 2023-07-19
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մինասեան Պետրոս, «Պատմագիրք Կիւրինի», Պէյրութ, 1974։
- Հարպոյեան բժիշկ Կարպիս, անձնական ծանօթութիւն որպէս գործակից բժիշկ։
- «Երիտասարդ Հայ» պարբերաթերթ, «Հայկական Հիւանդանոց – Տոքթ. Գէորգ Կէրկէրեան Կը Խօսի», Պէյրութ, Լիբանան, 30 Սեպտեմբեր 1972:
- Ազդակ» օրաթերթ, «Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը», 2 Փետրուար 2013:
- «Ազդակ» օրաթերթ, «Տոքթ. Գ. Կէրկէրեան Եւրոպա Մեկնեցաւ», 9 Հոկտեմբեր 2012: