Գոհարիկ Շիրինեան
Գոհարիկ Շիրինեան (1863, Պոլիս - 1917), հայ թատերական գործիչ, երգչուհի եւ պարուհի:
Գոհարիկ Շիրինեան | |
---|---|
Ծնած է | 1863 |
Ազգութիւն | Հայ |
Աշխատավայր | Թատերական Գործիչ, պարուհի, երգչուհի |
Ամուսին | Գալէա |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳոհարիկ փոքր տարիքէն եղած է տաղանդաւոր աղջնակ մը, եւ այդ պատճառով ալ ինը-տասը տարեկանին զինք Վարդովեանի մեծ թատերախումբը կը մտցնեն՝ մանկական դերեր խաղալու համար:
1873-ին կ՛անդամագրուի դերասանակազմին ու 1874-ի սկիզբը բեմ կ՛ելլէ Փոքրիկ Հենրիկոսի դերով: Ժամանակի ընթացքին, մանկական դերէն կ՛անցնի պատանուհիի, երիտասարդուհիի եւ ապա սիրուհիի դերերուն: Մինչեւ 1877 Գոհարիկ Վարդովեանի թատերախումբին մէջ կը մնայ իբրեւեւ դերասանուհի եւ իբրեւեւ պարուհի:
Թատերախաղերուն մէջ Գոհարիկ քանքարաւոր դերասանուհի էր։ Ան օժտուած երգչուհի էր (սոփրանօ) ինչպէս նաեւ՝ խումբին լաւագոյն պարուհին:
1878-ին- երբ ռուս բանակը կը գտնուէր Ադրիանապոլիս, Գոհարիկ եւ կարգ մը այլ դերասանուհիներ մեկնած էին նոյն քաղաքը, ուր ոմանք կը մեներգէին, իսկ ուրիշներ միարար կատակերգութիւններ կը ներկայացնէին: Այս շրջանին վրայ կը հասնի Սերովբէ Պէնկլեան, որուն նորակազմ օփերէթի խումբին մաս կը կազմէ Գոհարիկ, եւ եւրոպական օփերէթներ կը ներկայացնեն: Գոհարիկ այս խումբին հետ կը մեկնի Սան-Սթեֆանօ, ուր եւրոպական օփերէթներու կողքին ռուս զինուորականներուն կը ներկայացնեն Ջուհաճեանի օփերէթները: Այս նոյն խումբով Գոհարիկ կը մեկնի նաեւ Մերսին ու Ատանա ու կը մասնակցի բոլոր թատերապտոյտներուն, ուր նաեւ կը ստանձնէ սոփրանոյի դերերը:
Կ.Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ եւ Սելանիկի մէջ Գոհարիկ միշտ ալ հերոսուհիի դերը խաղցած է, ինչպէս օրինակ՝ «Լէպլէպիճի»-ի Ֆաթիմէն, «Քէօսէ»-ի Կիւլը, «Արիֆ»-ի Մերեէմը, «Կրան Մոկոլ»-ի Փրէնս Մինեափուրին, «Լէ պրիկան»-ի Ֆիորէլլան, եւ այլն: 1885-ին, Պէնկլեանի 58 հոգինոց խումին հետ Գոհարիկ կը մեկնի Եգիպտոս՝ իբրեւեւ երկրորդ սոփրանօ, մինչեւ 1886-87: Այս թատերապտոյտներուն ընթացքին Գոհարիկ կ՛ամուսնանայ նուագախումբին ղեկավար եւ թատերախումբի վարչութեան անդամ՝ օտարազգի Գալէայի հետ:
Պէնկլեանի խումբի քայքայումէն ետք, Գոհարիկ կ՛անդամակցի Մնակեանի թատերախումբին, դարձեալ հերոսուհիի դերեր ստանձնելով, ինչպէս օրինակ՝ Ֆրու-ֆրու եւ Քլէր:
1892-ին Պոլիսի մէջ վերսկսած էին հայերէն ներկայացումները եւ զանազան վայրերու մէջ թատերախաղեր կը բեմադրուէին ինչպէս օրինակ Բերա, Սկիւտար եւ Գատըգիւղ: Այս ձեռնարկները կը կազմակերպուէր Միքայէլ-Երանոց Ջափրաստի կողմէն իսկ Գոհարիկ կանացի գլխաւոր դէմքը կը խաղար թատերախումբին մէջ։ Այս թատերախումբին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գոհարիկի քոյրը՝ Արաքսին:
Մայիս 1892-ին, նպաստի ներկայացում մըն ալ կը տրուի Գոհարիկի համար, եւ Պոլսահայ մամուլին մէջ հետեւեալը կը կարդանք.
Այս բոլորէն ետք Գոհարիկ Շիրիմեան ամբողջ տասը տարի կը հեռանայ բեմական ասպարէզէն:
Տասը տարի ետք, 1903-ին, Ռէշատ Ռըտվանի նախաձեռնութեամբ եւ հանրածանօթ կատակերգակ Միքայէլ-Երանոս Ջափրաստի դերասանապետութեամբ կատակերգութեան թատերախումբ մը կը կազմուի, որ տասէ աւելի ֆրանսական նոր կատակերգութիւններ կը ներկայացնէ, որոնց գլխաւոր դերակատարուհին կ՛ըլլայ Գոհարիկ Շիրինեան: Ան իր իւրայատուկ տեղը կ՛ունենայ ոչ թէ միայն իբրեւեւ երգչուհի, պարուհի եւ դերասան, այլ նաեւ իբրեւեւ առաջնակարգ սուպրէթ, հետեւեալ դերերով՝ Սիլվան («Բարֆէն»), Վալանթին («Թուփինէլի այրիները»), Ժէրմէն Ժէրա («Մոքրուաները»), Լէոնթին («Պարոնը կ՛երթայ որսի»), Բաքրէթ տը Գլովաժօ («Տիւրան-Տիւրան»), Գլորէնթ տը Ֆոնթէպլա («Մատամ Մոնկոտէն»), Աննէթ («Ընտանեկան Երջանկութիւնը»): Այս խումբին գործունէութիւնը կը տեւէ հազիւ երեք ամիս, քանի որ կազմակերպութիւնը հովանաւորող թուրք թատերագէտ, բեմադրիչ ու դերուսոյց Ռէշատի հայրը՝ Ռըտվան փաշա, որ Պոլսոյ քաղաքապետն էր, զայրացաւ իր զաւակին վրայ եւ փակել տուաւ Պոլսոյ թատրոնները:
1909-10-ին Գոհարիկ մաս կը կազմէ Արշակ Պէնլեանի կազմած օփերէթի խումբին, Քամէրի դերով («Լէպլէպիճի»): Ան իր գործունէութիւնը աւարտած էր իբրեւեւ երգչուհի եւ պարուհի, որովհետեւ արդէն մօտեցած էր յիսուն տարեկանին, եւ կ՛որոշէ վերջնականապէս քաշուիլ բեմէն: Գոհարիկ Շիրինեան կը մահանայ 1917-ին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Թատերական Դէմքեր», Նշան Պէշիկթաշլեան, Հրտրկ. Գէորգ Մելիտինեցի Գրական մրցանակի թիւ 4, էջ 895-900։