Գիշերային Ժամերգութիւն

Գիշերային ժամերգութիւն Ժամերգութիւնները ամբողջ օրուան ընթացքին կատարուող այն եկեղեցական արարողութիւններն են, որոնք կը պարունակեն աղօթքներ, քարոզներ, մաղթանքներ, շարականներ եւ սաղմոսներ: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ունի եօթը ժամերգութիւններ:

Եօթը Ժամերգութիւններ

Խմբագրել
  • Գիշերային ժամերգութիւն
  • Առաւօտեան Ժամերգութիւն
  • Արեւագալի Ժամերգութիւն
  • Ճաշու ժամերգութիւն
  • Երեկոյեան Ժամերգութիւն
  • Խաղաղական Ժամերգութիւն
  • Հանգստեան Ժամերգութիւն

Ամէն օր եօթը ժամերգութիւն կը կատարուի ըստ Դաւիթ Մարգարէի այն խօսքին, որ կ'ըսէ.

Օրը եօթն անգամ կ'օրհներգեմ քեզ, արդար դատաստաններուդ համար (Սղ 119.164):

Իւրաքանչիւր ժամերգութիւն նուիրուած է Երրորդութեան երեք դէմքերէն մէկուն: Անոնցմէ ամէն մէկը ունին նմանութիւններ  եւ տարբերութիւններ: Ընդհանրապէս ժամերգութիւններուն կառոյցը իրարու նման են: Այսինքն, Իւրաքանչիւր ժամերգութիւն կը սկսի Տէրունական աղօթքով (Մտ 6.9-13): Որուն կը յաջորդէ սաղմոս, քարոզ, աղօթք, մաղթանք, շարական եւ կ'աւարտին դարձեալ Տէրունական աղօթքով:

Գիշերային Ժամերգութիւն
Խմբագրել

Գիշերային ժամերգութիւնը կը կատարուէր Դ. Դարէն: Գիշերային ժամերգութիւնը կը կատարուէր կէս գիշերին կամ առաւօտ շատ կանուխ՝ արեւը տակաւին չծագած: Ժամերգութիւնը գիշերը կատարելու գաղափարը առնուած է Դաւիթ մարգարէէն, երբ մարգարէն կ'ըսէ.

Գիշերուան կէսին կ'ելլեմ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու քեզի, արդար դատաստաններուդ համար (Սղ 119.62):

Այսօր պայմաններու բերումով կը կատարուի առաւօտ՝ արեւածագէն ետք: 

Գիշերային ժամերգութիւնը կը կատարուի ի դէմս Հօր Աստուծոյ: Նախամարդուն պատուիրանազանցութեան փոխարէն՝ մարդը, առաւօտուն վաղ ժամերուն Աստուծոյ դիմաց կը կանգնի իր մեղքերուն թողութիւն ստանալու համար: Ժամերգութիւնը կը սկսի «Տէր Եթէ զշրթունս իմ բանաս բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո» սաղմոսով (Սղ 51.15): Սաղմոսին կը յաջորդէ Սուրբ Երրորդութեան ուղղուած փառաբանանքը՝ «Օրհնեալ համագոյ...»: Փառաբանանքին կը յաջորդեն չորս սաղմոսներէ բաղկացած «Տէր զի բազում» սաղմոսը: Յիշեալ սաղմոսը կը բաղկանայ չորս սաղմոսներէ: Առաջինը՝ Սաղմոս 3.1-18, երկրորդը՝ 87.1-19, երրորդը՝ 102.1-22, իսկ չորրորդը՝ 142.1-12, որոնք ամբողջութեամբ կը կազմեն 64 համարներ: Սաղմոսի ընթացքին հաւատացեալները կը դիմեն Հօր Աստուծոյ, որ իրենց թշնամիներուն դիմաց, զիրենք՝ տկար բնութիւն ունեցողներուն օգնական ըլլայ: Ապա իրենց նեղութիւնները «կը պատմեն» Հօր Աստուծոյ, որմէ ետք Աստուծոյ սկզբնական խնամքը յիշելով դրախտին մէջ, իրենզ անձերը կը քաջալերեն:

Սաղմոսին կը յաջորդեն «Զարթուցեալքս» կոչուած մեծ քարոզը եւ «Զքէն գոհանամք» աղօթքը, որոնք կը պատկանին Սուրբ Յովհաննէս Մանդակունի հայրապետին: Քարոզի ընթացքին հաւատացեալները կը խնդրեն Աստուծմէ, որ խաղաղութեամբ անցընեն գիշերուան երկրորդ կէսը: Առաւել, քարոզը կը պատուիրէ պահել պատուիրանները, որպէսզի մարդ կարենայ ժառանգել այն պատրաստուած վայրը, ուրկէ արտաքսուեցան Ադամն ու Եւան:

Եկեղեցական Մեծ Աղօթքներու Բաժանում

Խմբագրել

Եկեղեցական մեծ աղօթքները բաժնուած կ'ըլլան երկու մասերու, որոնք իրարու կը միանան «Խաղաղութիւն ամենեցուն Աստուծոյ երկիրպագեսցուք» բառերով: «Զքէն գոհանամք» աղօթքին իմաստը կը համապատասխանէ նախորդ քարոզին՝ «Զարթուցեալքս»ին իմաստին: Աղօթքը շնորհակալական խօսք է առ Աստուած, որ գիշերը հանգիստ անցած է եւ կ'աղօթեն, որ Աստուծոյ Սուրբ Աջն ու հովանին անպակաս ըլլայ իրենց վրայէն ամբողջ օրուան ընթացքին, արժանանալու համար երկինքի արքայութեան: Մանդակունի Հայրապետին այս նշանաւոր քարոզն ու աղօթքը մնայուն ներկայութիւն եղած են գիշերային ժամերգութեան մէջ:  

Քարոզին ու աղօթքին կը յաջորդէ «օրհնութիւն»ը: Օրհնութիւնը Գիշերային ժամերգութեան ընթացքին երգուող շարականն է: Շարականը կը սկսի «Օրհնեսցուք զՏէր զի փառօք է փառաւորեալ» (Ելք 15.1) բառերով: Այս տողը արտասանուած է Մովսէս մարգարէին քրոջ՝ Մարիամի բերնով, երբ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդը Կարմիր Ծովէն կ'անցընէ մեծ հրաշքով եւ կը խորտակէ Եգիպտացիներուն բանակը: Եկեղեցին եւս, անմարմին փառաւոնէն՝ չարէն ազատագրուելով, կ'երգէ յաղթանակի երգը իբրեւ Քրիստոսով յաղթած նոր ժողովուրդ: Օրհնութիւնները բաժնուած են զանազան խումբերու.

  • Ապաշխարութեան օրհնութիւններ,
  • հանգստեան օրհնութիւններ,
  • մարտիրոսաց օրհնութիւններ,
  • Աւագ օրհնութիւններ,
  • յատուկ Սուրբերու նուիրուած օրհնութիւններ եւ այլն:

Իւրաքանչիւր օրհնութիւն ունի իր ձայնը (Աձ, Ակ, Բձ, Բկ, Գձ, Գկ, Դձ, Դկ) եւ իւրաքանչիւր օրուան ձայնին համեմատ կ'երգուի օրուան շարականը:

Օրհնութիւններուն կը յաջորդէ «Մաղթանք»ը: Անիկա կարճ աղօթք մըն է, որ կ'արտասանուի աւագ հոգեւորականին կողմէ: «Մաղթանք»ները կը բաժնուին երեք մասերու.

  • Տէրունեաց,
  • Սրբոց,
  • Պահոց:

«Մաղթանք»ները կ'ըսուին ի դէմ Որդի Աստուծոյ, բացի Հոգեգալստեան մաղթանքէն, որ ուղղուած է Հոգի Աստուծոյ:

Մաղթանքին կը յաջորդեն չորս մեծ քարոզները, որոնք կը պատկանին Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին: Քարոզները բաժնուած են չորս մասերու եւ իւրաքանչիւրը կ'ըսուի ըստ օրուան յարմարող ձայնին: Այսպէս.

  • Քարոզ՝ «Վասն ի վերուստ խաղաղութեան» Բկ եւ Դկ
  • Քարոզ՝ «Վասն ի գիշերի եւ ի տուընջեան» Աձ եւ Գձ
  • Քարոզ՝ «Վասն ուղղելոյ զգնացս մեր» Ակ եւ Գկ
  • Քարոզ՝ «Վասն գտանելոյ մեզ զշնորհ» Բձ եւ Դձ

Իւրաքանչիւր սաղմոս կը սկսի «Եւ եւս խաղաղութեան զտէր աղաչեսցուք բառերով»: Իւրաքանչիւր քարոզ ունի իրեն յաջորդող յատուկ աղօթք մը: Այս քարոզներուն եւ աղօթքներուն ընդմէջէն կը խնդրուի Հօր Աստուծմէ, որ հաւատացեալները պահէ երեւելի եւ աներեւոյթ փորձանքներէն, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի խաղաղութիւն:

Քարոզին եւ աղօթքին կը յաջորդեն «թագաւոր յաւիտեան»ը կամ» «Ալէլուք» շարականը: Անոնք կ'երգուին ըստ օրուան տօնին: «Թագաւոր յաւիտեան» շարականը կը բաժնուի երկու խումբերու՝ պահոց եւ մարտիրոսաց: Մարտիրոսաց օրերուն շարականին ընդմէջէն կը յիշատակուի օրուան սուրբին անունը անոր բարեխօսութիւնը խնդրելու համար: Իսկ Տէրունական տօներուն կ'երգուի «Ալէլուք»ը: Անոնք ուրախութեան, գոհունակութեան եւ փառաբանութեան արտայայտութիւններ են: «Ալէլուք» բառը յառաջ եկած է եբրայերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ օրհնեցէք Տէրը:

«Թագաւոր յաւիտեան» կամ «Ալէլուք» շարականներէն ետք, դարձեալ Տէրունական աղօթքով կ'աւարտի Գիշերային ժամերգութիւնը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ժամագիրք Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ, Անթիլիաս, 1986:
  • Հայ Ծիսական Պաշտամունքը, Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 2001:•
  • Ծիսական Գիտելիքներ, Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեան, Բ. Տպագրութիւն, Անթիլիաս-Լիբանան, 2000:
  • Աստուածապաշտութիւն Հայաստասնեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, Անթիլիաս, 2010: