Գէորգ Վիշապեան (բուն անուն՝ Սարգիս Քէչեան, 1884, Կեսարիա, Թուրքիա - 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։ Նախնական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ։ Առեւտրական գործով կը մեկնի Իզմիր եւ կը մտնէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։ 1906-ին ռումբի պայթումի մը հետեւանքով փախուստ կու տայ եւ կ’ապաստանի Եգիպտոս։ Իր բացակայութեան ընթացքին, կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան եւ տաժանակիր աշխատանքներու։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Եգիպտոսէն կը վերադառնայ Կեսարիա, ուր կը շարունակէ յեղափոխական գործը, իբրեւեւ հասարակական գործիչ։ Իր ընկերները փրկելու համար, կը վերցնէ անոնց դէմ բանաձեւուած բոլոր մեղադրանքները եւ կը դատապարտուի մահուան։ 2 Յունիս 1915-ին բանտին մէջ կ’ենթարկուի բազմատեսակ դժուարութիւններու ու ապա կախաղան կը բարձրանայ։

Գէորգ Վիշապեան
Ծննդեան անուն Սարգիս Քէչեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել