Գիւղացի Կանանց Միջազգային Օր

Գիւղացի կանանց միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day of Rural Women), Հոկտեմբեր 15-ր կը յիշատակուի որպէս Գիւղացի կանանց միջազգային օր։

Գիւղացի Կանանց Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր[1]
Ամսաթիւ 15 Հոկտեմբեր[1]
սկսած 1997[2]
Հաստատուած 18 Դեկտեմբեր 2007[3]
Ի յիշատակ Mujer Rural?[4]
Կայք un.org/es/observa…(սպան․)
un.org/en/observa…(անգլերէն)

Պատմութիւն

Խմբագրել

1995 թուականին, Փեքինի մէջ՝ Չինաստան, ՄԱԿ-ի Կանանց 4-րդ միջազգային համագումարին ընթացքին առաջարկուած է Հոկտեմբեր 15-ը յիշատակել որպէս գիւղացի կանանց միջազգային օր։ Սակայն տօնն հաստատուած է 2008 թուականի Դեկտեմբեր 18-ին[5], 136/62 որոշումամբ[6][7]: Օրը կոչուած է յիշեցնելու, թէ որքա՛ն շատ բաներու համար հանրութիւնը պարտական է գիւղացի կնոջն ու անոր կատարած աշխատանքին[8]:

Ըստ վիճակագրութեան` գիւղացի կանայք աշխարհի բնակչութեան մէկ քառորդէն աւելին կը կազմեն: Անոնք մեծ ներդրում ունին արդիւնաբերութեան եւ գիւղական համայնքներուն կայուն զարգացման ընթացքին մէջ։ Գիւղական միջավայրերու մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենան տարբեր միջոցառումներ[9]:

Տօնը Հայաստանի Մէջ

Խմբագրել

Տօնը տարբեր միջոցառումներով կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Ըստ Հայաստանի հանրապետութեան աշխատանքային աղբիւրներուն, գիւղատնտեսական ոլորտը կը զբաղեցնէ շուրջ 37,1 %-ը, որնցմէ 58.7 %-ը կանայք են, հետեւաբար կանայք կը հանդիսանան գիւղատնտեսութեան զարգացման առաւել կարեւոր մասնիկը[10]։

2013 թուականի Հոկտեմբեր 15-ին, այս օրուան առթիւ, Սիրահարներու այգիին մէջ տեղի ունեցած է «Գիւղմթերքների արտադրութեան ոլորտի կին հերոս-2013» մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը, անոր զուգահեռ կազմակերպուած է գիւղատնտեսութեան ոլորտի հերոս կանանց մասին պատմող գրքոյկի շնորհանդէս եւ անոնց կողմէ արտադրուող գիւղմթերքներու ցուցահանդէս:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել