Գորշ Գայլեր (առասպել)

Պոզ քուրթ (Մոխրագոյն գայլ) (ազրպ.՝ Boz Qurd, թրք.՝ Boz Kurt), առասպել, որ տարածուած է թրքախօս ազգերու շրջանին մէջ[1]: Գայլին մորթին կախարդական ուժին մասին կը խօսուի հին գրաւոր աշխատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Տիմոֆէյ Քազլըի Ե. դարու գործերը, Նաժիպ Համատանի գործերը (Ժ. դար):«Եթէ գայլի մորթէն պատրաստեն թմբուկ եւ անով նուագեն, ապա մնացած բոլոր թմբուկները շարքէն դուրս պիտի գան: Եթէ գայլին մորթը քաշեն աղեղի վրայ եւ ձգեն աղեղալարը, ապա միւս աղեղալարերը պիտի կոտրին»: Այն էր պատճառը, որ թուրք զինուորները յարձակման ժամանակ գայլի ոռնոց արձակած են, որ թշնամիին մօտ սարսափ յառաջացուցած է: Այդպէս անոնք դիւրութեամբ յաջողութեան հասած են: Իրականութեան մէջ, թուրքերը երբեք չեն օգտագործած սպաննուած գայլի մորթ, քանի որ այդ գործողութիւնը պիտի նկատուէր թապուի խախտում եւ կրնար մղել արտակարգ պատահարներու: Տիմոֆէյն ու Նաժիպ Համատանը նկարագրած են շամաններու թմբուկները եւ աղեղները, որոնք պատրաստուած են գայլի մորթէ՝ հիմնուելով միայն օղուզներու հաւատալիքներուն վրայ: Վերջիններուս մօտ մոխրագոյն գայլի պաշտամունքը եղած է բարձրագոյն մակարդակի վրայ:

Թուրքերու խորհրդանիշ հանդիսացող գորշ գայլը

Պաշքիրներու անուան ծագումնաբանութեան վարկածներէն մէկը հետեւեալն է. պաշքորտ կը նշանակէ «գայլերու առաջնորդ»[2]: Բացի անկէ, Պուրեն (գայլ) պաշքիրական ցեղերէն մէկն է[3]:

Թուրքերու ծագումը եւ գայլի պաշտամունքը

Խմբագրել

Գորշ գայլեր ազգայնական կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է. «Ամէն կրթուած մարդ, որ չ'ընդունիր Գորշ գայլը, կը նշանակէ, որ չի ճանչնար, կը ժխտէ ազգային պատմութիւնը, իսկ իր ազգն ու ազգութիւնը չյարգողը՝ ոչ ոք կը յարգէ»[4]: Չինական աղբիւրներէն մէկուն մէջ կայ առասպել մը, որուն համաձայն[5].«...թուրքերու նախնիները բնակած են Արեւմտեան ծովուն արեւմտեան ափին: Թուրքերուն կը ջարդեն Լին անունով երկրի բանակները: Կը սպաննեն բոլորը, բացի 10-ամեայ տղայէ մը, որուն Լին երկրի զինուորները կը խղճան, ձեռքերն ու ոտքերը կտրելով՝ կը նետեն ճահիճի մը մէջ: Իմանալով այդ մասին, Լին երկրի տիրակալը կը հրամայէ զայն նոյնպէս սպանել, որ թուրքերու արմատը վերջնականապէս կտրուի... Թշնամիի զօրքերը երեխան գտնելու համար ճամբայ կ'իյնան: Բայց էգ գորշ գայլ մը, երեխայի ծոծրակէն ատամներով բռնելով, կը փախցնէ Ալթայ եւ կը պահէ անոր քարանձաւին մէջ: Գայլը, լիզելով վիրաւոր տղուն վէրքերը, կը բուժէ զայն: Ան երեխան կը պահէ Ալթայի անտառոտ լեռներուն վրայ: Տղան շուտով կ'ամուսնանայ այդ գայլին հետ: Կը ծնին 10 երեխաներ, որոնք ալ, ուրիշ աղջիկներու հետ ամուսնանալով, կը բազմանան, բանակ կը ստեղծեն, կը յարձակին Լին երկրի վրայ եւ կը լուծեն նախնիներու վրէժը: Կը ստեղծուի հզօր պետութիւն մը: Եւ խաները, իրենց նախնիներու մօր՝ էգ գայլի յարգանքէն դրդուած, իրենց զարդարուած վրաններուն առջեւ գայլի գլուխով դրօշակ մը կ'ամրացնեն»: Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ

Գորշ գայլեր ազգայնական կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ նշուած է, որ իբրեւ թէ թուրքերը հին երկաթագործներ են[6]: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «...Թրքութիւնը չէ մոռցած եւ կը պահպանէ իր ազգային արժէքները եւ խորհրդանիշները: Թուրք ազգայնականները երբեք պիտի չմոռնան եւ պիտի շարունակեն պահել զանոնք: Մինչեւ երկրի կանգ առնելն ալ՝ լուսին ու աստղ պատկերող կարմիր դրօշը պիտի շարունակէ ծածանիլ երկինքին մէջ, ու գորշ գայլը պիտի շարունակէ մնալ որպէս թրքութեան անկախութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշ»: Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ

Գայլի պաշտամունք

Խմբագրել
 
Գորշ գայլը 5 լիրիանոց թղթադրամի վրայ

Ազրպէյճանցիները մինչեւ օրս կը հաւատան, որ գայլը կրնայ ե՛ւ չարութիւն ե՛ւ բարութիւն բերել: «Իմ պապ Կոկուտի գիրքը» աշխատութեան մէջ նշուած են որոշ ասացուածքներ եւ հաւատալիքներ. «Գայլին տեսնելը յաջողութեան նշան է», «Գայլին հանդիպիլը յաջողութեան նշան է, իսկ սեւ կատուին՝ տհաճութիւն: Երկակի վերաբերմունք կայ նաեւ ոչխարի նկատմամբ: Գայլի տոտեմի մասին Վ. Հապիպ օղլին կը գրէ, որ «Ազրպէյճանի մէջ գայլի պաշտամունքը եղած է բարձրագոյն մակարդակի վրայ եւ մեծ տարածում ունեցած է»: Սակայն այս վկայութիւնը շատ վիճելի է, քանի որ ոչ մէկ օրինակ, որոնք կը բերուին ազրպէյճանական, թրքական եւ միջինասիական մշակոյթէն չի հաստատուիր այս փաստը: Ըստ որուն, ազրպէյճանական մշակույթին մէջ չկայ որեւէ աւանդապատում, ուր նշուած է, որ գայլը կը հանդիսանայ ազգի ծագման հիմքը: Այստեղ գայլը կ'իրականացնէ ուղեկցորդի, ուղեցոյցի գործառոյթ: Գայլը կ'իրականացնէր առաջնորդի գործառոյթ, որ կը փրկէ թուրքերը վերացումէ եւ զանոնք կ'առաջնորդէ անապատային տարածքներէն դէպի բերքառատ երկիրներ[7]:

Գորշ գայլի խորհրդանիշը հետագային կիրարկուած է նաեւ Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ: Աթաթուրքի կառավարման տարիներուն թրքական դրամի վրայ առկայ եղած է գորշ գայլը, ինչ որ հիմք հանդիսացած է թուրք ազգայնականներուն համար Աթաթուրքըը որակել որպէս «Գորշ գայլական»[8]:

Ազըրպէյճանի առասպելներուն մէջ գայլի նկատմամբ վերաբերմունքը երկակի է: Մարդագայլերը, որոնք գայլի տեսք ունին, դաժան են եւ արիւնարբու: Համաձայն հին հավատալիքի՝ Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Եթէ երեկոյեան կինը բակ դուրս գայ առանց ծածկուած գլխու, ապա կրնայ փոխակերպուիլ էգ գայլի՝ Զալհայի: Զալհան ունեցած է յատուկ հագուստ: Երեկոյեան ան հագած է այդ զգեստները եւ որսի դուրս եկաղ մարդկանց նկատմամբ: Վերադառնալով, ան հանած է իր հագուստները եւ դարձեալ փոխակերպուած է մարդու:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Հմայախօսքերու մէջ գայլը անջատման, երկպառկութեան նշան է: Կայ հավատալիք, որուն համաձայն՝ Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Եթէ գայլի իւղ քսէք կնոջ հագուստին վրայ, ապա ամուսինը պիտի վիճի անոր հետ, պիտի ատէ զայն եւ պիտի բաժնուի անկէ, եւ հակառակը, եթէ իւղը քսէք ամուսինին հագուստին, ապա զայն պիտի ատէ եւ պիի բաժնուի կինը:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Գայլը կը հանդիպի նաեւ ասացուածքներու մէջ: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Կերակրող մօր կուրծքի ուռեցքի պարագային, անհրաժեշտ է գայլի թաթով երեք անգամ խփել կուրծքին, եւ ուռեցքը կ'իջնէ:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Եթէ անպտուղ կնոջ լոգցնեն ջուրին մէջ, ուր նախապէս գցուած է օձի կաշի եւ գայլի գանկ, ապա ան կրնայ յղանալ:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Այսպիսով, գայլը ժողովրդական յիշողութեան մէջ կը ներկայացուի տոտեմի եւ հակատոտեմի տեսքով: Ասացուածքներուն եւ շուտասելուկներուն մէջ աւելի յստակ է գայլի երկակի բնոյթը:

Բարի գայլի կերպար

Խմբագրել

Ազրպէյճաներէն հատուածի տառադարձում:

Կուրկ կուրտա արխա չեւիրմեզ,
Կուրտ էտի կուրտա հարամտըր,
Կուրտ ուրէյիի իեյիպ,
Կուրտտան կուրտ թորէյեր:
Կուրտ կարանլըկ սեւեր:
Կուրտ ուզու մուպարեքտիր:

Բառացի թարգմանութիւն:

Գայլը մէջքով չի կանգնիր գայլին,
Գայլը գայլի միս չ'ուտեր,
Ան կերած է գայլի սիրտը:
Գայլը գայլ կը ծնի:
Գայլը մթութիւն կը սիրէ:
Գայլը յաջողութըւն կը բերէ:

Գայլի չարութեան մասին

Խմբագրել

Ազրպէյճաներէն հատուածի տառադարձում:

Կուրտ տումանլը իեր ախտարար:
Կուրտա կոյուն թաշփըրմաղ օլմազ
Կուրտա սեն թիքմեք, յըրթմաղ անասընընը փեշեսիտիր:
Կուրտու էւտէ սախլամաղլա եւ խայվանը օլմազ:
Կուրտուն ուզու աղ օլսայտը, կուտդուզ չոլէ չըխարտը:

Բառացի թարգմանութըւն:

Գայլը կը փնտրէ մշուշոտ վայր:
Գայլին կարելի չէ ոչխար վստահիլ:
Գայլին սորվեցուր կարել, իսկ քանդելը՝ իր մօր արհեստն է (քանդել ինքն ալ գիտէ):
Եթէ գայլին պահեն տան մէջ, ան ընտանի չի դառնար
Եթէ գայլը ըլլար ազնիգ, պիտի յայտնուէր օր ցերեկով:

Սակայն որոշ առասպելական հաւատալիքներու եւ առասպելներու մէջ գայլը կը ներկայացուի նաեւ որպէս չար ուժ: Այսպէս, գոյութիւն ունի առասպել մը, որուն համաձայն. Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Խանի բլուրի վրայ ապրելու ժամանակ եղած է Շարապանու անունով կին մը: Անգամ մը գիշերով Շարաբպնուն տաքցնելով ջուրը, լոգցած է բակին մէջ: Բացի այդ, կնոջ գիշերը կարելի չէ դուրս գալ բակ, անպայման դժբախտութիւն պիտի պատահի: Երբ Շարապանուն կը լոգնար, բան մը փայլեց, եւ ան սարսափահար վազեց տուն: Չկարողանալով հասնիլ տան դռներուն, անոր գլխուն ինկաւ գայլի մորթ: Կինը կերպարանափոխուեցաւ սոված գայլի եւ սլացաւ քաղաք՝ որսի: Չգտնելով բան մը՝ ան վերադարձաւ տուն: Անոր ամուսինը եւ երեխաները այդ ժամանակ քնացած էին: Ան կծեց եւ կերաւ կրտսեր երեխայի մատը եւ զգաց ատոր քաղցրութիւնը: Դուրս եկաւ տունէն, շրջեց եօթը գիւղ, ոչինչ գտաւ, վերադարձաւ տուն եւ կերաւ ամենափոքր երեխան: Առաւօտեան ամուսինը արթննալով՝ տեսաւ, որ նորածինը կերուած է, իսկ կնոջ բերանը արիւնոտ է: Ան հասկացաւ, թէ ինչ պատահած է նախորդ գիշեր: Ան կինը հանեց բակ եւ ծառին տակ սկսաւ զայն ծեծել: Շարապանուն կրցաւ դուրս պրծիլ եւ փախչիլ: Ժողովուրդը սկսաւ զայն կոչել Շարապանու էգ գայլ: Գիշերները ան կը շրջէր գիւղեր եւ գողնալով քանի մը երեխաներ, կ'ուտէր զանոնք: Յայտնուած է նաեւ մեր գիւղին մէջ: Ամառ էր: Հօրեղբօրս ընտանիքը քնացած էր տանիքը: Երբ գայլը գողցաւ զարմիկս, անոր մայրը արթնցաւ եւ գայլին դէմ սկսաւ կռուիլ: Աղմուկի վրայ մօտ վազեցին հարազատները եւ հարեւանները: Շարապանուն փախաւ, հասցնելով սակայն պոկել զարմիկիս այտը, որուն պատճառով անոր դէմքին վրայ խծապ (սպի) յառաջացաւ: Բոլորը սկսան հետապնդել զայն, սակայն, ձիերով անգամ չկրցան հասնել զայն: Շարապանուն շրջեց եօթը գիւղ, վերադարձաւ քաղաք, գիշերեց փլատակներու տակ: Երբեմն ան կը յայտնուէր նաեւ իր տան մօտ: Սակայն վախնալով ամուսինէն՝ տուն չէր մտներ: Անգամ մը մարդիկ հետեւեցան Շարապանուին, տեսան, որ ան հանած է գայլի մորթը եւ թաքցրած քարերու մէջ: Գաղտնիօրէն անոնք վերցուցին գայլի մորթը: Շարապանուն այդ ժամանակ հասկցաւ իսկութիւնը, սկսեց լալ, աղաչել, սպառնալ, որ իրեն վերադարձնեն հագուստը: Սակայն մարդիկ այրեցին զայն: Շարապանուն կորսնցուց գիտակցութիւնը, այնուհետեւ գիտակցութեան եկաւ: Այդ ժամանակէն սկսեալ ան դադրեցաւ գայլ ըլլալէ եւ երեխաները ուտելէ:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Որոշ ուսումնասիրողներ կը կարծեն, որ ազրպէյճանական եւ թրքական առասպելաբանութեան մէջ գայլի պաշտամունքի առկայութիւնը եւ ատոր կիրարկումը ամենաբարձր մակարդակով պայմանաւորուած է անով, որ Թուրքիոյ մէջ երիտասարդութեան շրջանին տարածուած է «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը[9]:

Գայլի կերպարը «Իմ Քորքութ պապի մասին գիրքը» աշխատութեան մէջ

Խմբագրել

«Քիթապի տէտէ Քորքութում» գայլը կը ներկայացուի որպէս դրական հերոս:

Էպոսի 11-րդ գլուխին մէջ Ղազան խանը կը նշէ, որ իր նախնիները գայլը կ'ընդունէին որպէս տոտեմ:

Թուրք-ազրպէյճանական հատուածի տառադարձում: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Էզվայ կուրտ էնուկի էրքեկինտէ պիր քոքում վար» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ

Բառացի թարգմանություն: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Ես գայլերոպ տոհմէն եմ, ով չգիտեր, թէ ինչ է վախը:» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ

Օղուզական էպոսի II գլուխին մէջ ալ[10] նկարագրուած է գայլի նկատմամբ մեծ սէրը եւ յարգանքը:

Թուրք-ազրպէյճանական հատուածի տառադարձում: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Կարա պաշըմ ղուրբան օլսուն, կուրտըմ, սանա» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ Բառացի թարգմանութիւն: Կաղապար:Քաղվածքի սկիզբ «Թող քու զոհդ ըլլալ սեւ գլուխս, ով Գայլ իմ» Կաղապար:Քաղվածքի ավարտ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Бозкурт - это... Что такое Бозкурт?»։ Словари и энциклопедии на Академике (ռուսերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  2. Владимир։ «Башкирские предания и легенды - Сокровища народов мира притчи басни мифы сказки легенды»։ sokrnarmira.ru։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-10-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  3. «Кто такие "Серые волки"?»։ www.istpravda.ru (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-21-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  4. NET Bozkurt։ «Bozkurt NET»։ bozkurt.net։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  5. Ավագյան Աշոտ (2013)։ Պանթուրքական երազանք կամ «Գորշ գայլեր»։ Երևան: «Ասողիկ» հրատարակչություն։ էջ 13։ ISBN ISBN 978-99941-2-834-1 
  6. NET Bozkurt։ «Bozkurt NET»։ bozkurt.net։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  7. «On the Trail of Turkey’s Terrorist Grey Wolves» 
  8. «Серые волки в Турции | ВОПРОСИК»։ ВОПРОСИК (ru-RU)։ 2015-12-11։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  9. «"Серые волки" в "овечьих" шкурах: почему их до сих пор не запретили в России? / Радиостанция "Вести FM" Прямой эфир/Слушать онлайн»։ radiovesti.ru (ռուսերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-05-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-10 
  10. , Большая советская энциклопедияКитаби деде Коркуд, հ. 30, Մոսկվա։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Научные исследования Академии Наук Азербайджанской Республики. Институт Востоковедение им. Зия Бунядова. V выпуск. № 1-2 — Баку, «Нурлан», 2003, с. 8-12.

Տես նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել